Գլխաւոր

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԷՆ …ՈՒՐՈՅՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Պատշաճ ճանաչման ազդանշան մը..ձայն մը հնչեց Մոնթէվիտէոյէն:

Անակնկալ չէր այդ հաստատումը, ի նպաստ Արցախին եւ անոր աննման ժողովուրդին:

Յիշատակելին այն է, թէ հեռաւոր Ուրուկուայն էր, որ ուրոյն քաջութիւնն ունեցած էր դրօշ պարզելու…Արցախի անկախութեան պատշաճ ճանաչման դրօշը, որ ինքնին կրնայ օրինակ դառնալ այլ երկիրներու:

Այսպէս անոնք ալ կրնան լրջօրէն…եւ արդարօրէն հետապնդել այս մօտեցման գործընթացը:

Անկանկալ  չէ՛ր Մոնթեվիտէոյի պետական մակարդակի այս որոշումը, որովհետեւ այս հեռաւոր վարչակազմին համար, յստակ եւ թափանցիկ է Արցախեան հիմնահարցը…հեռու բոլոր կեղծիքներէ, դարձ-դարձիկ մեկնաբանութիւններէ եւ յատկապէս քաղաքական շուկայական մօտեցումներէ եւ մութ հաշիւներէ:

Անակնկալ պիտի չըլլայ եթէ “պարանը քակուի“ եւ այլ երկիրներ ալ միանան Ուրուկուայի:

Բնակաբար Պաքուն եւ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը ձեռնծալ պիտի չմնան եւ ուստի դիմեն հակաքարոզչական արշաւի, նոյնիսկ հարցադրելով թէ մղոններ հեռու, Լատին Ամերիկայի այս ամէնէն աւելի փոքր երկիրներէն մէկը, որ կառոյցով իսկ տափակ ու հարթ ըլլալով, ի՞նչ յանդգնութեամբ մօտէն կը հետաքրքրուի կամ նոյնիսկ միջամուխ կ՛ըլլայ Կովկասեան բարձրաւանդակի հարցերով:

Սակայն արդեօք նոյնինքն ազերի հակաքարոզչական մեքենան չէ՞ որ, տարիներէ ի վեր բազմիցս գործի լծուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ լոպիինկի աշխատանք տանելով եւ ի նպաստ Պաքուի ձայներ հնձելով հեռաւոր Ինտոնեզիայէն կամ Սենեկալէն:

Բնականաբար նաեւ ցեխարձակումի տակ պիտի առնուի տեղւոյն Ուրուկուայահայ գաղութն ու անոր ետին կանգնող կառոյցները, ի մասնաւորի տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակը:

Տեղւոյն Արտաքին Գործոց նախարարին արտասանած բառերը ծամծմելու կարիքը չկայ:

Ան յստակօրէն կը շեշտէ թէ Արցախը պատմականօրէն Հայաստանի մէկ մասն է, եւ բնականաբար ժամանակն է ուսումնասիրելու պետական մակարդակով եւ որոշումով համաձայնութիւն կայացնելու եւ ճանչնալու հարցը:

Ուրոյն է …Ուրուկուայի պետական մակարդակի այս ազդանշանը:

 

“Հայրենիք“

Սեպտեմբեր 10, 2011

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button