ՓԱՍԱՏԵՆԱՅԻ «ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀՐՈՅ ՃԱՐԱԿ

0 0
Read Time:44 Second

Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններուն մէջ Յունուար 7-ին ծայր առած եւ տակաւին շարունակուող սաստիկ հովին պատճառով յառաջացած կատաղի հրդեհները պատճառ դարձած են հազարաւոր բնակիչներու կողքին՝ հազարաւոր հայ ընտանիքներու եւս տարհանման, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցներու քանդումին։ Այսպէս,  Փասատինա Ալթատինա թաղամասի «Սահակ-Մեսրոպ» հայկական վարժարանը եհրոյ ճարակ դարձած են։ Բազմաթիւ այլ շրջաններու՝ Լա Քանիատայի, Քրեսենթա հովիտի եւ Կլենտէյլի մէջ բնակող հայ համայնքներու հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց բնակարաններէն:

«Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ» դպրոցը հիմնուած է 1980 թուականին, աւետարանական համայնքի խումբ մը հաւատացեալ գործիչներու նախաձեռնութեամբ։ Ունի մանկապարտէզ եւ միջին բաժին։ Անգլերէնով դասաւանդուող պետական ծրագրին զուգահեռ կ՚ուսուցանուին հայոց լեզու, պատմութիւն, կրօն։

Ազգային առաջնորդարանը յայտարարած է, թէ Փասատինայի, Կլենտէյլի, Մոնթեպելլոյի եւ Էնսինոյի իր եկեղեցիները բաց են՝ ընդունելու համար այն ընտանիքները, որոնք ենթարկուած են տարհանման: Արեւմտեան Ամերիկայի Հ․Յ․Դ․-ի կեդրոնական կոմիտէն ալ տեղեկացուցած է, թէ խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ գտնուող իր կեդրոնները բաց են հրդեհին պատճառով ապաստանի կարիք ունեցողներուն առջեւ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles