Ո՛չ…Չափուած, ձեւուած, պատրաստուած ու հրամցուած չէր Արցախի Հանրապետութիւնը:
Ո՛չ ալ … Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին ստեղծուած ու պատրաստուած համեղ կարկանդակի տրամադրուած շերտ մըն էր, Կորպաչեւեան ձիւնհալներու եւ վերակառուցումներու օրերուն:
Ո՛չ… Սթալինի օրերէն իսկ, փորձուած էր Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս, համամիութենական տնտեսութեան ի հաշիւ “հաւասարակշռուած“ եւ “ներդաշնակ“ կացութիւն ստեղծել ու այդ մութ հաշիւներու արդիւնք` տէր ու տիրական հայութենէն խլուած էր աննման “Արցախ“ կոչեցեալ գանձը:
Արդ, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումը համեմատաբար ընթացաւ հեզասահ, պարագան նոյնը չէր Արցախի Հանրապետութեանը: …Մեր մորթին վրայ կը զգանք թէ, ինչ դաժան ու ահաւոր պայմաններու տակ, կարելի եղաւ ազատագրել աննման Շուշին եւ շրջակայքը:
Այո՛…հպարտօրէն կու գանք հաստատելու եւ վերյիշեցնելու թէ արեան գնով կերտուած է Արցախը, որուն հիմնահարցի բանակցային գործընթացի ոճը կը մնայ անփոփոխ: Եւ այսպէս այսօր կամ վաղը, բոլորովին տարբեր շահերէ մեկնած այս հարցին շուրջ համակարծիք պիտի ըլլան միջնորդական առաքելութեան համանախագահութիւնը ստանձնած Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան:
Միջազգային ընտանիքին եւ իրաւունքին լեզուով խօսելու եւ ըստ այնմ գործելու համար, դեռ աշխատանք կայ իրագործելիք ու կատարելիք, մանաւանդ որ միջազգային օրէնքով ամրագրուած ազգային ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման սկզբունքն է որ նկատի կ՛առնուի իբրեւ առաջնահերթութիւն:
Պաքուն միշտ ալ արգելք պիտի հանդիսանայ իր հետեւողական քարոզչական եւ լոպիինկի աշխատանքներով: Ակնյայտօրէն Ատրպէյճան ճիգ կը թափէ բանակցային գործընթացը Ե.Ա.Հ.Կ.-ի շրջանակներէն Մ.Ա.Կ. այլ “սեղաններ“ փոխադրելու, եւ սին ու սնոտին բանաձեւեր որդեգրելու, յերիւրածոյ հարցեր արծարծելու: Սակայն այս կէտը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան իրականութեան վրայ:
Ընդհակառակը, որքա՜ն Ալիեւներ փորձեն խծբծել, այնքա՜ն ալ իրենք պիտի խծբծուին:
Արեան գնով կերտուած Արցախի Հանրապետութեան քսանամեակն է…Փառք ու պատիւ բոլորին, յատկապէս զոհուած ազատամարտիկներուն:
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“
Սեպտեմբեր 4, 2011