Քրիստոսի Սբ. Ծննդեան նուիրուած շարականին այս խօսքերը դիւրութեամբ կրնան յարմարցուիլ Արցախի անկախութեան, ուրիշ խօսքով ծննդեան քսանամեակին:
Արցախը անկիւնադարձ մը եղաւ, Արցախը նորոգիչ մը եղաւ, Արցախը փրկութիւն մը եղաւ:
Որովհետեւ` եթէ Արցախեան շարժումը չըլլար, Հայաստանը հաւանաբար անկախութեան պատրաստ պիտի չըլլար, որովհետեւ` եթէ մենք ժամանակին չսկսէինք զայն, ապա մեր թշնամին ինքը նախայարձակողը պիտի ըլլար ու Արցախը պիտի պարպուէր հայութենէն, որովհետեւ` Արցախը դարերու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ո՛չ թէ հողի կորուստ էր, այլ վերատիրացում:
Առանց Արցախին եւ անոր հետ կապուած հերոսութեան անկարելի է պատկերացնել այսօրուան Հայաստանը:
Եթէ Հայաստանի անկախութեան անմիջական պատճառը Խորհրդային կայսրութեան փլուզումն էր, ապա Արցախինը մե՛ր, միայն մե՛ր հերոսական ճիգին արդիւնքն էր:
Ճիշդ է, որ քաղաքական պայմանները նպաստաւոր էին ու դուրսէն զինամթերք եւ ռազմավարական օգնութիւն ստացանք, բայց Արցախեան յաղթութեան գլխաւոր մղիչ ոյժը մենք եղանք: Օտարները եթէ մեր մէջ չտեսնէին իրենց արժանաւոր ռազմավարական գործընկերը, դժուար թէ մեզի հետ գործակցիլ ուզէին: Շրջափակման մէջ ապրողները մենք էինք ու էնք, կռուողները մենք էինք, զոհուողները մենք էինք…
Դարերէ ետք Արցախը անկիւնադարձ մը եղաւ Հայ-թրքական եւ Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն համար, որ իրենց էութեան մէջ նոյն բնոյթը ունին: Եթէ 1918-ի Մայիսեան յաղթանակները իրենց կարեւորութեան հանդերձ` 1920-ին չկրցան փրկել անկախ Հայաստանը, ապա Արցախեան յաղթութիւնը կա՛յ եւ տեւական է ու հեռու գացող հետեւանքներ ունի:
Արցախը ցոյց տուաւ, որ երբ մենք ներքնապէս զօրաւոր ենք, հաստատուն ենք, զոհողութեան պատրաստ, գիտենք համաձայնաբար եւ իմաստունօրէն աշխատիլ, այդ ժամանակ ամբողջ հաշիւները կրնան շրջուիլ եւ անկարելին` կարելի կրնայ դառնալ:
Այս պատճառով ու չնայած այն բանին որ բանակցութիւնները կարեւոր են, մեզի համար Արցախի հարցը լուծուած է, որովհետեւ գետնին վրայ յաղթանակը մերն է ու Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը ժամանակի հարց է միայն, չնայած մեր թշնամիին զառանցանքներուն:
Սակայն Արցախեան յաղթութիւնը վերջինը չէ եւ պիտի չըլլայ: Եթէ նոյն հետեւողականութեամբ եւ իմաստութեամբ շարժինք, եթէ քաղաքական ճիշդ կողմնորոշումները ունենանք ու եթէ ճիշդ զգանք ուր, երբ եւ ինչպէս, եթէ գիտնանք երբ յարձակիլ եւ երբ սպասել, ապա կանուխ թէ ուշ ուրիշ յաղթանակներ ալ պիտի ունենանք:
Հիմնականը այն է որ ՀՈԳԻՆ ունինք, այն ՀՈԳԻՆ որ մեզի հանգիստ չի ձգեր, այն ՀՈԳԻՆ որ մեզի միշտ լարուած կը պահէ, այն ՀՈԳԻՆ որ երբեք չի գիտեր յուսահատիլ:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
Արցախեան մեծ խորհուրդ
Խորհուրդ, որ գրաւականն է գալիք յաղթանակներուն: