Հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, “Երեւան փրոտաքշըն“ ընկերութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեակի առթիւ, լոյս ընծայած է որմազդներ ու լոզունգներ, իբրեւ կարգախօս ունենալով.-
“Հայաստանը դու ես“:
Սեպտեմբերի 21-ին պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնց կարգին, յատկապէս տողանցք-զօրահանդէսը, որուն պիտի յաջորդէ Երեւանի Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք “Հանրապետական մաղթանք“ը: Իսկ երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ ձայնալուսային-լսատեսողական ներկայացում եւ հրավառութիւն: Այս համերգին, պիտի մաս-նակցին Հայաստանի պետական “ֆիլհարմոնիք“ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ` Է. Թոփչեանի, Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը ղեկավարութեամբ` Յ. Չեքիճեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի պատւոյ պահակախումբի փողային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Ա. Պօղոսեանի, նաեւ “Փոքրիկ երգիչներ“ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Տ.Հեքէքեանի):
Սեպտեմբերի 21-ին պիտի նշուի նաեւ Երեւանի օրը: Մայրաքաղաքի բոլոր համայնքներէն ներս պիտի կատարուին ձեռնարկներ, տօնավաճառներ, երաժշտական համոյթներ:
Տօնակատարութիւններու առթիւ, յատուկ 20-րդ տարեդարձի առթիւ, գրուած “Հայաստանը դու ես“, “Իմ անունը Հայաստան է“ եւ “Արմենիա“ երգերու հիման վրայ, նկարահանուած է երաժշտական խտատեսիլներ եւ պաստառներ: “Հայաստանը դու ես“ երգը կը կատարեն երիտասարդ երգիչներ:
Երաժշտութեան հեղինակն է` Արմէն Մարտիրոսեանը, խօսք` Աւետ Բարսեղեանի:
“Իմ անունը Հայաստան է“ երգը կը կատարեն Ինգա եւ Անուշ Արշակեանները:
“Մաղթում եմ Հայաստանիս“ կարգախօսի ներքոյ նկարահանուել է նաեւ չորս խտասալիկներ: Երաժշտութեան հեղինակն է` Մանէ Յակոբեանը, խօսք` Աւետ Բարսեղեանի:
“Արմենիա“ երգի երաժշտութեան հեղինակն է` Արթուր Գրիգորեանը, խօսք` Անիթա Հախվերտեանի:
Տօնական օրերուն պիտի բացուի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նոր մասնաշէնքը, որ իր չափերով երեք անգամ կը գերազանցէ Մատենադարանի ներկայի շէնքը: Ժամանակակից սարքաւորումներով, այս մատենադարանը իր ճարտարապետական դիւրութիւններով եւ կառոյցով կը համապատասխանէ ամենախիստ պահանջներուն:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն ներս, կը բացուի “Հայաստանի երեք հանրապետութիւնները“ մեծ ցուցահանդէսը: Այս առթիւ, Հ.Հ կեդրոնական դրամատունը լոյս ընծայած է յատուկ արծաթեայ մետաղադրամներու` 300 օրինակով, իսկ միեւնյոն առթիւ, պիտի հրատարակուին քսանամեակին նուիրուած նամականիշեր: Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնը, արդէն իսկ պատրաստած է “Անկախութիւնը երեխաների աչքերով“ մանկական նկարներու համահայկական մրցոյթը: Երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը գրած է “Երդւում եմ հայրենիքիս“ յիշատակելի ստեղծագործութիւնը, որ պիտի կատարեն բազմաթիւ նուագախմբեր եւ երգչախմբեր:
Ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի նախագահ Գայեանէ Տուրկարեանի, անկախութեան հանդիսութիւններու ծիրին մէջ պիտի իրականացուին ցուցահանդէսներ, պետական խորհրդանիշներ հանրահռչակող նախաձեռնութիւններ, համերգներ, փառատօն, անկախութեան տարիներուն արուեստի տարբեր բնագաւառները ներկայացնող հրատարակութիւններ` հանրագիտարան, տեղեկատու եւ այլն, ինչպէս նաեւ պիտի նկարահանուին շարժանկարներ: Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ պիտի ներկայացուի “Անկախութեան գունապնակ“ խորագիրով անկախութեան տարիներու գեղանկարչութեան ցուցահանդէս: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռային ընկերութիւնը, Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան հետ միատեղ պիտի իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին մասնագիտական ձայնագրումը` տարբեր կատարումներով:
Տեղի պիտի ունենայ Երեւանի միջազգային օդակայանի նոր “թերմինալ“ի բացումը: Քսանամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ, ձեռնարկներ պիտի կատարուին արտերկրի մէջ: Յատկապէս, Փարիզի “Օլիմփիա“ համերգասրահէն ներս, պիտի կայանայ Շարլ Ազնաւուրի համերգը, նուիրուած Հ.Հ. Անկախութեան: Նաեւ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ, պիտի կատարուին բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնց կարգին համերգներով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի երիտասարդական նուագախումբը, նաեւ պիտի կազմակերպուին երիտասարդ լուսանկարիչներու, ժամանակակից գեղանկարիչներու անհատական ցուցահանդէսներ:
Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենան հայկական մշակոյթի օրեր: Ըստ անոր, ձեռնարկներուն ներկայ պիտի գտնուի Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան նշած է, որ Հայաստանի անկախութեան քսանամեակի տօնակատարութեան շրջանակին մէջ հայ-իրանական սահմանին` Մեղրիի մէջ ծրագրուած են հայ-իրանական բարեկամութեան նուիրուած մշակութային ձեռնարկներ:
Սեպտեմբեր 1ին, հանրապետութեան աշակերտները նոր ուսումնական տարին սկսան յատուկ` Հ.Հ. Անկախութեան 20-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ տպագրուած օրագիրներով:
Ըստ Հ.Հ. Անկախութեան 20-րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու հանրային կապերու պատասխանատու Արեւիկ Պատալեանի, աշակերտները Անկախութեան տօնին ընդառաջ, իբրեւ նուէր պիտի ստանան պետական դրօշի գոյներով տպագրուած օրագիրներ, որոնց վրայ պատկերուած են Հ.Հ. Անկախութեան 20-րդ տարեդարձի խորհրդանիշն ու կարգախօսը` “Հայաստանը դու ես“:
Օրագիրի էջերուն տպագրուած են Հայաստանի քայլերգը եւ տէրունական աղօթքը, տեղեկատուութիւն` Հայաստանի զինանշանին, պետական տօներուն, յիշատակի օրերուն եւ Հայաստանեաց Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ տօներուն մասին:
“Օրագրերն անվճար բաժանուելու են բոլոր դպրոցներին: Այս օրագրերը կարեւոր են բովանդակային առումով, քանի որ պարունակում են տեղեկութիւն մեր պետական խորհրդանշանների մասին: Օրագրերի տպագրման նպատակն էր‘ աջակցել դպրոցականների հայրենասիրական դաստիրակութեանը եւ մէկ անգամ եւս ընդգծել կարեւորագոյն տօնի` Անկախութեան օրուայ նշանակութիւնը“, ըսաւ կրթական հարցերու պատասխանատու Նարինէ Յովհաննիսեան:
Բացի հայոց պետականութեան մասին հանրամատչելի տեղեկատուութենէն, օրագիրներուն մէջ ներառուած են մանրամասն տեղեկութիւններ` աշակերտի առողջական վիճակին մասին, որ ուսուցիչներուն եւ բուժքոյրերուն պիտի օգնէ արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ ճիշդ ձեւով կողմնորոշուելու:
“Ծնողներին խորհուրդ կու տայի չշտապել օրագրեր գնել, քանի որ այս տարի այդ խնդիրը հոգացել է պետութիւնը“, յայտնեց Նարինէ Յովհաննիսեան:
Օրագիրներու տպագրութեան ծախսերը ստանձնած է “Մետեքսիմ“ ընկերութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20րդ տարեդարձի տօնակարութիւններու գլխաւոր գործընկերներէն մէկն է: Տօնակատարութիւններու գլխաւոր այլ գործընկերներ են “Արարատ“ քոնեակի գործարանը, “Նեւա-Ռուս“ ընկերութիւնը եւ “Քէոպրոմայնինկ“ ընկերութիւնը:
Միւս կողմէ, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպող մարմինին նիստը, զոր վարեց Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Նիստի ընթացքին ներկայացուեցաւ Սեպտեմբեր 19էն 20, Երեւանի մէջ հրաւիրուած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համաժողովի ծրագիրին նախագիծը, քննարկուեցան կազմակերպչական խնդիրներ եւ ընդունուելիք Հռչակագիրին նախնական տարբերակը:
Համաժողովի մասնակիցները Երեւան պիտի ժամանեն Սեպտեմբեր 18-ին: Համաժողովը իր աշխատանքին կը սկսի Սեպտեմբեր 19-ին, Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Մասնակիցներուն պիտի ողջունէ Հ.Հ. նախագահը: Զեկոյցներով հանդէս պիտի գան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Սեպտեմբեր 19-ին համաժողովը պիտի աւարտէ իր աշխատանքը: Սեպտեմբեր 21-ին, նշեալ համահայկական համաժողովի մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան Անկախութեան օրուան նուիրուած զօրահանդէսին:
Աւելի քան չորս հարիւր մասնակից կը սպասուի, այս ժողովին: