ԱԼԸՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:49 Second

p6-hovhanes

Այս կիրակի, Մայիս 17-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, պաշտօնապէս պիտի կատարուի կոթողի մը բացման հանդիսութիւնը, ի յիշատակ հանրածանօթ երաժիշտ Ալըն Յովհաննէսի:Վայր՝ Արլինկթըն (Ճեֆըրսըն Քաթլըր Հաուս, Մասաչուսէց Աւընիւ):
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող հանդիսութիւնէն ետք, պիտի կատարուի յատուկ երաժշտական ձեռնարկ, նուիրուած Յովհաննէսի գործերուն:Ձեռնարկը տեղի պիտի ունեանյ Արլինկթընի »Թաուն Հոլ«ին մէջ:Մաէսթրօ Փասքուալէ Թասոնէի ղեկավարութեամբ պիտի նուագուին բազմաթիւ յօրինումներ, որոնց կարգին առաջին անգամ ըլլալով »Ձօն« գործը:Դաշնակի վրայ ելոյթ պիտի ունենան Անի Յովսէփեան եւ Մարթին Պերքոֆսքի:Այս վերջինը, որ եղած է Յովհաննէսի աշակերտը, արդէն իսկ իր ուսուցիչին ի յիշատակ կը կատարէ երկար վազքի եւ մագլցումի արշաւ մը:Նշենք թէ Յովհաննէսի համար լեռն ու գագաթը եղած են սրբավայր, մարդ էակին եւ Աստծոյ միջեւ հանդիպման վայր մը:Յովհաննէսի գործերէն մէկը կը կրէ »Մոնատնոք« անունը, նուիրուած Նիւ Հէմշիրի շրջանի այդ լերան:Այս միեւնոյն շրջանէն է որ, Պերքոֆսքի արշաւին ազդանշանը տրուեցաւ:
Վերջին տարիներուն Սիէթըլ հաստատուած եւ հոն ալ մահացած, Յովհաննէս զաւակն է փրոֆ. Յարութիւն Չաքմաքճեանի, որ հեղինակն է հայերէն-անգլերէն առաջին բառարանին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles