ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ՀԱՅ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐԸ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 5 Second

Այս արխիւային հազուագիւտ վաւերագիրը կը ներկայացնէ 1915ին Տրապիզոնի կոտորածներէն փրկուած եւ անտառները ապաստանած խումբ մը հայ երիտասարդներու ոդիսականը:
Տրապիզոնի հայերուն ջարդը, արդարեւ, ամէնէն զարհուրելիներէն մէկն էր եղած, որովհետեւ թուրքերը հոս հազարաւոր կին, մանուկ, ծերունի նաւերուն վրայ բեռցուցած կը տանէին բացերը եւ ծով կը թափէին: Այդ օրերուն, Տրապիզոնի կուսակալը Ճեմալ Ազմին էր, որ հատուցեց իր գործած ոճիրներուն համար Ապրիլ 17, 1922ին, Պերլինի մէջ, երբ ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկներէն Արշաւիր Շիրակեանի գնդակով:
Նամակագիրը մէկն է այն հայ երիտասարդներէն, որոնք մէկ կողմէ կը կռուէին հետապնդող թուրք զօրքին դէմ, միւս կողմէ՝ ջարդերէն ազատուածները կ’առաջնորդէին ապահով վայրեր:
Այս նամակը ուղղուած պէտք է ըլլայ ռազմաճակատի միւս կողմը գտնուող՝ Պաթումի կամ Թիֆլիսի Դաշնակցական մարմնի մը, որմէ օգնութիւն կը սպասէին՝ սպառող զինամթերքը լրացնելու եւ իրենց փրկարար գործը շարունակելու համար:
Նամակը կը գտնուի բաւական գէշ վիճակի մէջ, եւ հարկ եղաւ համակարգչային նկարահանումի արհեստագիտութիւնը օգտագործել, որպէսզի քիչ թէ շատ ընթեռնելի ըլլայ եւ կարենանք վերծանել անով բովանդակութիւնը, անփոփոխ պահելով բնագիրը:

* * *
Հաւանաբար արդէն լսած կը լինէք մեր ցաւագին դժբախտութեան մասին. մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու կարիք չկայ. ահա հակիրճ կերպով եղելութիւնը:
Յունիս 18-ին, կառավարութեան կողմէ յայտարարուեցաւ մեզ հինգ օրուայ մէջ պատրաստուիլ աքսորուելու համար ընտանեօք, մեր ցոյց տուած անհաւատարիմ ընթացքի պատճառաւ: Այս հինգ օրուայ մէջ ամէն միջոցի դիմեցինք. ամէն տեսակ երաշխաւորութիւն եւն. եւն. ցոյց տուինք յայտարարութիւնը ետ առնելու, ամենավերջը գոնէ առնուազն որոշ չափով մեղմացնելու համար, այսինքն միայն յեղափոխական կամ վտանգաւոր ճանչցուած անձերը աքսորելու, իսկ մնացած անմեղները, կին, երեխայ եւն. եւն. ետ ձգելու:
Քոնսիւլներու, կրօնական պատասխանատու անձերու դիմել, աղաչել, խնդրել ոչ մէկ արդիւնք չունեցաւ, ընդհակառակը մեր դժբախտութեան պատճառներուն նպաստեցին: Որովհետեւ […] շարունակ յոյս տուին որ կ’աշխատինք մեծ զիջումներ ընել տալու, ու յաջողութեան մեծ յոյս ունինք, ապահով եղէք, մի վախնաք եւն: Թերեւս այս խօսքերը եթէ չլինէին կազմակերպուած ուժի, զէնքի դիմէինք եւ որոշ արդիւնք ձեռք բերէինք. թէեւ խոշոր գործ անկարելի էր սպասել քանի որ 20-25 հոգի, աչքառու ընկերներէն յանկարծակի առաջին օրը ձերբակալելով, ծովամոյն ըրին (ըստ իրենց աքսորեցին), ուրիշներ արդէն զինուորութենէ փախստական ասդին անդին փախած հեռացած էին. այնպէս որ մնացած տղաները երաշխիք չէին ցոյց տար դիմադրելու, բայց եւ այնպէս կ’ըսեմ, եթէ կսկիծի ու այդ տրուած յոյսերու տպաւորութեան տակ չշուարէինք, յիմարացած չըլլայինք, թերեւս նորէն օգտակար բան մը կարենայինք ընել: Սակայն այսպէս թէ այնպէս իրականութիւնը այն եղաւ, որ առանց աննշան զիջումի մը ճիշդ յայտարարութեան համաձայն Յունիսի 23էն սկսած աքսորեցին (որպէս թէ) առհասարակ բոլոր հայերին. մինչդեռ իրականին մէջ ճանապարհին մորթոտեցին, կտրտեցին, ականատեսները սարսափելի դէպքեր կը պատմեն, նորածիններ սուինի ծայրը անցնել, ջահել աղջիկներու ու կիներու լլկում ու ահռելի տանջանքներ պատճառել սովորական բաներ են եղած. իսկ չափահաս կարգ մը գեղեցիկ աղջիկներ ու կիներ քաղաքին մէջ եւ շրջակաները կնութեան առած են, բռնի իսլամացնելով. կան նոյնպէս բաւականաչափ տղաներ անչափահաս, որոնք նոյնպէս իսլամացնելէ վերջ, որպէս իրենց զաւակը կը պահեն: Դեռ զրոյց կը շրջի թէ մաս մը իսկապէս աքսորուածներ կան, Մուսուլ, Գոնեայի շրջանները, բայց այս բանը հաւատալի չի թուիր մեզ:
Գալով, ինքնապաշտպանութեան դիմելով, փախուստ տուող, եւ անտառը ապաստանողներու մասին: Գլխաւորապէս Շանայի շրջանի հայերը չյանձնուեցան. կ’ըսեն թէ 300-500 անձեր (տղայ եւ կին ալ մէջերը լինելու պայմանով) իրենց անտառները ապաստանած են զէնքով. յաճախ ժանտարմներ կ’ուղարկուին ձերբակալելու. սակայն, առ հասարակ զոհերը թուրքերու կողմէ կը լինին, ձեռնունայն կը վերադառնան. միայն վերջին անգամ 3 զոհ տուին մերոնց, ի դիմաց 9 ժանտարմայի (4-ը մեռած, 5-ը վիրաւոր). ապահովաբար երբեք ձեռք չեն անցնիր, եթէ միայն երկար չտեւէ դրութիւնը եւ ռազմամթերքնին այսպէսով չսպառի, որովհետեւ երբեմն 24 ժամ շարունակ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի կ’ունենայ: Ասոնց հետ մեր յարաբերութիւնները խզուած են մինչեւ հիմա. թերեւս նոր միջոց մը ճարենք յարաբերութեան. իրենց մասին կ’իմանանք միայն:
Նամակաբերս եթէ յաջողի անձամբ նամակս ձեզ հասցնել, արդէն կը պատմէ իմ մասին. իսկ կարող է պատահիլ, որ փոստարկղի միջոցաւ ուղարկէ. Այդ պարագային ստիպուած եմ մանրամասնութիւններ տալու իմ գործի մասին: Նամակաբերիս հօրեղբօր որդին, որ վրացի շատ ազնիւ անձ մըն է, ամէն զոհաբերութիւն յանձն առաւ հակառակ այնքան խստութիւններու. ամէն ջանք ի գործ դրաւ քաղաք մնացած այնքան աղջիկներու հետ միասին ազատելու: Ես մի քանի օր ասոնց մօտ մնալէ վերջ, իմանալով որ ուրիշ անտառի մը մէջ փախստական հայեր կան, փութացի քովերնին: Հիմա այդ ազնիւ վրացին կը պահէ փոքրիկներ, իսկ ես անտառն եմ մօտաւորապէս 90-100 հոգիի հետ:
Ասոնց մասին ահա մանրամասնութիւններ: Կէսը անչափահաս տղաներ եւ կիներ են. մնացած տղամարդկանց հազիւ 15-20 հոգին կարգին զէնք ունին, մնացածները անզէն են, արդէն գրեթէ բոլորը գիւղացիներ են ու խեղճուկրակ: Մեզ ալ շրջապատեցին քանիցս, բայց օգուտ չունեցաւ. շատ հեշտ չէ անտառներէ մեզ ձեռք ձգել: Միայն աննկարագրելի թշուառութիւն ու խեղճութիւն կը տիրէ մերիններու մէջ. շրջակայի յոյն գիւղացիք օգնած ու կերակրած են հազիւ հազ բաւելի չափով, իսկ բռնութիւն գործ ածել հաշուի չի գար, աւելի կը վտանգէ մեր գործը: Վերջերս գիւղացիք շատ կը դժուարանան, որովհետեւ հոդ բաւական տնտեսական տագնապ գոյութիւն ունի. ամէն ոք ինքզինքը կը հոգայ: Մի քանի եւրոպացիներու դիմեցինք դրամական օգնութեան համար, շատ անբաւական գումար ուղարկեցին: Վիճակնիս աննկարագրելի է, ձմեռը եւ ցուրտը շատ կը նեղեն մեզ. եթէ դրամ լինի բաւականաչափ կարելի է գոնէ կիներն ու տղաքը յոյներու տուներու մէջ տեղաւորել, որովհետեւ վերջերս կառավարութիւնը թոյլ կը շարժի դէպի մեզ, նոյնիսկ յայտարարեց որ փախստականներ եթէ կան գան յանձնուին, »այլեւս վտանգ չկայ« ասոր վրայ խիստ նեղուողներ ուրիշ տեղերէ 10-ի չափ քաղաք իջան, իսլամացած են ու կը գործեն ազատ առ այժմ: Խնդիրը այս սրիկաներու լարած թակարդի շուրջ չէ. խնդիրը հոն է, որ այս խօսքերը ու դէպքերը քիչ քաջութիւն կը ներշնչեն յոյն գիւղացիներու, որոնք առաջուայ չափ չեն սարսափիր հայեր պահելէ, միայն թէ դրամ լինի, դրամ ու միշտ դրամ. կարճ՝ դրամով կարելի է մեր կեանքը փրկել:
Վերջացնելէ առաջ ասեմ նաեւ թէ քանի երկար տեւէ դրութիւնը, եւ որքան ուշանայ օգնութիւնը, այնքան կը ծանրանայ եւ կը կնճռոտի մեր գործը:
Սպասելով ձեր անմիջական աջակցութեան,
Սրտագին բարեւներով
Ի դիմաց փախստական հայերու
Ստորագրութիւն
Տրապիզոն, անտառ
20 Դեկտ./2 Յունուար 1916

ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ

 

Իթթիհատի ամէնէն աւելի հայատեաց եւ անգութ ղեկավարներէն էր Ճեմալ Ազմին, որ 1914-ի աւարտին կը ձերբակալէ Սամսոն շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները:Այս արարքին արդիւնք, Սեւ Ծովի հարաւային ափերու հայաշատ շրջաններու Հ.Յ.Դաշնակցութեան կոմիտէները կը գտնուին ահաւոր կացութեան մէջ:
Այս կացութիւնը դիմագրաւելու համար, Տրապիզոնի մօտակայ հայահոծ՝ Սիւրմէնիէ, Եօմուրայի եւ Տէղերմէնտերէի դաշնակցական կոմիտէներու ներկայացուցիչները շտապ ժողով կը գումարեն եւ կ°ընտրեն ինքնապաշտպանութեան մարմին մը:
Դէպքերն ու իրադարձութիւնները այնքան մը առաջ կ°ընթանան որ, այս նորընտիր մարմնի անդամները կը գործեն անջատօրէն:
Շուտով կը կազմուին մարտական խումբեր, որոնց մեծամասնութիւնը բաղկացած է զինուորական ծառայութիւնէ խոյս տուած երիտասարդ հայորդիներէ:Ընդհարումներու ընքացքին, շատեր կը զոհուին:Այլ խումբեր կրնան կապ հաստատել Կովկասի հետ:1916-ին, երբ ռուսերը գրաւեցին Տրապիզոնը, հայ մարտիկները փնտռեցին շրջաններէ ներս հայորդիներ, որոնք ապաստան գտած էին լազերու եւ քիւրտերու մօտ:Այսպիսով, անոնք հարիւրաւոր որբեր եւ կիներ փրկեցին:
1917-ին, ռուսերու նահանջէն ետք, հայ մարտիկներէն ոմանք կ°ապաստանին լեռներ եւ մինչեւ 1923 փարթիզանական կռիւներ կը մղեն:
Շատեր կը յաջողին խոյս տալ դէպի Կովկաս, իսկ բազմաթիւներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
ԼՈՅՍԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐ
ԵՐՈՒԱՆԴ  ՖՆՏՔԵԱՆ
Ծնած Կրոպի (Տրապիզոն) 1894-ին:Ան շրջանաւարտ է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն:
Եղեռնի օրերէն, մինչեւ ռուսերու կողմէ Տրապիզոնի գրաւումը, ան կը մասնակցի ինքանապաշտպանութեան կռիւներու:Թիֆլիսի մէջ, ան կ°ահաբեկէ Սաաֆարովը, ապա Պոլսոյ մէջ, Միսաք Թորլաքեանի կողքին, ան կը մասնակցի Ճիվանշիրի ահաբեկումին:Երկու անգամ ընդհանուր ժողովներու մասնակցած, ան մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ 1978-ին:

ՅՈՎԱԿԻՄ ԽՈՒՇՊՈՒԼԵԱՆ
Տրապիզոնի Մալա գիւղէն (ծնած 1899-ին):Ան 1916-ին մաս կը կազմէ Քաչալ Ղազարի խումբին:
Ան ձիւնհալի ժամանակ, Սուրբ Յովհաննու վանքին մօտակայքը, կը նկատէ հայ աշակերտներու անթաղ դիակները:Ռուս զօրքին հետ, ան կը հեռանայ շրջանէն:Միացեալ Նահանգներ ժամանած, ան կը մահանայ յառաջացած տարիքին:

ՆԵՐՍԷՍ ՖՆՏՔԵԱՆ
Ծնած Կրոպի (Տրապիզոն), ան ինքնապաշտպանութեան կռիւներու կը մասնակցի, ապա կը շարունակէ իր մարտական առաքելութիւնը, մասնակցելով Երզնկայի ազատագրական կռիւներուն:Ան մահացաւ 1977-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:

ՅՈՎԱԿԻՄ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Ռոստոմի աշակերտներէն, ան ծնած է Եօմուրա (Տրապիզոն):Ան կը մասնակցի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:1917-ին, ան կը մասնակցի Արեւմտահայոց երկրորդ համագումարին, որպէս Տրապիզոնի պատգամաւոր:
Յովակիմեան մահացաւ 1990-ին Ֆրեզնոյի մէջ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles