ՓԱԼՈՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ՊԱՔՈՒԷՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

ՊԱՔՈՒ․- Հայամէտ քոնկրէսական Ֆրենք Փալոն հեռացաւ Ատրպէյճանէն։ Ան նոյն օրը պիտի մասնակցէր COP29ին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենար Պաքուի մէջ։ Սակայն, ան հետապնդուեցաւ տեղւոյն լրագրողներու եւ այլ ցուցարարներու կողմէ, որոնք յայտնեցին, թէ «խիստ վիրաւորուած են» Փալոնի հայամէտ կեցուածքէն: Կատղած ցուցարարները Փալոնը հալածեցին անոր պանդոկին, ինչպէս նաեւ օդակայանին մէջ:

Փալոն 18 Նոյեմբերի առաւօտեան հեռացաւ պանդոկէն եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպի օդակայանը եւ յատուկ թռիչքով մեկնեցաւ Ատրպէյճանէն։

Փալոն Պաքու ժամանած էր 16 Նոյեմբերին։ Ատրպէյճանցիները զայն դիմաւորած էին պոռչտուքներով՝ բողոքելով՝ քոնկրեսականին «հայանպաստ կեցուածքին եւ այդ ուղղութեամբ տարած քարոզչական գործունէութեան դէմ»։

Նոյեմբեր 17-ին եւս շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը: Ցուցարարները դարձեալ հաւաքուեցան քոնկրեսականին պանդոկին դիմացը՝ պահանջելով, որ «ամերիկացի օրէնսդիրը ատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ իր կողմնակալ կեցուածքին համար անյապաղ ներողութիւն խնդրէ, ուղղէ իր կարծիքը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս մեկնի Պաքուէն»։

Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուայթհաուս, յայտարարեցին Հայաստանին իրենց աջակցութեան մասին:

Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ չեն սահմաներ Հայաստանի նկատմամբ՝ ծերակուտական Ուայթհաուս ըսաւ. «Ես կ՛աջակցիմ Հայաստանին: Մենք շատ կը ցաւինք, որ տեղի ունեցաւ այդքան մեծաթիւ հայերու տեղահանութիւն: Ես, մեղմ ասած, հեռու եմ այն համոզումէն, որ հայերը մեղաւոր են կատարուածին համար: Չեմ ուզէր կանգ առնել հիւրընկալող երկրին մարդու իրաւունքներու հարցերուն վրայ, բայց եթէ անիկա նիւթ դառնար, ես նոյնքան գովաբանող չէի ըլլար»:

Ասուլիսին միւս բանախօսը՝ ծերակուտական Էտ Մարքի իր կարգին պնդեց, որ պէտք է ազատ արձակուին քաղաքական բանտարկեալները, ռազմագերիները, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պէտք է վերադարձի իրաւունք ունենան, Ատրպէյճան եւ Հայաստանը պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեն:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles