Հաղորդագրութիւն

0 0
Read Time:2 Minute, 23 Second

Նոյեմբերի երկրորդ շաբաթավերջը բեղուն եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին համար, որուն ներկայացուցիչները հայրենիքի մէջ նշեցին միութեան 106-ամեակը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակը եւ միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովով ճշդեցին միութեան յառաջիկայ հանգրուանի գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յիշեալ նախաձեռնութիւնները կանխեցին 2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը, որոնք տեղի ունեցան 13 եւ 14 Նոյեմբերին, Երեւան։ Նիստերը քննեցին միութեան անցնող մէկ տարուան գործունէութեան զանազան մարզերը եւ հաստատեցին միջ-միութենական ձեռնարկներուն յաւելեալ թափ տալու եւ բոլորը աւելի յաճախակի կերպով իրարու քով բերելու անհրաժեշտութիւնը, այս իմաստով օգտակար փորձառութիւն նկատելով Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակումին իրագործումը (Շուէտ), սկաուտական խմբապետական Թ. համագումարը (Եգիպտոս), քարոզչական առցանց երկրորդ համագումարը եւ շրջաններու ատենապետներու եռամսեայ առցանց ժողովները։ Ժողովը դրական գնահատեց Կեդրոնական Վարչութեան եօթը յանձնախումբերու (սկաուտական կորիզ, մարզական, քարոզչական, տնտեսական, մարքեթինկ-ի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան) հետեւողական եւ աշխոյժ աշխատանքները։

Լիագումար նիստերը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ հիմնադրամ»ի ծրագիրներուն, որոնք անցնող շրջանին մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններէ անդին՝ նպաստեցին արցախցի 850 երեխաներու ամառնային դաստիարակչական ճամբարներու իրագործման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի վտարանդի Մեկուսի շրջանի աշխատանքներուն ծաւալման։

Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու վերաշխուժացումը եւ արդիականացումը իրենց նկատառելի տեղը ունեցան լիագումար նիստերու օրակարգին մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջաններու մէջ կատարուող աշխատանքներու, որոնց մեծագոյնը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզահամալիրին իրագործումն է, Փարիզի մէջ։ Մարզահամալիրին բացումը նախատեսուած է 5 Ապրիլ 2025-ին։

Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարը լայնօրէն արծարծեց միութեան քարոզչական համակարգի ստեղծման հրամայականը՝ հանրային կապերու մարմնի աշխոյժ գործունէութեամբ, նոր կայքէջի ու գրասենեակի ստեղծումով եւ շրջաններու մէջ հանրային կապի մարմիններու յառաջացումով։ Նպատակայարմար նկատուեցաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը նաեւ առցանց ներկայացնել բազմալեզու բովանդակութեամբ։

Վերջապէս, լիագումար նիստերը շեշտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան տնտեսական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով հաստատեցին տնտեսական յանձնախումբին առաջարկը՝ 2026-ի ամրան նաւապտոյտ մը կատարելու Եւրոպայի մէջ։

Լիագումար նիստերը ճշդեցին նաեւ յառաջիկայ հանգրուանի միութենական ձեռնարկներու թուականները՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղեր (2025 Յուլիս, Երեւան), Ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բանակում (2025 Յուլիս, Լոս Անճելըս), համա-Հ.Մ.Ը.Մ. 13-րդ բանակում (2026 ամառ), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ցամաքամասային մարզախաղեր (2027 ամառ)։

Լիագումար նիստերու առընթեր, Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութիւններուն հետ, կազմակերպեց միջ-դիւանական խորհրդաժողով, հանրային կապերու մարմինը նախաձեռնեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը, իսկ Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութեան եւ սկաուտական հանդիսութեան, այցելեցին Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ եւ Ս. Էջմիածին, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին մահացած եւ նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 106-ամեակին զուգադիպող եւ հայրենիքի ու Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն մէջ կատարուող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս նախաձեռնութիւնները անգամ մը եւս փաստը տուին հայութեան «կամաւոր բանակ»ին կենսունակութեան եւ միշտ յառաջ ընթանալու վճռականութեան, յաղթահարելով իր շրջապատի աննպաստ բոլոր պայմանները եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները։

Հ.Մ.Ը.Մ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երեւան, 20 Նոյեմբեր 2024

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles