Հ.Օ.Մ. ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ…

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second
Ձախէն աջ վարչականներ՝ Ս. Նիկտէլեան, Ս. Պզտիկեան:Մեծարուողներ՝ Մ. Գարակիւլլէեան, Ա. Չոլաքեան, Պ. Եսայեան եւ Վ. Պէրպէրեան (իր մօր՝ ընկհ. Աղաւնի Պալեանի փոխարէն), կը կտրեն կարկանդակը:Վարչականներ՝ Յ. Իսրայէլեան, Մ. Եբրեմեան եւ Շրջ.ի անդամ՝ Գ.Դաւիթեան:Նկարներ՝ Զենոբ Բոմաքեան
Ձախէն աջ վարչականներ՝ Ս. Նիկտէլեան, Ս. Պզտիկեան:Մեծարուողներ՝ Մ. Գարակիւլլէեան, Ա. Չոլաքեան, Պ. Եսայեան եւ Վ. Պէրպէրեան (իր մօր՝ ընկհ. Աղաւնի Պալեանի փոխարէն), կը կտրեն կարկանդակը:Վարչականներ՝ Յ. Իսրայէլեան, Մ. Եբրեմեան եւ Շրջ.ի անդամ՝ Գ.Դաւիթեան:Նկարներ՝ Զենոբ Բոմաքեան

Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» մասնաճիւղը, ամէն տարի կը տօնակատարէ Մայրերու Օրը արտայայտելու մեր սէրն ու գորովը եւ մեր յարգանքը մայրերու աննկարագրելի նուիրումին, անսպառ զոհողութեան եւ յոգնիլ չգիտցող եռանդին:Եւ ինչքան նման են այս յատկութիւնները իւրաքանչիւր Հ.Օ.Մ.ուհիի խառնուածքին:
Մասնաճիւղիս ատենապետուհին, ընկհ. Սօնիա Պզտիկեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց՝ »Այս յատուկ օրուան առթիւ, ամէն տարի կը մեծարենք մեր համայնքէն տիպար Հ.Օ.Մ.ուհի մը:Իսկ այս տարի, Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի նախաշէմին, տօնակատարութիւններու առաջինը տեղի ունեցաւ Մարտ 28, 2009ին Նիւ Եորքի Եէյլ Ակումբին մէջ:Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան շրջանի՝ յիսունէ աւելի տարիներ Հ.Օ.Մին անդամակցած 106 ՀՕՄուհիներէն, 12 հոգի ներկայ էին ձեռնարկին եւ ստացան յատուկ գնահատագրեր  Արեւելեան Շրջանային Վարչութենէն:Այս ցանկէն 6 ընկերուհիներ Մայր մասնաճիւղի անդամուհիներ են:Վարչութիւնս գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Մայրերու Օրուայ առթիւ, մեր վեց ընկերուհիները պատուել՝ Մասնաճիւղի°ս կողմէ«:

Շրջանայինի անդամ՝ ընկհ. Գոհարիկ Դաւիթեան կը զետեղէ Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանշանով կրծքասեղը:Մեծարուող ընկերուհիներ՝Մարի Գարակիւլլէեան....
Շրջանայինի անդամ՝ ընկհ. Գոհարիկ Դաւիթեան կը զետեղէ Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանշանով կրծքասեղը:Մեծարուող ընկերուհիներ՝Մարի Գարակիւլլէեան....

Ապա ցուցադրուեցաւ Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան պատրաստած տեսաներիզը մեր շրջանի գործունէութեան մասին որը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:Ցուցադրուեցաւ նաեւ Մարտ 28ի Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի տօնակատարութեան տեսաներիզը,  յատկապէս գոհացնելով ձեռնարկէն ակամայ բացակայող ընկերուհիները:

....Անայիս Չոլաքեան
....Անայիս Չոլաքեան

Դժբախտաբար յառաջացած տարիքի եւ հիւանդութեան պատճառով, մեր յիսունէ աւելի տարիներ Հ.Օ.Մ.ի անդամակցած  ընկերուհիներէն  միայն հետեւեալ երեքը ներկայ էին:Մարի Գարակիւլլէեան, Անայիս Չոլաքեան եւ Պերճուհի Եսայեան, որոնք հրաւիրուեցան բեմ եւ ընկհ. Գոհարիկ Դաւիթեան, Շրջանային Վարչութեան կողմէ իւրաքանչիւրին յանձնեց Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանշանով կրծքասեղներ:Կը բացակայէին ընկերուհիներ՝ Երեցկին Ազնիւ Կիրակոսեան, Ռեբեկայ Մարտինեան եւ Աղաւնի Պալեան:Ընկհ. Վալանթին Պէրպէրեան ստացաւ վերջինիս գնահատագիրն ու կրծքասեղը իր մօր համար:Ապա մեր յարգելի ընկերուհիները Մայրերու օրուայ կարկանդակը միասնաբար կտրեցին եւ անկէ ետք հայկական պարերն ու խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ:

եւ Պերճուհի Եսայեան
եւ Պերճուհի Եսայեան

Առատ եւ համեղ ճաշերը պատրաստուած էին Հ.Օ.Մ.ուհիներու կողմէ:Յատուկ շնորհակալութիւններ Հիւրասիրութեան Յանձնախումբի ընկերուհիներուն՝ Արաքսի Անտոնեանի, Շողիկ Բարսեղեանի, Մարի Յարութիւնեանի, Անի Փիրանեանի եւ պատասխանատու՝ ընկհ. Արմէնուհի Պարտիզպանեանի, մատուցող ընկերուհիներուն՝ Անահիտ Գրիգորեանին, Սօսի Էսաճանեանին եւ բոլոր այն ընկերուհիներուն որոնք սիրայօժար կերպով ճաշեր պատրաստած կամ նուիրատուութիւն կատարած էին:Իրապէս Հ.Օ.Մ.ուհիի անհատնում նուիրումին կատարեալ պատկեր:
Ապրիք շա°տ սիրելի ընկերուհիներ:Վարձքերնիդ կատար:

Հ.Օ.Մ.ուհի

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles