Այս տարի եւս, Նիւ Եորքի Համազգայինի կազմակերպած աշակերտական մրցոյթը որ տեղի ունեցաւ Մայիս 2, 2009ին մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, անհուն ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պատճառելով թէ° կազմակերպողներուն, թէ° ուսուցիչներուն եւ թէ° մանաւանդ ծնողներուն:
Անոնք որ տարիներու ընթացքին հետեւած են այս մրցոյթին հաւանաբար արդէն տեղեակ են մանրամասնութիւններուն, իսկ առաջին անգամ ընթերցողին, շատ համառօտ ըսենք, որ 1975ին Նիւ Եորքի Համազգայինը սկսաւ այս տարեկան Աշակերտական Մրցոյթները նախ՝ արտասանական ելոյթով, ապա 1983ին աւելցաւ ուղղագրական մրցոյթը եւ 1997էն իվեր արտասանականը փոխարինուեցաւ ազգային գիտելիքներու բաժինով, (ուր կ’օգտագործենք (power point) լուսապատկերներով) եւ մէջ ընդ մէջ ներմուծելով, հականիշ եւ/կամ հոմանիշ բառերու մրցոյթը՝ աշակերտներու բառապաշարը աւելցնելու միտումով:
Նիւ Եորքէն եւ Նիւ Ճըրզիէն, մրցոյթին մասնակցեցան հետեւեալ վարժարաններու աշակերտները: Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ,Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ, Սրբոց Նահատակաց Շաբաթօրեայ եւ Նիւ Ճըրզիիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Նարեկ Շաբաթօրեայ:Մասնակցող աշակերտներու թիւը 50 էր:
Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի սրահը արդէն մեղուաբոյնի էր վերածուած ժամանակէն շատ առաջ եւ ներկայ ծնողներէն ոմանք Գրական Յանձնախումբին կ°օգնէին աթոռներ, սեղաններ շարելով եւ համակարգիչը զետեղելով:Հետզհետէ պայծառ աչքերով մեր մանուկները, ոմանք ինքնավստահ, ոմանք ամչկոտ, սրահ մտնելով կը տեղաւորուէին իրենց յատկացուած յատուկ բաժնի աթոռներուն վրայ:Կը մտնէին ուսուցչուհիներն ու տնօրէնուհիները (բոլորն ալ ԿԱՆԱՅՔ), ժպտուն դէմքերով եւ հպարտութեամբ որ յաջողած են այս վերջին 5-6 ամիսներու ընթացքին յաւելեալ ուղղագրութիւն, յաւելեալ հականիշեր եւ ազգային գիտելիքներ սորվեցնել մեր աշակերտներուն եւ այսօր կը սպասէին արդիւնքներուն:
Մրցոյթը կազմուած էր հետեւեալ բաժանմունքներէն:
-Շաբաթօրեայի Ա. Բ.Գ.Դ. դասարաններու աշակերտներուն համար, հականիշ բառեր կամ ուղղագրութիւն իսկ Ե.եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն՝ ազգային գիտելիքներ:
-Ամենօրեայի Ա. Բ.Գ.Դ. դասարաններու աշակերտներուն համար, ուղղագրութիւն (տարբեր ցանկ) իսկ Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն՝ ազգային գիտելիքներ (տարբեր ցանկ):
Ազգային գիտելիքները կը պարփակեն աշխարհագրութիւն, հայոց պատմութիւն հեռակայ եւ մօտիկ անցեալի, գրականութիւն, գրողներու եւ համաշխարհային նշանաւոր հայերու ծանօթացում:
Մրցոյթի Արդիւնքներ
Ազգային գիտելիքներու բաժին
Ամենօրեայ-Անսխալ էին Տէպի Ակոբեան, Յակոբ Եղնուկեան եւ Անուշ Մինասեան:
Շաբաթօրեայ -Անսխալ էին Աղաւնի Խըտրլարեան, Քրիստափոր Մկըրեան, Գարին Չափանեան, Արա Սիմոնեան եւ Սերոբ Քէշիշեան:
Ուղղագրական բաժին
Ամենօրեայ -Անսխալ էին Նիկլըս Առաքելեան, Վարդգէս Առաքելեան, Աննա-Մարիա Մանուկեան, Նիքոլ Մառք,Պետրոս Յովհաննէսեան, Անուշ Պէզճեան, Քաթի Փափազեան եւ Մելանի Անտրէափուլոս:
Շաբաթօրեայ- Մարի Պիճիմէնեան:
Հականիշերու բաժին-
Շաբաթօրեայ-Անսխալ էին Ալին Թագւորեան, Ալին Խըտրլարեան, Անժէլա Մարաշլեան, Լորի Սամուէլեան, Նայիրի Տիրացաօղլու, Արմէն Փանոսեան, Վահէ Քաֆաֆեան, եւ Վաչէ Քաֆաֆեան:
Բոլոր Մասնակցողներուն անխտիր, Համազգայինի Վարչութեան կողմէ յանձնուեցաւ յատուկ վկայագրեր:Անսխալ հանդիսացողներուն Հայերէն մանկապատանեկան գրքեր, Էջմիածնէն խաչեր եւ Երեւանէն հայկական էջանիշեր (book marks):Շնորհակալութեամբ պէտք է նշել որ Ամենօրեայի Ե.եւ Զ. դասարաններու գիտելիքներու նուէրը՝ Կիլիկեան թեմի ազգային Առաջնորդարանի կողմէ նուիրուեցաւ:»Սասունցի Դաւիթ« դիւցազներգութիւնը անգլերէնով, հրատարակուած Հայաստան:Թարգմանութիւն եւ մշակում՝ Զաւէն Նալպանտեանի:Մեր խորին շնորհակալութիւնները Առաջնորդարանին այս թանկագին նուէրին համար
Այս մրցոյթի տարբեր բաժիններու բծախնդիր աշխատանքը, կատարած էր Համազգայինի Գրական Յանձնախումբը՝ Ռիթա Կիրակոսեան, Ժանէթ Մարգարեան եւ Արմինէ Մինասեան:
Մրցոյթի ընթացքին, այս դժուար եւ իր տեսակին մէջ բարդ բաժինները, սահուն կերպով ներկայացուեցաւ շնորհիւ մի քանի սիրայօժար օգնականներու՝ Մարիէթ Գաբրէլեանի, Սօսի Էսաճանեանի եւ Զաւէն Վարդանեանի:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի ատենապետ, դոքթ. Հրանդ Մարգարեան որ բացատրեց մրցոյթի կանոններն ու կարեւորութիւնը որ եւ նաեւ ձեռնհասօրէն վարեց մրցոյթը զայն վերածելով բացառիկ դաստիարակչական առիթի մը, բոլոր ներկաներուն համար:
Միայն հիացում կարելի է զգալ Համազգայինի այս խումբ մը »խենթ«երուն նկատմամբ որոնք առանց յուսահատելու եւ առանց կարեւորութիւն տալու իրենց շուրջը եղած անտարբերութեան, յամառօրէն կը շարունակեն այս տեսակ որակաւոր աշխատանքներ եւ կը փորձեն »ջուրը պատէն վեր հանել«:
Ապրիք:Ձեր յամառութիւնը գնահատելի է:
Թղթակից