Յօդուածներ

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած Թեմերը Եւ Յիշողութեան Ուժը. Ինչո՞ւ Հայ Եկեղեցին Պէտք Է Պահպանէ Իր Պատմական Թեմերուն Յիշատակը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Պահը հզօր է, բայց աւելի հզօր է յիշողութիւնը»։
(Եոհան Ֆրիտրիխ Շիլլեր)

2020 թուականի 27 սեպտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր տեւող Արցախեան 44-օրեայ պա­տերազմին, ապա 2023 թուականի սեպտեմբերին իր պապենական հողերէն հայ բնակ­չութեան հայաթափումին հետեւանքով Արցախի կորուստը կը հանդիսանայ մեր նորա­գոյն պատմութեան մեծագոյն աղէտը։ Ամենացաւալին մարդկային հազարաւոր կեան­քերու դէմ իրագործուած ոճիրն է, իսկ անգնահատելին հայրենի հողատարածքներու կորուստն է, արդիւնք՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ միջազգային դա­ւադրութեան, ազերի-թրքական կանխամտածուած եւ լայնածաւալ յարձակումի։

1815 թուականի ցարական կառավարութեան հրամանագրով կը վերանայ Գանձասարի դարաւոր կաթողիկոսութիւնը եւ փոխարէնը կը ստեղծուի մետրոպոլիտութիւն մը՝ յան­ձին Սարգիս Բ. Հասան-Ջալալեան մետրոպոլիտի, որ նախապէս՝ 1810–1815 թուական­ներուն, կը կրէր Գանձասարի կաթողիկոսի տիտղոսը, ապա մինչեւ իր վախճանը (1828)՝ վարչականօրէն Էջմիածնի կաթողիկոսութեան ենթակայ մետրոպոլիտի մը աստիճանը։ Այդ ժամանակաշրջանին նորաստեղծ այս մետրոպոլիտութեան ենթակայ մարզերու եւ գաւառներու մէջ կը հաստատուին Էջմիածնի կաթողիկոսութեան ենթա­կայ երեք թեմեր՝ Արցախի, Գանձակի եւ Շամախիի անուններով։

Արցախի թեմին մէջ կը մտնէին Վարանդա, Խաչէն, Դիզակ, Բերդաձոր, Ջրաբերդ, Գիւ­լիստան, Լանքարան, Շաքի, Կապաղակ, Հաջի, Խենի, Կամբեճան եւ Արաշ գաւառնե­րը:

11 մարտ 1836 թուականին ցարական կառավարութիւնը վաւերացուց «Փոլոժենիէ» անունով եկեղեցական կանոնադրութիւն մը, որուն 141 յօդուածներուն համաձայն պի­տի առաջնորդուէր Հայ եկեղեցին։ Ըստ այս կանոնադրութեան՝ ռուսական տիրապե­տութեան տակ գտնուող տարածաշրջաններուն մէջ գործող Հայ եկեղեցին կը բաժնուէր վեց թեմական վիճակներու, որոնցմէ հինգերորդն էր Արցախի թեմը։

Սարգիս Բ. Հասան-Ջալալեան մետրոպոլիտէն եւ իր արժանաւոր յաջորդ Պաղտասար Հասան-Ջալալեանէն ետք, Արցախի թեմը իր հոգեւոր-մշակութային եւ ազգային ա­ռումներով արդիւնաշատ գործեց եւ յարատեւեց մինչեւ 1930 թուականը, երբ խորհրդա­յին հակակրօնական վարչակարգը ի նպաստ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն փակեց զայն։

1988 թուականին սկիզբ առած Արցախեան ազատամարտի գրեթէ առաջին իսկ փուլին՝ 1989 թուականին, Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ հայրապետի սրբատառ կոնդակով վերահռչակուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Արցախի թեմը՝ իր հոգեւոր խնամքին տակ վերցնելով 1836-թուականի թեմական տարածքները։

Այնպէս կը թուէր, որ Արցախի 2023 թուականի սեպտեմբերին իրագործուած չարա­բաստիկ հայաթափումով ընդմիշտ վերջ կ’ունենար Արցախի թեմին գոյութիւնը։ Այս առումով միանգամայն ողջունելի պէտք է նկատել Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խոր­հուրդի 3 նոյեմբեր 2023 թուականին կայացուցած որոշումը,– հակառակ հայկական պաշտպանութեան բանակի եւ աշխարհազօրային ստորաբաժանումներու կրած ծանր պարտութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնալուծարումին, նաեւ Արցախի վերջնական հայաթափումին,– պահպանելու Արցախի թեմը եւ անոր հոգեւոր կարգավիճակը՝ յանձին իր թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի։

Հարկ է անկեղծ խոստովանիլ, որ սոյնը Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հա­զուագիւտ խելացի որոշումներէն մէկն էր։ Ի՞նչ նպատակ եւ ինչպիսի՞ դիտաւորութիւն կը հետապանդէր անիկա։ Արդեօ՞ք Վրթանէս եպիսկոպոս կը շարունակէր ըլլալ Արցախէն Հայաստան բռնագաղթուած ժողովուրդին հոգեւոր առաջնորդը, թէ՞ այս մէկն ալ հերթական ուրիշ ռազմավարական ձախորդ քայլ մըն էր Հայաստանի Հան­րապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան դէմ՝ դժուար է ըսել։ Սակայն մենք պիտի ուզենք այս որոշումին մէջ դրականը գնահատել՝ միաժա­մանակ անկաշկանդ հարց տալով, թէ այս պարագային ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին մոռացու­թեան ենթարկած է իր պատմական միւս թեմերը։ Թեմեր, որոնք գոյութիւն ունեցած են իրենց վանքերով ու բազմաթիւ եկեղեցիներով, նաեւ հայ ազգաբնակչութեան ստուար թիւերով, որոնք չար բախտին բերումով, արիւնալի կոտորածներով, բռնի տեղահա­նումներով, հայրենի հողային տարածքներու բռնազաւթումով ֆիզիքապէս անհետա­ցած են, բայց յիշատակը անոնց եւ պահանջատիրութեան իրաւունքը կենդանի են հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ։

Երբ չես յիշեր անձ մը, որեւէ երեւոյթ կամ առարկայ մը, ենթակայաբար, այսինքն՝ սուբիետիւ իմաստով, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, հակառակ անոր, որ ան կրնայ առարկայական՝ օբիեկտիւ տուեալներով միշտ ալ ըլլալ շօշափելի իրականութիւն մը։ Արդեօ՞ք այս եւ նման մտածումներու խորապատկերին վրայ չէր ըսեր Սկիւտարի հայ սոխակը՝ Պետրոս Դուրեան, իր «Իմ մահը» բանաստեղծութեան մէջ.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»։

Առկայ յօդուածը չընդարձակելու նպատակով, պիտի չուզէի երթալ հնագոյն ժամանակ­ները, այլ պարզապէս նշել, որ Կիլիկեան թագաւորութեան փառահեղ օրերուն հայոց կաթողիկոսութեան թեմական վիճակագրութիւնը շատ աւելի ընդաձակ էր քան Կիլիկ­իոյ սահմանները։ Ըստ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Սիսուան. Համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ եւ Լեւոն մեծագործ» ստուար աշխատասիրութեան՝ գոյութիւն ունեցած են 23 թեմական վիճակներ. այսպէս՝ Սիս, Տարսոն, Լամբրոն, Անաւարզա, Մամեստիա, Ատանա, Այաս, Բարձրբերդ, Կապան, Ծամնդաւ, Կոպիտառ, Սելեւկիա, Ընկուզուտ, Հարգան (Հաճըն), Մոլեւոն, Մաշկեւոր, Բերդուս, Սամվելնայ, Յոհնանց, Փիլիպպոս­եան, Մեծար, Մաշարդ եւ Տիանա[1]։ Այս շարքին պէտք է նկատել նաեւ Կիպրոսի վիճա­կը՝ աթոռանիստ ունենալով Նիկոսիա քաղաքը։

Այստեղ թուարկուած են անշուշտ այն թեմերը, որոնք մեծաւ մասամբ ներառուած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան սահմաններուն մէջ։ Սակայն պէտք է նկատի ու­նենալ նաեւ եկեղեցական այն վիճակներն ու կեդրոնները, որոնք աշխարհագրականօ­րէն կը գտնուէին Եփրատի արեւելեան տարածաշրջաններուն մէջ՝ Արեւելեան վարդա­պետներու, Աղուանից եւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան, Սիւնեաց մետրոպոլիտնե­րու, Շիրակի, Էջմիածնի, Արարատեան դաշտավայրի եւ այլ վիճակաւոր եպիսկոպոս­ներու հոգեւոր վերահսկողութեան ներքոյ։

Համաձայն Մաղաքիա արք. Օրմանեանի հաղորդած հաւաստի տուեալներուն, նախա­եղեռնեան ժամանակշրջանին[2] Հայ եկեղեցին իր թեմական վիճակներով կը ներկա­յացնէր հետեւեալ պատկերը.

Թեմական վիճակագրութիւն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան՝ աթոռա­նիստ կեդրոն ունենալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնը – Երեւան, Նախիջեւան, Աղեք­սանդրապոլ, Կարս, Տաթեւ, Տփղիս, Գորի (Վրաստան), Ախալցխա, Գանձակ, Շուշի, Նուխի, Շամախի, Պաքու, Աստրախան, Ղզլար (Տաղստան), Պեսարա­պիա, Նոր-Նախիջեւան, Փեթերպուրկ, Մոսկուա, Սպահան, Թեհրան, Ատրպա­տական, Համատան, Կալկաթա, Պաթաւիա (Ինտոնեզիա), Սուչա­ւա, Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա[3]։
Թեմական վիճակագրութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ աթոռա­նիստ կեդրոն ունենալով Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքը – Սիս, Ատանա, Հաճըն, Փայաս, Բերիա, Գերմանիկիա (Մարաշ), Ուլնիա (Զէյթուն), Ֆըռնուզ, Անթապ, Անտիոք, Մելիտինէ (Մալաթիա), Եոզղաթ, Կիւրին, Տեփրիկէ (Տեւրիկ) եւ Տա­րանտիա (Տարենտէ՝ Սեբաստիոյ գաւառ)[4]։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն, աթոռանիստ՝ Երուսաղէմ – Յոպպէ, Դամասկոս եւ Վերիտոն (Պէյրութ)[5]։
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն՝ աթոռանիստ կեդրոն ունենալով Կ.Պոլիսը – Կ.Պոլիս, Նիկոմիդիա, Արմաշ, Ադրիանուպոլիս, Ռոտոսթօ, Թեսաղոնիկէ, Պրուսա, Պիլէճիկ, Փանորմիոն, Գութինա, Զմիւռնիա, Պափղագոնիա, Գաղա­տիա, Կեսարիա, Իքոնիոն (Քոնիա), Սեբաստիա, Եւդոկիա, Ամասիա, Նիքոպո­լիս, Ածպտեր, Սամսոն, Տրապիզոն, Կարին, Երզնկա, Բաբերդ, Բասէն, Դերջան, Կամախ, Խորձեան, Բագրեւանդ, Վան, Լիմ-Կտուց, Աղբակ, Բաղէշ, Տարօն, Սղերդ, Տիգրանակերտ, Բալահովիտ, Արղնի, Չնքուշ, Խարբերդ, Ակն, Արաբկիր, Չմշկածագ, Չարսանճաք, Եդեսիա, Բաբելոն, Կիպրոս, Եգիպտոս, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Յունաստան[6]։
Աղթամարի կաթողիկոսութիւն՝ աթոռանիստ կեդրոն ունենալով Աղթամար կղզին Կաւաշ, Շատախ եւ Կարճկան քաղաքները (70.000 ազգաբնակչութիւն), նաեւ Խիզան[7]։
Հայ եկեղեցւոյ վերոնշեալ նուիրապետական կեդրոններուն ենթակայ թեմական վիճա­կագրութենէն կը տեսնենք, որ պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով, տարբեր պետութեանց սահմաններու ընդարձակումով կամ ոմանց սահմանափակու­մով պարտադիր փոփոխութիւններու ենթարկուած են նաեւ Հայ եկեղեցւոյ թեմական վիճակները՝ յաճախ հիներու վերացումով եւ նորերու ստեղծումով։ Բաւական է համե­մա­տել Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան ենթակայ թեմերուն թուաքանակը՝ եզրա­կացնել կարենալու համար, թէ որքա՜ն հեղինակաւոր դարձած էր անոր դիրքը յաչս Օս­մանեան կայսրութեան ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարու սկիզբը՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան սեւ տարեթիւը եւ հայ ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանումը հայրենի իր դարաւոր հողերէն։

Համեմատել կարենալու համար պատմականն ու արդիականը՝ աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ անդրադառնալ Հայ եկեղեցւոյ թեմական ներկայ վիճակագրութեան։ Հոս պի­տի տեսնենք, որ յատկապէս Ի. դարուն հայ սփիւռքի նոր գաղթօճախներու ստեղծու­մով հաստատուած են նոր թեմական վիճակներ, մինչդեռ երբեմնի թեմեր հայութեան նօսրացումով ընդհանրապէս անհետացած են։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն՝ իր Ս. Էջմիածին աթոռանիստ կեդրոնով – Արարատեան, Շիրակի, Գուգարաց, Արմաւիրի, Սիւնեաց, Արագածոտնի, Կո­տայքի, Գեղարքունեաց, Վայոց ձորի, Տաւուշի, Արթիկի, Մասեացոտնի, Արցա­խի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի, Քրասնոտարի եւ Հիւսիսային Կովկասի, Ուքրանիոյ, Պալթեան երկիրներու, ԱՄՆ-ի (արեւելեան), ԱՄՆ-ի (ա­րեւմտեան), Գանատայի, Արժանթինի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Գերմա­նիոյ, Զուիցերիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Դամասկոսի, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելան­տիոյ, Ատրպէյճանի, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմեր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն՝ իր Անթիլիաս աթոռանիստ կեդրոնով – Լիբանանի, Բերիոյ, Ճեզիրէի փոխանորդութիւն, Դամասկոսի, Կիպրոսի, ԱՄՆ-ի (արեւելեան), ԱՄՆ-ի (արեւմտեան), Գանատայի, Յունաստանի, Սպա­հանի, Ատրպատականի, Քուէյթի եւ շրջակայքի, Վենեզուելայի հոգեւոր տես­չու­թեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայկական թեմեր։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն – Այստեղ հարկ է նշել, որ 1929 թուականին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներքին համա­ձայ­նութեամբ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը Սիսի իր աթոռանիստ կեդ­­րոնէն վտարանդի դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կը զի­ջանի Դամասկոսի եւ Լիբանանի թեմերը, որպէսզի ան կարենայ պահել իր հան­գա­մանքն ու վերապրելու հանրաւորութիւնները։ Ներկայ վիճակով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ կը գտնուին միայն Իսրայէլի հայակական եկեղեցիները եւ Յորդանանի հոգեւոր հովուութիւնը:
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն՝ Կ.Պոլսոյ իր աթոռա­նիստ կեդրոնով – Մինչեւ Երիտթուրք կառավարութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւ­նը, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռի իրաւասութեան սահմանները կը տա­րածուէին Օսմանեան կայսրութեան հայկական գաւառներէն մինչեւ Հիւսի­սային Ափրիկէ, Թրակիայէն՝ Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նորաստեղծ հայ համայնքները։ Սակայն Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ ժամա­նակաշրջանէն եւ Թուրքիոյ նոր հանրապետութեան ստեղծումէն ետք այս իրա­վիճակը կտրուկ փոխուեցաւ՝ գրեթէ ամբողջական կրճատումովը պատրիարքու­թեան երբեմնի հեղինակութեան։ Բացի Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական եկեղե­ցիներու հոգեւոր խնամքէն, իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռ ան հոգեւոր կեդրոնն է նաեւ Կրետէ կղզիի հայկական համայնքներուն։ Այս համա­տեքստին մէջ առաջնորդական վիճակներու եւ թեմական կառոյցներու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։
Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը ութ երկարաձիգ դարերու գոյութենէ ետք կը դադրի իր վերջին կաթողիկոսին՝ Խաչատուր Բ. Շիրոյեանի վախճանումով 1895 թուականին։ Նշուած թուականէն մինչեւ 1915 կաթողիկոսական աթոռը թա­փուր կը մնայ, սակայն թերեւս ունենար իր գահակալը, եթէ երբեք 1915 թուա­կանի Ցեղասպանութիւնը բիւրաւոր անմեղներու արեան մէջ չխեղդէր գուցէ տակաւին առկայծող յոյսի մը վերջին նշոյլը։
Վերը ներկայացուած Հայ եկեղեցւոյ պատմական եւ ժամանակակից թեմերու վիճա­կագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բազմաթիւ թեմեր ընդհանրապէս վերացած են, եւ թէ­պէտ անոնք այսօր ֆիզիքական ներկայութիւն չեն, սակայն հայութեան համար տա­կաւին կը ներկայացնեն պատմամշակութային մեծ նշանակութիւն։ Չյիշել զանոնք եւ յաճախ անգիտութեան կամ անտարբերութեան պատճառով թաղել պատմութեան մու­թին մէջ՝ ազգային հաւաքական յիշողութեան պահպանման իմաստով ճիշդ եւ միանգա­մայն արդար չէ։ Պատմական այդ թեմերէն շատեր եղած են հայկական կենսունակ բնակավայրեր, ուր ոչ միայն գերազանց զարթօնք ապրած է առեւտուրը, այլեւ հասա­րակական գիտութիւններն ու մշակոյթին առնչուած բոլոր ճիւղերը։ Այս քաղաքներուն մէջ կերտուած են հայ ինքնութիւն, ազգին ու եկեղեցիին պատկանելու գիտակցութիւն, ուր ցոլացած է հայուն պատկերը ի տարբերութիւն զինք շրջապատող շատ մը այլազգի­ներու եւ ցեղերու։

Տակաւին վերջերս, 2 սեպտեմբեր 2024 թուականին, Արցախի անկախութեան օրուան առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ կը նշէ.

«Արցախը մեզի համար անցեալ չէ […] Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայման­ներու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր […] հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին […] հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն»[8]:

Հոս պէտք է հարց տալ. արդեօ՞ք Հայ եկեղեցին մոռացութեան մատնելով իր պատ­մա­կան թեմերը կամայ թէ ակամայ հաշտուած է զիջումի մը քաղաքականութեան հետ։ Ինչո՞ւ ան կը զլանայ իր օծած եպիսկոպոսներուն եւ թեմակալ առաջնորդներուն տալ պատմական իր կորուսեալ թեմերուն տիտղոսները, ինչպէս ան ընդունուած կարգ մըն է Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առնչութեամբ, ինչպէս նշուեցաւ, Կաթողիկէ եկեղեցին ցայսօր կը պահպանէ նուի­րականացած աւանդոյթ մը՝ իր եպիսկոպոսներուն տալով իրենց վիճակաւոր թեմերէն անկախ յաւելեալ տիտղոս մը՝ իր երբեմնի պատմական թեմերուն անուններով։ Կաթո­ղիկէ եկեղեցւոյ այս կարգի հոգեւորականները կը կոչուին «տիտղոսաւոր» եպիս­կո­պոս­ներ։ Կ’արժէ յիշել միայն քանի մը անուններ, որոնք երբեմն եղած են եկեղեցական թե­մեր, սակայն ժամանակի թաւալումին մէջ պարագաներու բերումով, այլապէս զէնքի ուժով անոնք դատարկուած են իրենց քրիստոնեայ բնակիչներէն՝ ակամայ իրենց տեղը զիջելով մահմետական այլազգիներուն։ Կ’արժէ այստեղ յիշել անոնցմէ քանի մը հատը միայն. Հիպպոն (հիւսիսային Ափրիկէ), Կարթագէն (հիւսիսային Ափրիկէ), Եփեսոս, Անտիոք, Լաոդիկիա, Նինուէ, Անարզաբա, Տարսոն, Մոբսուեսթիա, Եդեսիա եւ այլն։ Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է տեղեկացնել, որ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճան­եան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ծիրանաւոր կաթողիկոս-պատրիարքը, որուն աճիւնները այս օրերուն (12 սեպտ. 2024) եկեղեցական մեծ հանդիսութեամբ Հռոմէն Պէյրութ փոխադրուելով ամփոփուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, 11 յուլիս 1935-ին Պիոս Թ.-ի ձեռամբ նախա­պէս որպէս Քոմանայի (Արեւմտ. Հայաստան) տիտղոսաւոր եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։ Նմանապէս կաթողիկէ հայոց ներկայ կաթողիկոս-պատրիարքը՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, նախապէս եղած է տիտ­ղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կե­սարիոյ հայոց։

Արդ հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ այս աւանդոյթը յաչս Հռոմէական կաթո­ղիկէ եկեղեցւոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կրցած է իր եպիսկոպոսական դասուն համար պահպանել, մինչդեռ Հայց. առաք. Եկեղեցին, ունենալով հանդերձ պատմական բազ­մաթիւ կորուսեալ թեմեր, զլացած է իր առաջնորդները տիտղոսաւորել անոնց անուան յիշատակներով՝ իր հնաւանդ աւանդութիւններուն եւ ծէսին ընդմէջէն պահել-պահպա­նել կարենալու համար զանոնք իր հայկազուն հօտին հաւաքական վառ յիշողութեան մէջ։

«Պահը հզօր է, բայց աւելի հզօր է յիշողութիւնը»։

Մտածումը գերմանացի ականաւոր բանաստեղծներէն Շիլլերի կը վերագրուի, որ իբրեւ նշանաբան մէջբերած էինք այս գրութեան սկիզբը։ 1759–1805 թուականներուն հեղի­նակած իր խոհաիմաստասիրական կարգ մը բանաստեղծութիւններուն մէջ Շիլլեր գեղեցիկ պատկերներով կ’անդրադառնայ յիշողութեան ուժին՝ հիմնականօրէն կեդրո­նանալով հետեւեալ երեւոյթներուն վրայ.

ա.- Յիշողութիւնը իբրեւ հոգեւոր-իմացական երեւոյթ

Շիլլեր յիշողութիւնը կ’ընկալէ իբրեւ հոգեւոր-իմացական ուժ մը, որ կենդանի կը պահէ անցեալը: Ան հզօր երեւոյթ մըն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ վերապրելու անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերն ու դէպքերը, որոնցմէ կը ներշնչուինք եւ կ’ուժաւո­րուինք։

բ.- Յիշողութիւն եւ ինքնութիւն

Վերոնշեալ ստեղծագործութիւններուն մէջ Շիլլեր առանցքային նիւթ կը դարձնէ այն փաստը, թէ ինչպէ՛ս յիշողութիւնը կը նպաստէ մարդու ինքնութեան ձեւաւորման: Ար­դարեւ, յիշողութիւնն է, որ կը ձեւաւորէ անհատը ու ներկային մէջ կը սահմանէ անոր «ես»-ը:

գ.- Անցողիկութիւն եւ յաւերժութիւն

Շիլլեր կ’անդրադառնայ պահի անցողիկութեան եւ յիշողութեան յաւերժութեան գաղա­փարին: Պահը ընդամէնը ակնթարթ մըն է, հետեւաբար իսկոյն կ’անցնի ու կ’անհետա­նայ, յիշողությունը սակայն կը մնայ եւ կը դառնայ մարդու գոյութեան էական ու անբա­ժանելի մասը:

դ.- Յիշողութիւնը իբրեւ մխիթարութիւն պարգեւող երեւոյթ

Յիշողութիւնը կը հանդիսանայ մխիթարութիւն պարգեւող եւ յոյս ներշնչող երեւոյթ մը։ Ամենադժնդակ ժամանակներու եւ անյաղթահարելի թուող իրավիճակներու մէջն ան­գամ ան երջանկառիթ պահերու յիշատակով կ’օգնէ ամենաթանձր խաւարին մէջ տես­նելու լոյսի նշոյլ մը եւ թէկուզ անկումային ծանր կացութիւններու մէջ վերագտնելու ներքին ուժ մը՝ կեանքի փոթորկոտ բաւիղներուն վերստին կանգնիլ կարենալու համար։

Արդարեւ, փաստարկը արդարացի եւ կիրարկելի է՝ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգը պատուաստելով տիտղոսաւոր եպիսկոպոսներու, թէկուզ վիճակաւոր վարդա­պետներու դրուածքով։ Հակառակ պատճառաբանութիւնը արդարացի չէ՝ ըսելով «հի­մա եղածը պահենք, անցեալը անցած է»։ Անցեալին հետ ծուլաբար հաշտուելով չի զար­գանար ապագան, որովհետեւ կայ անցեալ, որ ունի ապագայ, երբեմն մօտակայ, իսկ երբեմն հեռակայ։ Ժամանակի յաւիտենական հոլովոյթին մէջ ոչինչ կը կորչի, այլ կը վերադառնայ, վերստին կը դառնայ ներկայութիւն, եթէ պահպանուի անոր հանդէպ հո­գեկան կապը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու անմեռ յիշատակը։

Անշո՛ւշտ պէտք է ի գին ամէն զոհողութիւններու պահպանել ու պաշտպանել եղածը՝ այն ինչ որ ունինք, սակայն կարելի չէ բռնազաւթուածը անցած-վերջացած եւ յատկա­պէս մոռցուած համարել, այլ հարկ է միշտ կենսաւորել անոր յիշատակը մեր ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Արդարեւ, իրապաշտութիւնը գնահատելի է, սակայն ան ամէն ինչ չէ եւ չի ներկայացներ բովանդակ ճշմարտութիւնը։ Փաստօրէն մտածում­ներու այս համատեքստին մէջ ան շքադրամին դիմերեսն է միայն, կայ նաեւ անոր դարձերեսը։ Մեր իմացած իրականութենէն այն կողմ միշտ գոյութիւն ունի ուրիշ իրա­կանութիւն մը, որ կ’որոշուի ոչ թէ ժամանակի հերթական յառաջացումով, այլ անոր քայ­քայող ուժին դիմակայելու եւ անցողիկութեան դիմանալու ունակութեամբ։ Այլա­պէս մոռնա՞նք ուրեմն Ադամակերտը, Ատանան ու Ալաշկերտը, Ամասիան ու Այն­թա­պը, Արաբկիրն ու Արղանան, Արծկէն, Արճէշն ու Բաղէշը, Բաբերդը, Պայազիտն ու Բերկրին, Դատվանն ու Տիատին, Եդեսիան, Երզնկան ու Եւդոկիան, Զէյթունն ու Թոր­թումը, Խարբերդը, Խլաթը, Խնուսն ու Խոզաթը, Կարսն ու Կարինը, Կերճանիսն ու Հաճընը, Մելիտինէն ու Մարաշը, Մուշն ու Սասունը, Շատախն ու Սեբաստիան, Սիսն ու Սղերթը, Վանն ու Տիգրանակերտը, Տրապիզոնն ու Տեւրիկը, Ցոլակերտն ու Քղին, ապա Բագրատուեաց քաղաքամայր Անին ու համազգային մեր գոյութեան մեծագոյն խորհրդանիշ Արարատն ու Մասիսը։

Արցախի հանդէպ կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն, ոչ-պակաս նաեւ եպիսկո­պոսներուն գրաւոր եւ բերանացի ելոյթներուն մէջ ցաւն ու վիշտը, բողոքն ու ընդվզումը ներազգայինէն մինչեւ միջազգային ատեանները զգալի են։ Այս փաստը միանգամայն հասկնալի ու տեղին է, սակայն ինչո՞ւ նոյն զգացողութիւնը առկայութիւն չէ պատմա­կան բազմաթիւ միւս թեմերուն առնչութեամբ։ Լսա՞ծ էք օր մը համանման ելոյթ մը Նախիջեւանի վերաբերեալ։ Նախիջեւանի կորուստը վաղնջական ժամանակներու մէջ պատահած իրադարձութիւն մը չէ, այլ ընդամէնը 16 մարտ 1921 թուականին, երբ ռուս պոլշեւիկներն ու քեմալական թուրքերը վերջնականապէս վճռեցին Նախիջեւանի հար­ցը՝ զայն յանձնելով Խորհրդային Ատրպէճանի վերահսկողութեան։ Մի՞թէ հաշտուած ենք այս իրողութեան հետ։ Պէտք չե՞ն նոյն ապրումները դրսեւորուին նաեւ Կարսի, Սիսի, Հաճընի, Սասունի, Զէյթունի եւ պատմական ուրիշ շատ մը թեմական վիճակ­ներու հանդէպ։

Այս տրամախոհութեան հետեւելով՝ խօսուն ապացոյց մըն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը. ինքնութիւն մը, որ մեզ հոգեկան-զգացական բոլոր թելերով կը կապէ պատմական այն փառահեղ անցեալին ու տարածաշրջանին հետ, ուրկէ ան յառաջացած է։ Իր եզակի եւ անշփոթելի անունով ան ցայսօր հանդէս կու գայ իբրեւ հոգեւոր-մշակութային եւ պատմական հարուստ աւանդոյթի փայլուն խորհրդանիշ մը, ջահակիրն ու պահապանը այն յիշողութեան, որ եղած է բնօրրանը Կիլիկիոյ հայու­թեան։ Թէպէտ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական այս աթոռը այլեւս տեղակայուած չէ Կիլիկիոյ սահմաններուն՝ իր աթոռանիստ Սիս մայրաքաղաքին մէջ, այնուամենայնիւ անոր նուիրական անունը կը պահէ անխզելի կապ մը հայ մշակոյթի, պատմութեան եւ ինքնութեան ակունքներուն՝ Կիլիկեան Հայաստանի հետ։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երու­սաղէմի եւ Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեանց ենթակայ պատմական թեմերը, որոնք մեզի ծանօթ շատ մը պատճառներով այլեւս հայաբնակ չեն, ժամանակին եղած են հայ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի կեդրոններ ու հայ ինքնութեան դարբնոցներ։ Անոնց յիշատակին պահպանումը տիտղոսաւոր եպիսկոպոսներու անուանումներով խոր­հրդանշական անժամանցելի ուժ մը կը պարունակէ իր մէջ՝ իբրեւ հաստատակամու­թեան եւ մոռացումի դէմ պայքարի հզօր ուղերձ մը։

Լիայոյս ըլլանք, որ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասը կ’անդրադառնայ թերեւս ակամայ այս բացթողումին եւ մօտ ապագային օր մը իր թեմակալ առաջնորդներուն հնարա­ւորու­թիւն կ’ընձեռէ կրելու միաժամանակ հայոց պատմական թեմերուն անունները։ Ո՞վ կամ ի՞նչը պիտի խանգարէ, եթէ էջմիածնական թեմերու վիճակաւոր առաջնորդներէն ոմանք կրեն սա կամ նա հայաթափուած պատմական թեմի մը անունը․ օրինակ՝ Սիւն­եաց թեմի առաջնորդը կրէ նաեւ Գանձակի թեմակալ առաջնորդի տիտղոսը, կամ Գու­գարաց թեմի առաջնորդը՝ Շամախիի։ Նոյնպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կրէ Սիսի հայրապետական իր բռնագրաւուած թեմի առաջնորդի անունը, Պէյրութինը՝ Ա­տանայի, Բերիայինը՝ Անտիոքի, Յունաստանինը՝ Գերմանիկիայի, Քուէյթինը՝ Այնթա­պի, Թեհրանինը՝ Ուլնիոյ, Ատրպատականինը՝ Անտիոքի, կամ Կիպրոսինը՝ Հաճընի։

Պատմական այս եւ թերեւս տակաւին հոս չնշուած շատ մը թեմերու յիշողութիւնը գե­րազանցապէս աւելի զօրեղ է, քան պահը՝ այսօրուան անցողիկութիւնը, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ հայ ինքնութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին շարունակականութիւ­նը։ Անոնց անուններուն եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումով մեր կեանքերուն մէջ տեղ կը տրուի երբեմնի այդ թեմերուն, մոռացութեան խաւարին մէջ թաղուելու փոխա­րէն անոնք ոչ միայն կը դառնան ներկայութիւն, այլեւ կը յիշեցնեն աշխարհին, որ այդ թեմերը եղած են դարաւոր բնակավայրերը հայ ժողովուրդին, անոր ունեցած ողբերգու­թիւններուն, Ցեղասպանութեան, կրած կորուստներուն եւ հայրենազրկութեան մասին։ Այսպէս, սոյնը կը ներկայանայ իբրեւ հզօրագոյն միջոց՝ նախեւառաջ յարգելու մեր մշա­կութային ժառագութիւնը, այլեւ ապահովելու, որ այդ վայրերն ու անոնց նշանակութիւ­նը չանհետանան հայոց հայկազուն հօտի եւ Թորգոմայ տան ժառանգորդներուն հաւա­քական յիշողութենէն։

17 Սեպտեմբեր 2024, Պաթոն Ռուժ – Լուիզիանա
Զկնի Ս. Խաչի՝ տօն է Ս. Եկեղեցւոյ

 

[1] Հմմտ. Ղեւոնդ Ալիշան, «Սիսուան. Համագրութիւն հայկական Կի­լիկիոյ եւ Լեւոն մեծագործ», Վենե­տիկ, Ս. Ղազար, 1885, էջ 65։

[2] Պէտք է նկատի ունենալ, որ Օրմանեան սրբազանի «Հայոց եկեղեցին» առաջին անգամ հրատա­րա­կուած է 1911 թուականին։

[3] Տե՛ս, Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Հայոց եկեղեցին եւ իր պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, վար­չութիւնը, բարեկարգութիւնը, արարողութիւնը, գրականութիւնը, ու ներկայ կացութիւնը», Կ.Պոլիս, 1911, էջ 265–267։

[4] Հմմտ. նոյնը, էջ 263–265։

[5] Հմմտ. նոյնը, էջ 263։

[6] Հմմտ. նոյնը, էջ 259–263։

[7] Հմմտ. նոյնը, էջ 265։

[8] Տե՛ս < https://www.yerepouni-news.com/%d5%b6-%d5%bd-%d6%85-%d5%bf-%d5%bf-%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b4-%d5%a1-%d5%af%d5%a1%d5%a9%d5%b8%d5%b2%d5%ab%d5%af%d5%b8%d5%bd%d5%ab%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a1%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d5%a1%d5%af-3/?utm_source=rss&utm_medium=rss&utm_campaign=%25d5%25b6-%25d5%25bd-%25d6%2585-%25d5%25bf-%25d5%25bf-%25d5%25a1%25d6%2580%25d5%25a1%25d5%25b4-%25d5%25a1-%25d5%25af%25d5%25a1%25d5%25a9%25d5%25b8%25d5%25b2%25d5%25ab%25d5%25af%25d5%25b8%25d5%25bd%25d5%25ab%25d5%25b6-%25d5%25b0%25d5%25a1%25d5%25b5%25d6%2580%25d5%25a1%25d5%25ba%25d5%25a5%25d5%25bf%25d5%25a1%25d5%25af-3 >։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button