Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
18 Սեպտեմբեր 2024
Վստահաբար միակը չեմ, որ կը մտածէ, թէ ՔՊ-ապետ Ն. Փաշինեան շատ աւելի լաւ կ’ընէ, եթէ պապանձի (նախկին նախարար մը ատենին յորդորեց անոր, որ լռէ), որովհետեւ իւրաքանչիւր մամլոյ ասուլիսի, հրապարակային յայտարարութեան եւ նման առիթներու՝ ցնդաբանութիւններ դուրս կու տայ, ինքզինք կը հակասէ, երէկուան կամ քանի մը ամիս առաջ ըսածը կը շրջէ եւ հակառակը կ’ըսէ (առանց բառերը գործածելու կը փաստէ, թէ տխմարներու թագաւորը կրնայ ընտրուիլ առանց մրցակիցի), եւ հաւատարիմ ունկնդիրներ կը գտնէ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Կայ զարամեալ համբակներու փաղանգ մը, որ կը շարունակէ յոխորտալ, թէ ան «ազգընտիր» է, ուրեմն կրնայ ընել՝ ինչ որ կ’ուզէ (ինք ալ ատենին նման ակնարկութիւն ըրաւ), մինչեւ իսկ Արցախի վրայէն գիծեր քաշել, Հայաստանէն օր-ցերեկով պատառներ նուիրել Ատրպէյճանի ու խոստանալ ուռճացնել նուէրներու փաթէթը, մինչեւ…: Նման զարամեալներ կը սրդողի՜ն, երբ ընդդիմադիրներ ցոյց կու տան անոր իսկական դէմքը:
18 Սեպտեմբերին պատահեցաւ բան մը, որ հիմնովին շրջեց Փաշինեանի մասին մեր հայեցակէտը: Յայտարարեց, որ ինք իսկական հայրենասէր է (ուրիշ շա՜տ բաներ ըսաւ), եւ երկար-բարակ լուսաբանութիւններ տուաւ իր հայրենասիրութեան մասին, փաստարկեց, որ իսկական հայրենասէր մըն է: Անոր խօսքերը պահ մը յիշեցուցին իր այն բոցաշունչ (եւ ամբոխահաճոյ) յայտարարութիւնը, թէ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»: Թէեւ նոյն պայթուցիկ ոճով չխօսեցաւ Չորեքշաբթիի (այսպէս կոչուած) ասուլիսին, սակայն միտք բանին հետեւեալն էր. «Ես հայրենասէր եմ ու վե՛րջ»: Կարծէք թէ կ’արձագանգէր «Ես եմ քու տէր Աստուածդ, ուրիշ Աստուած պիտի չունենաս» պատգամին…
Պրաւօ՜, ՔՊ-ապետ: Ո՞վ համաձայն պիտի չըլլայ նման հաւաստիքի: Բոլոր «հպարտ քաղաքացիներ»ը անկեղծօրէն հպարտ են քեզի պէս հայրենասէրներով:
Միայն թէ… կայ յստակացուելիք կէտ մը: Ո՞րն է այն հայրենիքը, որուն հանդէպ սէր, յանձնառութիւն եւ ծրագիրներու հաւատարմութիւն ունի այս արարածը: Եթէ պատասխանենք, որ այդ «հայրենիք»-ը Ատրպէյճանն ու անոր հովանաւորը՝ Թուրքիան են, ամէն բան իր տեղը կը նստի:
Կասկած չունիմ, որ նման ընկալում ունին նաեւ բազմաթիւ հայորդիներ: Իսկապէս որ, եկէ՛ք, պահ մը աչքի առջեւ բերենք ցանկը Փաշինեանի (եւ գործակիցներուն) «հայրենասիրութեան» արտայայտութիւններուն, սկսելով Արցախէն, անցնելով Հայաստանէն, հասնելու համար մինչեւ Սփիւռք, որուն այսպէս կոչուած՝ ներկայացուցիչներուն առջեւ կը կատարէր այս… խոստովանանքը, դիմակը վար առնելը: Որեւէ տեղէ չիմացանք, թէ զինք լսողներէն մէկն ու մէկը արդեօք երեսին տուա՞ւ իր խարդաւանանքներն ու հայրենիքին ու ազգին դէմ «իրագործումները» (որոնք, ի դէպ, բոլորն ալ «աննախադէպ» կ’որակուին):
…Ըսինք՝ եթէ ընդունինք որ Փաշինեանի ու խմբակին «հայրենասիրութեան» աղբիւրը մեր դարաւոր թշմամիներուն հաւատարմութիւնն է, անոնց ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ընթացք տալը, անոնց իւրաքանչիւր մատի շարժումին ընդառաջ վազելը՝ ամէն բան իր տեղը կը նստի:
Եւ թող ո՛չ ոք այս տողերը որակէ զրպարտութիւն, անհիմն պարսաւանք եւ անարդար քննադատութիւն: Նոյնինքն իշխանաւորներուն եւ անոնց կոյր հետեւորդներուն կատարենք մէ՛կ յիշեցում. ինք չէ՞ր, որ օր մը բարձրաճակատ յայտարարեց, թէ չի նեղանար՝ եթէ զինք թուրք կոչեն: Երբ խոստովանողը ի՛նք է, կրնանք եզրակացնել. « Ի բերանոյ քումմէ դատեցայց զքեզ։ Ի բերանոյ երկուց եւ երից վկայից»: