ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՏԷՐ ԱՐՄԷՆ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ «ԿԵԱՆՔԷՆ ԷՋԵՐ» ԳԻՐՔԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 30 Second

p12-derarm-21

Վերջերս, ստացանք Տէր Արմէն Աւագ Քհնյ. Իշխանեանի »Կեանքէն Էջեր« գիրքը:Այժմ Գանատաբնակ, »Հայրենիք«ի մօտիկ բարեկամն է ան եւ հետեւողական այցելուներէն: Ան, քանի մը տարի մը աշխատակցած է հաստատութիւնէս ներս:Պոսթըն կեցութեան ժամանակ, ան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, հանրային, ազգային թէ եկեղեցական բնագաւառներէն ներս:
Նաեւ ան ուսանած է »Հարվըրտ« համալսարանի կրօնական եւ գրական ճիւղերէն ներս:
Նախապէս, 2001-ին ան լոյս ընծայած է կարճ պատմուածքներու գիրք մը՝ »Երկու Աշխարհ«:Ստորեւ, մաս մը »Կեանքէն Էջեր«էն, որ կ’ընդգրկէ յուշեր »Հայրենիք«ի անմիջական միջավայրէն:
ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՕՐԵՐ
…Մայիս 1« 1989ին լրացաւ »Հայրենիք« օրաթերթի 90 տարին« ու բնականաբար պատշաճ կերպով պիտի նշուի հայ մամուլի նուաճած այս մեծ անկիւնադարձը եւ արժանի յարգանք ընծայուի թերթի հիմնադիրներուն եւ խմբագիրներուն:
»Հայրենիք« անցնող երկար տասնամեակներուն ունեցած է նաեւ իր խոնարհ հերոսները« որոնց մասին եւս կ’արժէ« որ գրուի:Անոնք տպարանի եւ գրաշարատան ծառայողներն են« որոնք »Հայրենիք«ի կեանքին մէջ ոչևարհամարհելի դեր կատարած ըլլալով մէկտեղ« ապրումներու հարուստ պաշար ունենալով հանդերձ« այսօր կամ հեռացած են այս աշխարհէն եւ կամ գրելու վարժութիւն չունենալով չեն կրնար արտայայտուիլ:
Նկատելով որ 8 տարիներ անընդհատ գտնուած եմ մօտիկութեանը« ինչու չէ նաեւ մտերմութեանը մէջ այդ հաստատութեան որքան համեստ« գործաւորներու« նոյնքան ալ այնպիսի պատկառելի անձնաւորութիւններու« որոնք մեր վերջին դարու ազգային ու գրական կեանքին վրայ դրած են իրենց անջնջելի կնիքը« կը փափաքիմ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող մի քանի արագ ակնարկներով թէ խղճի պարտք մը կատարել ինծի գործակից խոնարհներուն թէկուզ անոնց անուններու յիշատակութեամբ միայն եւ թէ վերապրիլ այդ քաղցր ու լեղի օրերը…
Հայ գրին ու գրականութեան հանդէպ սնուցած սիրոյս հետեւանքով« տպարանն ու խմբագրատունը ի սկզբանէ գրաւչութիւն մը ունեցած են. ու այդ զգացումը եղաւ թերեւս այն մղիչ ուժը« որ զիս տարաւ »Հայրենիք«:
1961-ի ամառն էր. ժողովի մը համար կը գտնուէի Պոսթըն:Այն ատեն առաջարկուեցաւ ինծի հոն մնալ ու աշխատիլ »Հայրենիք« հաստատութեան մէջ:Ինչպէս ըսի« տպարանի մթնոլորտը սիրելուս‘ խայծը զօրաւոր էր. բայց մերժեցի« առարկելով թէ ազգային գործի համար վճարուելու վարժ չէի. հետեւաբար »Հայրենիք«ի մէջ վճարումով աշխատիլը խորթ էր ըմբռնումներուս:Վերադարձայ բնակավայրս Նիակարա Ֆօլզ:
Բայց հետապնդումները շարունակուեցան. բացատրուեցաւ թէ այդ աշխատանքին համար որու որ ալ ըլլայ պիտի վճարեն« թէ սխալ էր մտածումս« ինծի պէս վստահելի մէկուն անհրաժեշտաբար պէտք ունէին եւայլն« չմոռնալով նաեւ աւելցնել« թէ Պոսթընի մէջ վճարովի աշխատանքէս ետք բաւականաչափ անվճար գործ կար ազգիս ծառայելու համար:
Ողբացեալ Ճէք Մուրատեան եւս« որու հանդէպ ունեցած սէրս ու ակնածանքս ընդմիշտ պիտի մնան անխաթար« կը յորդորէր որ ընդունիմ առաջարկը« միաժամանակ զգուշացնելով


– Գնա° Պոսթըն« բայց լաւ գիտցիր թէ պոսթընցիք կը բզքտեն մարդս. զգոյշ թոյլ մի տար որ բզքտեն քեզ եւս…
Որքան ճշգրիտ ախտաճանաչումն էր այդ օրերու մթնոլորտին« ու հոգեբանութեան« որուն ճշմարտացիութիւնը պիտի հաստատէի աւաղ այնքան շուտ…
Վերջապէս« 1961ևի նոյեմբերեան մառախլապատ առաւօտ մը« Մոնթրէալի վրայով հասայ Պոսթըն. եւ երբ թաքսին զիս իջեցուց »Հայրենիք«ի շէնքին առջեւ« սիրտս սկսաւ տրոփել ուժգնօրէն. կարծէք սրբավայր մըն էր որ կը մտնէի կթոտ քայլերով ու խոր երկիւղածութեամբ:Այդ պահուն կը կարծէի թէ հասած էի կեանքիս վերջնական հանգրուանին« հաւատալով թէ այս հաստատութեան մէջ է որ պիտի հասնէի կեանքիս վերջին շունչին:Բոլորովին մոռցած էի Խորհուրդ մարդկանց կամքն Աստուծոյ ոսկեղէն խօսքը:
Գործավար Հրաչ Դարպասեան դիմաւորեց զիս կոճկուած ժպիտով մը. ապա կարգաւ ներկայացուց խմբագիրներուն եւ կարգ մը պատասխանատուներու« որմէ ետք գրասենեակը առաջնորդելով յայտնեց« թէ պարտականութիւնս պիտի ըլլար կարելի փութով սորվիլ տպագրելը« որպէսզի կարենայի փոխարինել երկարամեայ տպագրիչ Հայկ Պոնճուքեանը« որ կը փափաքէր հանգստեան կոչուիլ:
Առանց ժամանակ կորսնցնելու աշխատանքի զգեստ մը քաշելով վրաս« գործավարին հետ իջանք ներքնայարկ« ուր ուղղակի ենթակային յայտնեց թէ զայն փոխարինելու համար է որ  եկած էի:Նման խօսելակերպ խորթ թուեցաւ ինծի. շատ դիւրութեամբ կրնար ըսել թէ°- Իր գործը թեթեւցնելու համար  օգնական մը բերած էր… տիրեց լռութիւն« սակայն աչքէս չվրիպեցաւ մեզմէ քիչ անդին կանգնած »ֆորմէն« Մկրտիչ Տէր Աւետիսեանի Հայկ Պոնճուքեանին ուղղած գլխու եւ ձեռքի յատկանշական շարժումները. Գործավարը չնկատեց« բայց ես շատ բան հասկցայ…
Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է յայտնեմ թէ այդ օրերուն« »Հայրենիք«ի տպարանն ու գրաշարատունը գործօն հրաբուխի մը խառնարանին երեւոյթը ունէին:Գրաշարներէն մաս մը դեռ նոր փորձած էր »եունիըն«ի մաս կազմել« սակայն քուէն կորսնցուցած էր. հետեւաբար սուր լարուածութիւն կար գրաշարներու միջեւ եւ դժգոհները գործադուլի կը պատրաստուէին:Երկար տարիներու »ֆորմէն« Մկրտիչ Տէր Աւետիսեանի գլխուն վրայ բերուած էր Հրաչ Դարպասեանը իբրեւ գործավար կամ »մէնէճըր«« որ գործին       գաղտնիքներուն բոլորովին անտեղեակ ըլլալով« միշտ դժուարութեանց դէմ յանդիման կը բերուէր« պարզ է թէ« որու կողմէ:Ուժերու խուլ պայքար մըն էր« որուն մէջ կը քաշուէի ակամայ եւ անգիտակցաբար:
Մէկ կողմը շատ բնական կերպով կը տրամաբանէր թէ քանի որ գործավարն էր զիս հոն բերողը« պէտք էր որ ըլլայի անոր դաշնակիցը. ուրեմն պարտէին հալածել զիս« միջոցներու մէջ խտիր չդնելով:Իսկ միւս կողմէ« գործավարն ալ շատ շուտով կատարած ձախող փորձով մը տեսնելով թէ ես նպատակ չունէի ոչ մէկուն դաշնակիցը կամ հակառակորդը ըլլալու« յուսախափ ու կասկածոտ‘ իր կատաղութեան թիրախը դարձուց զիս:Մնացի երկու քարի միջեւ…
Ինչպիսի զգացումներով մտած էի »Հայրենիք«« ինչ կը գտնէի:Հիասթափ էի« բառին ամենամեղմ իմաստով. սակայն Ճէք Մուրատեանի խրատը տոկալ կը յուշէր ինձ:
Թիւրիմացութեանց տեղի չտալու համար ճշդեմ« թէ տագնապը համեմատաբար ժամանակաւոր էր« եւ ամէն ինչ շուտով մտաւ իր բնականոն  հունին մէջ:Այսօր« երբ վերյիշածս անձերուն մասին կը գրեմ« անոնք արդէն հեռացած են այս աշխարհէն ինծի հետ բոլորովին հաշտ կերպով:Հրաչ Դարպասեանը« նկարագրիս մօտէն ծանօթանալէ ետք« դարձաւ Պոսթընի լաւագոյն բարեկամներէս մին:Իսկ Մկրտիչ Տէր Աւետիսեանը ուղղակի կը գուրգուրար վրաս. այնքան որ իր թանկագին գրքերով հարուստ գրադարանը ինծի նուիրեց ամէն օր ութևտասը գիրք շալկած մինչեւ »Հայրենիք« բերելով. ճշդեմ նաեւ« որ Հայկ Պոնճուքեանը կողմ ըլլալով մէկտեղ« անձիս նկատմամբ ոչ մէկ դժուարութիւն յարոյց:Բացառիկ նկարագիր մըն էր. որքան բծախնդիր էր գործին հանդէպ« նոյնքան ալ կեանքի մէջ լուրջ հով մը ունէր վրան. ցմահ« ԱՅՈ ըսաւ« երբ որ »Հայրենիք« կարիքը ունեցաւ իր մասնագիտական խորհուրդին:
Հազիւ երկու ամիս է որ կը սորվէի տպել« երբ գրաշարները գործադուլ յայտարարեցին:Միայն մէկը Կարպիս Զէրտէլեան չմիացաւ բանթողներուն« հետեւաբար« ամբողջովին իր վրան մնաց օրաթերթը ժամանակին հասցնելու պարտականութիւնը:Ստիպուած էր ամէն օր մինչեւ կէս գիշեր աշխատիլ:Ես ալ իմ կարգիս« պարտականութիւն սեպեցի ամէն գիշեր երթալ Կարպիսին քով նստիլ ու զրուցելով զբաղցնել զինքը, որպէսզի քունը գալով ինք եւս կանգ չ’առնէ, որու հետեւանքը »Հայրենիք«ի համար շատ անպատուաբեր կրնար ըլլալ« օր մ’իսկ եթէ դադրէր լոյս տեսնելէ…
Օր մը« երբ դարձեալ նստած« սարէն ու ձորէն կը խօսէինք ու ան կ’աշխատէր« ըսաւ.
– Եկուր սա քովի տողաշարին դիմացը նստէ ու գրաշարութիւն սորվէ ու տպելը ձգէ պարոն Հայկին:
– Բայց խեղճը տարիքը առած է« կը փափաքի հանգստեան կոչուիլ:
– Ամէն ըսուած խօսքը հալած իւղի պէս մի° կլլեր. մարդը արդարօրէն յոգնած է. ուզածը մեքենականութեան քիչ մը  արդիականացումն է:Իսկ եթէ այս հաստատութեան իսկապէս կ’ուզես օգտակար ըլլալ« այդ միայն գրաշարութեամբ կրնաս:
Այնուհետեւ« ամէն գիշեր սկսայ փորձել« կամաց կամաց արդիւնաւոր դառնալու չափ ալ վարժուեցայ. ներքնապէս կը հրճուէի այն մտածումով« թէ քիչ ատեն ետք« պիտի ներկայանայի գործավարին ու կուրծքս ուռեցուցած յայտարարէի.
– Ընկեր Հրաչ« ուրախ լեր. հաճելի անակնկալ մը ունիմ քեզի. ահա ես« պատրաստ գրաշար մը նուէր ձեզի…եւս առաւել« կ’երեւակայէի բոլորին կողմէ անձիս ուղղուած գովասանքներ« որ գիշերային հանգիստի ժամերս զոհելով« կ’ըլլայի գրաշար« որը այդ օրերուն անգտանելի էր. հաստատութիւնը նոյնիսկ պատրաստ էր իր քսակէն ծախսելով գրաշարական դպրոց ղրկել երիտասարդ մը« սակայն թեկնածու չկար:Հետեւաբար« իրաւունք ունէի հպարտ զգալու եւ փոխադարձ գնահատանք ակնկալելու…
Քանի մը օր ետք« գործավարը կանխեց զիս ու հրաւիրեց գրասենեակ. դէմքը խոժոր էր եւ աչքերը ուղղած գրասեղանին« ըսաւ.
-Ստոյգ աղբիւրներէ  կ’իմանամ թէ դուն գրաշարութիւն սորված ես. շատ կը ցաւիմ որ առանց մեր գիտակցութեան նման անպատասխանատու արարքներու մէջ կը գտնուիս:Ուրեմն այսուհետեւ« մինչեւ կէսօր կապար պիտի հալեցնես ու թերթի առաքումները կատարես« որուն համար օրական հինգ տոլար պիտի ստանաս. իսկ կէսօրէն ետք գրաշարութիւն պիտի ընես ամէն մէկ »կէլի«ին մէկ տոլար:
Ես ի՞նչ երազներ հիւսած էի« այս մարդը ինչեր կ’ըսէր… շշմած էի ու հոգեպէս փլուզած. »կէլի«ին մէկ տոլար…
– Բայց ես« – ուզեցի առարկել ու բացատրել. սակայն առաջարկը այնքան անհեթեթ ու արտառոց էր որ« սառն անտարբերութիւն պատճառեց. այսքան անխղճութեան դէմ կարելի չէր առարկել« ալ մոռնանք գեղեցիկ երազներս… հետեւաբար մտադրութեանս մասին որեւէ կասկածի տեղի չտալու համար« շատ անմեղունակ լրջութեամբ ըսի.
– Ընկեր Հրաչ« այս առաջարկիդ բերումով »Հայրենիք«ի մէջ աշխատանքս նախկին համաձայնութենէն տարբեր բնոյթ մըն է որ կը ստանայ« որը յետագային թերեւս կրնայ զիս գոհացնել ու ձեզ դժգոհ ձգել կամ հակառակը. արդ« կ’առաջարկեմ որ ամիս մը փորձենք այս նոր ձեւը. պայմանաժամի աւարտին երկուքս ալ ազատ ըլլանք մերժելու կամ շարունակելու այս ձեւը:Հակառաջարկս շատ փափկութեամբ ըրի որ չկասկածի բուն մտադրութեանս մասին:Շատ միամիտ էի. ետքէն յայտնեց թէ ինք գիտէր թէ ինչ կ’ընէր« եւ ես ինչպէս պիտի ընդունէի առաջարկը:Իր նպատակը ինձմէ ազատիլ էր եղած…
Առաջին գործս եղաւ հեռաձայնել եղբօրս Նիակարա Ֆօլզ եւ խնդրել իրմէ որ գործ մը գտնէ իր քովէն‘ հարեւանցի բացատրելով Պոսթընի մէջ տիրող կացութիւնը:Հաշիւներս ըրած էի որ ճիշդ մէկ ամիս ետք եղբայրս արդէն ժողովի պիտի գար Պոսթըն« միասին ալ պիտի վերադառնայի ոտքիս փոշին թօթուելով…
Այսպէս թէ այնպէս« այդ մէկ ամիսը անցուցի եւ վախճանին ներկայանալով գործավարին« յայտնեցի թէ փորձելով իր առաջարկած կերպը« տեսայ թէ գոհացուցիչ չէր ինծի համար. հետեւաբար« ըստ մեր համաձայնութեան« կը դադրէի »Հայրենիք«ի աշխաանքէս:
Գործավարը դժգոհ չէր որոշումէս մանաւանդ երբ լսեց թէ Պոսթընէն ալ պիտի հեռանայի:
– Գնա°յ« – ըսաւ« – գնայ« մօրդ եւ եղբօրդ քով« աւելի լաւ կ’ըլլաս… Համբուրուեցանք…
Բայց դէպքերը տարբեր դարձուածք ստացան:Նոյն օրն իսկ« որ գործը պիտի լքէի« ինծի հետ թերթի առաքումները կատարող Առաքել Խաչիկեան հիւանդացաւ:Տուեալ պայմաններուն մէջ« գործավարը խնդրեց որ գոնէ մինչեւ Առաքելին առողջանալը շարունակեմ գործս:Ընդունեցի« պայմանով որ այդ ընէի անվճար (չէի ուզեր կրկին կապուիլ »Հայրենիք«ին):
Յաջորդ օր գործավարը կը հրաժարէր պաշտօնէն. առժամեայ գործավար կը նշանակուէր Մինաս Թէօլէօլեան« որու առաջին գործը եղաւ զիս իր մօտ կանչել ու յանդիմանել »Հայրենիք«էն հեռանալու որոշումիս համար ու խոստացաւ նոր գործավարի ժամանմամբ արդար կարգադրութիւն մը ընել:Չկրցայ մերժել:Չ’անցաւ ժամ մը« երբ Առաքել Խաչիկեան կատարելապէս առողջացած վերադարձաւ գործի… Այդ Տարօնցի սրբակրօն կաղնին այնպէս լայն ժպիտով մը փաթթուեցաւ վզիս« որ կասկած չթողուց իր հիւանդութեան քաղաքական բնոյթին շուրջ…
Նոր կարգադրութեամբ դարձայ լիաժամ գրաշար. եւ հպարտութեամբ կրնամ յայտնել թէ տարիներով մղձաւանջ դարձած ու տեւական բնոյթ ստացած գրաշարական գործադուլ այլեւս տեղի չունեցաւ աւելի քան եօթ տարուան գրաշարութեանս շրջանին:
Զիս կանխող ու ինծի յաջորդող գրաշարներէն կը յիշեմ Կարպիս Զէրտէլեանը« Արտաւազդ Տաղլեանը« Վարդգէս Աֆրիկեանը« Միրիճան Մանաւեանը« Յակոբ Հացպանեանը« Սարգիս Մաճառեանը եւ խափշիկ Ճանին:Տպարանի բաժնէն Մկրտիչ Տէր Աւետիսեանը (ֆորմէն)«  Հայկ Պօնճուքեանը« Տիգրան Պալեանը« Սեպուհ Մուրատեանը« Ֆլոյտը« եւ խափշիկ Ռապըրթը:
…Գրաշարի երազն է մաքուր եւ ընթեռնելի ձեռագիրը. այդ պատճառով ալ ինծի շատ սիրելի էին Արամ Հայկազն ու Վալադ Վալադեանը« որոնք մեքենագիր կը ղրկէին իրենց յօդուածները. դիւընթեռնելի էին նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի« Բենիամին Թաշեանի« Կարօ Մեհեանի )Դէտ( գիրերը. իսկ սարսափս էր Գուրգէն Մխիթարեան« որուն գիրը սեպագիր էր կարծէք:Անգամ մը գրաշարատան մէջ շրջեցաւ Մխիթարեանի խմբագրականը« որուն մէկ բառը անընթեռնելի էր. ոչ մէկս կրցանք գուշակել թէ ի՞նչ է. տարինք հեղինակին. այդ ազնուական մարդը նայեցաւ« նայեցաւ« քանի մը անգամ բարձրաձայն կարդաց« ի զուր. այդ բառին վրայ խոփը քարին կը հանդիպէր. Ճարահատ« ամօթխած շիկնումով չնչեց բառը ու վերադարձուց գրութիւնը:
Հայկազն Ղազարեան )»Ցեղասպան Թուրքը« գրքին հեղինակը(« կը մեքենագրէր. սակայն այնքան անխնամ« խառնիխուռն ու պակաս բառերով« որ գրաշարներս խմբագրական աշխատանք ալ պէտք է կատարէինք:Ընդհանրապէս ես կը շարէի այդ յօդուածները« ու առիթ չէի տար որ միւս   գրաշարները    իրենց անվերջանալի առարկութիւններով ու վէճերով վիրաւորէին այդ մաքրամաքուր նուիրեալին արժանապատուութիւնը:
Համաստեղ գոհացուցիչ եւ ընթեռնելի գիր ունէր. սակայն ան ալ տկարութիւն մը ունէր. էջը կը սկսէր լման տողով. իսկ երբ յատակը հասնէր« անզգալաբար այնքան աջ շեղած կ’ըլլային տողերը« որ մէկ բառով տողը կը վերջանար:
Ռուբէն Դարբինեանին աչքը տկար ըլլալուն« գիրերը կլոր ևկլոր ու լայն կը գրէր.-Խաղաղութիւն կամ Դաշնակցութիւն եւ նման բառեր մէկ տող կը գրաւէին. սկիզբը ինծի անհասկնալի կը թուէր« սակայն երբ գաղտնիքին տիրացայ« խաղ էր:
Մինաս Թէօլէօլեանի գիրը գեղեցիկ է եւ հլունի նման շարուած. բայց… այնքան չակերտներ« շեշտեր« բութեր ու երկարներ կը գործածէր« որ գորգ հիւսելու նման« ձեռքերովդ գիրերը պէտք է վեր ու վար տանիս« որը բնական է« շատ ժամանակ կը խլէ« մինչ միշտ ալ գրաշարի պակասէ տառապած ենք:Օր մը« Պաղ պատերազմի շրջանին« Մինաս Թէօլէօլեան կծու խմբագրական մը գրած էր հակառակորդ կուսակցութեան դէմ« բնական է« ըստ ընկալեալ սովորութեան« մէջբերումներու համար արամեան գրերով« բացագանչութեանց երկարներով« հրամայական շեշտերով. գրաշարը խմբագրականը շարելէ ետք« յատակը« իր կողմէն կ’աւելցնէ.
– Ընկեր խմբագիր« դուք գրաշարներուն դէմ է որ կը պայքարիք եւ ոչ թէ հակառակորդներուն… Պատասխան
– Հպարտ եմ ձեզմով.
 Հաճելի օրեր էին« անմոռանալի օրեր…

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles