Սլաք.- ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ…

0 0
Read Time:4 Minute, 24 Second

Մար­դիկ եր­բեմն կ՛ու­նե­նան հե­տե­ւեալ մտա­ծու­մը.- “Երա­նի թէ ապ­րած ըլ­լա­յի այ­սինչ դա­րուն…“:

Ես պի­տի չու­զէի ապ­րիլ որե­ւէ այլ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մէջ, որով­հե­տեւ այ­սօր­ուան ժա­մա­նա­կը ան­գե­րա­զան­ցելի­օ­րէն նա­խան­ձե­լի է. բախ­տա­ւոր­ուած ենք գիւ­տա­րար… պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, որոնք օր աւուր հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու­ներս կը շշմեց­նեն իրենց չնաշ­խար­հիկ գիւ­տե­րով. այս մար­դի­կը ի յայտ կը բե­րեն գիւ­տա­րա­րի այն­պի­սի տա­ղանդ, որ նա­խան­ձը պի­տի շար­ժէր պատ­մու­թեան հին ու նոր շրջան­նե­րու »բազ­մա­տա­ղանդ« ղե­կա­վար­նե­րուն, սկսե­լով Նե­րո­նէն մին­չեւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու Մա­րի Անթ­ուա­նէ­թը եւ ու­րիշ­ներ: 

Իբ­րեւ փաստ, թուեմ վեր­ջին օրե­րու գիւ­տե­րէն մէկ քա­նին: 

Ա.- Մրցա­նա­կի ար­ժա­նի գիւտ մը կա­տա­րեց Հի­լը­րի Քլին­թըն, երբ յայ­տա­րա­րեց, թէ ամե­րիկ­եան լրա­տու աղ­բիւր­նե­րը իրենց գոր­ծը լաւ չեն ըներ, պատ­ճառ կ՛ըլ­լան, որ ամե­րի­կա­ցիք աշ­խար­հի ան­ցու­դար­ձե­րուն իրա­զեկ դառ­նա­լու հա­մար ապա­ւի­նին այլ աղ­բիւր­նե­րու: Նա­խա­րա­րու­հին առա­ջար­կեց պիւտ­ճէ­ա­կան տնօ­րի­նում կա­տա­րել, այս կա­ցու­թիւնը դար­մա­նե­լու հա­մար: Hellllloooo… Բայց նոյն այս կա­ռա­վա­րու­թիւնը չէ՞ որ պիւտ­ճէ­ա­կան կրճա­տում­ներ կը կա­տա­րէ հոն` ուր պէտք չէ ընէ, մի­ա­ժա­մա­նակ կը ճգնի բազ­մա­պատ­կե­լու զի­նա­կան մար­զի պիւտ­ճէ­նե­րը: 

Բ.- Նա­խա­գահ Օպա­մա ին­չո՞վ ետ կը մնայ Քլին­թը­նէն. ան­շուշտ մեր խօս­քը գիւ­տա­րա­րու­թեան մա­սին է…: Քա­նի մը օր առաջ, ան ալ գիւտ մը ըրաւ, յայ­տա­րա­րե­լով, որ Լիպ­իոյ նա­խա­գա­հը` Մուամ­մար Քա­զա­ֆի պէտք է իշ­խա­նու­թիւնը զի­չի, որով­հե­տեւ անոր հա­ւա­տա­րիմ զին­եալ ու­ժե­րը ռմբա­կո­ծած են ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ զո­հե­րու պատ­ճառ դար­ձած են: Ան մին­չեւ իսկ քո­ղարկ­ուած սպառ­նա­լիք ուղ­ղեց Քա­զաֆիի, թէ` ամե­րիկ­եան ու­ժե­րը կրնան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րել, եթէ դէպ­քե­րը մնան նոյն ըն­թաց­քին մէջ: Բնա­կա­նա­բար Օպա­մա­յի այս գիւ­տը ու­նի մար­դա­սի­րա­կա՜ն շար­ժա­ռիթ, եւ կապ չու­նի Լիպ­իոյ քա­րիւ­ղի հարս­տու­թեանց հետ: Չէ՞ որ Իրա­քէն ներս մի­ջամ­տու­թիւնն ալ մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րով էր, ու իրաք­ցիք 2003էն ի վեր կը վա­յե­լեն այն­պի­սի բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ, զորս չէ­ին կրնար երե­ւա­կա­յել Սատ­տամ Հու­սէյ­նի օրե­րուն: Ամե­րիկ­եան բա­րե­սի­րու­թիւնը նմա­նա­պէս ոչ մէկ կապ ու­նի քա­րիւ­ղին հետ: Ով որ հա­կա­ռա­կը կը պնդէ, թող եր­կու աչ­քով կուր­նայ…

Գ.- Մրցա­նա­կի ար­ժա­նի այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է Աֆ­ղա­նիս­տա­նի նա­խա­գա­հը` Հա­միտ Քար­զայ: Անոր գի՞ւ­տը…: Մար­դը այ­լեւս ան­հան­դուր­ժե­լի կը նկա­տէ ՆԱ­ԹՕի ու­ժե­րուն կող­մէ ան­մեղ­նե­րու ջար­դը` օդա­նա­ւա­յին թէ այլ յար­ձա­կում­նե­րու ճամ­բով: Շուրջ եր­կու շա­բաթ առաջ, օդա­նա­ւա­յին յար­ձա­կու­մի մը զոհ գա­ցին ինը մա­նուկ­ներ ու պա­տա­նի­ներ, որոնք ոչ մէկ կապ ու­նէ­ին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հետ: Ամե­րիկ­եան ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւնը նախ որ­դեգ­րեց խու­սա­փո­ղա­կան ու ան­պար­տի մօ­տե­ցում, բայց յե­տոյ, Զօր. Փաթ­րէ­աս խոս­տո­վա­նե­ցաւ եւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրեց: Գիւ­տա­րար Քար­զայ ան­բա­ւա­րար նկա­տեց Փաթ­րէ­ա­սի յայ­տա­րա­րու­թիւնը եւ յան­կարծ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ռա­պըրթ Կէյթս »փայ­լա­տա­կեց« Աֆ­ղա­նիս­տա­նի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ: Ան հա­ւա­նա­բար գա­ցած է քու­լի­սա­յին բա­ցատ­րու­թիւն տա­լու Քար­զա­յի պէս մար­դոց, որ ամե­րիկ­եան ու­ժե­րուն ար­տօն­ուած է այն, ինչ որ ար­գիլ­ուած է Քա­զա­ֆի­նե­րու…

Ի՛ս­կա­պէս. ո՞վ պի­տի ու­զէր ապ­րիլ ու­րիշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, զրկուիլ նման գիւ­տա­րար ղե­կա­վար­նե­րէ…

 Ս.Մ.

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles