ԱՊՕՐԻՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Մարտ 16, 1921-ին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրը միակը չէ, իր հարցական կարգավիճակով եւ դրութեամբ:

Արդարեւ Դեեկտեմբեր 1920-էն Հոկտեմբեր 1921…տաս ամիսներու ընթացքին, երեք պայմանագրեր ստորագրուեցան: Առաջինը` Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը ( Դեկտեմբեր 3, 1920-ին), երկրորդը` վերոյիշեալ թուականին կայացած Մոսկուայի պայմանագիրը եւ վերջապէս Կարսի պայմանագիրը` Հոկտեմբեր 13, 1921-ին:

Դժբախտաբար երեք փաստաթուղթերն ալ կը կրեն պայմանագիր անուանակոչումը, այսուամէնայնիւ, անոնցմէ ոչ մէկը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած, կարելի է պայմանագիր որակել:

Հոս տեղին է փաստագրութիւններով նշել թէ կնքելու ընթացքին եւ ժամանակամիջոցին, վերոյիշեալ երեք պայմանագրերն ալ ապօրինի պայմաններու տակ կայացած են:

Թուրքիոյ կողմէ ոչ մէկ ներկայացուցիչ ներկայ եղած է այս պայմանագրերուն: Այլ 1920-էն 1921 տարիներուն վրայ երկարող Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ գործուղղուած ապստամբական շարժման գործադիր մարմինն էր պայմանագիրը ստորագրողը:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ Հոկտեմբեր 29, 1923-ին, թուական մը, որ պայմագրերէն ետքն է եւ միայն այդ օրէն ետք կարելի է խօսիլ Քեմալականներու օրինական իշխանութեան մասին: Իսկ, գործող սահմանադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած, այդ երեք պայմանագրերու կարճ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնը  սուլթան-խալիֆան էր, ոռ փաստօրէն ներկայ չէր:

Օրին, տասնեակէ մը աւելի պետութիւններէ բաղկացած, Խորհրդային Միութիւն կոչեցեալ դաշնակցութիւն-պետութիւնն ալ, այդ օրերուն հարցական էր: Ըստ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներուն, այս հանրապետութիւնները բացարձակապէս չեն ունեցած միջազգային ինքնութիւն եւ բնականաբար իրաւասու չեն եղած կնքելու միջազգային պայմանագրեր:

Այս գծով, Սպիտակ Տան ծերակոյտն ալ, Յունիս 3, 1924-ին պաշտօնապէս լոյս ընծայուած թիւ 245 բանաձեւով, յստակօրէն հաստատած էր թէ Հայաստանի պետութիւնը կործանուած է ի հետեւանք Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ համատեղ գործունէութեան:

Յստակ է եզրակացութիւնը…Ապօրինի փաստաթուղթերու արդիւնք` ’’ծախուած’’ են Կարսն ու Նախիջեւանը:

Հայրենիք

Մարտ 16 , 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles