ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 Դեկտեմբեր 2024
Շար. 23/24
haroutchekijian.wordpress.com
Պոլշեւիկ Ռուսիան եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս կարծեցեալ թշնամին՝ Անգլիան, Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան ընթացքին իսկ, 1919-1920, քաղաքակրթութեան դէմ դաւաճանեցին, ոսկիով ու զինամթերքով օգնելով սուլթանին դէմ ըմբոստացած Մուսթաֆա Քեմալին, որպէսզի պարտուած ու քայքայուած թշուառացած Թուրքիան վերականգնի, ու հողեր վերագրաւէ: Նմանապէս՝ շուրջ 54 տարի ետք, Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման ժամանակ, այնտեղ գտնուող անգլիական բանակը, որ իբրեւ թէ Կիպրոսը ցարդ պաշտպանելու համար էր, ոչինչ ըրաւ՝ մի՛այն դիտեց ու յայտարարեց. «Եթէ մեր վրայ յարձակին՝ այն ատեն կը հակադարձենք»… Օրին՝ Պի Պի Սի-էն լսեցի այս լկտի կեցուածքը:
Թուրքիան՝ վարչապետ Պիւլենտ Էճէւիտի օրօք, 20 յուլիս, 1974-ին, 1923-ի Լոզանի դաշնագիրին դէմ հաւանաբար առաջին յանցանքը գործեց, երբ յարձակեցաւ նախկին Օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ Կիպրոսի վրայ եւ գրաւեց ու ցարդ գրաւած կը պահէ կղզիին շուրջ 36 տոկոսը (1), արհամարհելով ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնն ու դաշնագրերը: Յոյն կիպրացի 40 ամեայ վրիժառու՝ Սթաւրոս Սայքօփեթրիլէս, 26 յուլիս 1977-ին Էճէւիտի դէմ ձախող մահափորձ մը կատարեց, երբ ան Նիւ Եորքի Ուալտորֆ Ասթորիա պանդոկը մտաւ: Կրակելէն ակնթարթ մը առաջ՝ ամերիկացի ոստիկան մը, տեսնելով ատրճանակը՝ գետին տապալած էր Սթաւրոսը (2):
Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ եւ ամենուրէք Էրտողան կը յայտարարէ. «Լոզանի դաշնագիրը Սեւրի դաշնագիրէն աւելի վատ է»: Այս, եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան եւ Սեւրի դաշնագիրէն սարսափելուն մասին, arte կայանը վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստած է, նկար 2 (3):
Կիպրոսէն ետք, Թուրքիան արդէն յաճախ ամերիկեան օդանաւերով եւ հրետանիով կը ռմբակոծէր նախկին օսմանեան երկրորդ դրացի երկիրը՝ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանները, 13 յայտարարուած գործողութիւններով, 27 մայիս 1984-էն սկսեալ (4): Ապա՝ 2018-ին թրքական բանակէն զօրամաս մը Իրաք մտաւ ծաւալապաշտ մոլուցքով եւ դաշնագրերը, ՄԱԿ-ն ու միջազգային օրէնքները ոտնակոխելով, հակառակ երկրի բողոքին՝ ցարդ կը մնայ այնտեղ, տես՝ ցուցակ թիւ 3 (5):
Երրորդը՝ հիւսիսային Ափրիկէի այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ին՝ յեղափոխութիւններուն իրողապէս՝ կրօնական ու գաղափարական առաջնորդը դարձաւ Թուրքիան, իր հովանաւորած «Իսլամ եղբայրներ» աղանդին միջոցով, որուն առաջին զոհերէն եղաւ Լիպիան՝ 2011-ին, ապա, 5 յունուար 2020-ին, թրքական ուժերը մտան նախկին օսմանեան այս երկիրը՝ Լիպիա եւ ցարդ կը մնան այնտեղ: Պատճառներէն մէկն է նաեւ, ընդծովեայ բնական կազի պաշարներու, միջազգային օրէնքով ցարդ վիճելի՝ օգտագործումը ապագային:
Թուրքիոյ չորրորդ զոհը՝ նախկին օսմանեան հպատակ՝ դրացի Սուրիան եղաւ, ուր 11 մարտ 2011-ի «յեղափոխութեան» ետին գլխաւոր կանգնողներէն էր ան, թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ ալ իր հովանաւորած ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջոցով: 24 Օգոստոս 2016-ին թրքական բանակը Սուրիա մտաւ եւ գրաւեց հիւսիս արեւմտեան սահմանակից շրջաններ, ուր Ազազի մէջ իր տեղական «կառավարութիւնն» ալ հաստատեց: Յաջորդաբար՝ 20 յունուար 2018-ին, 9 հոկտեմբեր 2019-ին եւ վերջերս՝ 30 նոյեմբեր 2024-ին Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններ կատարեց եւ վերջինին պարագային՝ տապալեց Սուրիոյ վարչակարգը (6):
30 սեպտեմբեր 2017-ին Թուրքիան զինուորական խարիսխ մը հաստատեց Սոմալիի մէջ: Նաեւ, երկար ժամանակ է, աշխուժօրէն կրօնական եւ դպրոցական ցանցերով ու հեռատեսիլի ժապաւէններու միջոցով, թրքական քարոզչութիւն կը սփռէ արաբական, ափրիկեան եւ իսլամ աշխարհին մէջ (7):
Վեցերորդ զոհը՝ Արցախն էր: 27 յուլիս 2024-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան խոստովանեցաւ, որ թրքական բանակը մասնակից էր 2020-ի Արցախի վրայ պատերազմին, երբ իր ծննդավայր Ռիզէի մէջ կուսակցութեան ժողովին առջեւ, Կազայի մէջ Իսրայէլի ոճիրներուն ակնարկելով, հրապարակաւ յայտարարեց. «Այնպէս ինչպէս Ղարաբաղ մտանք եւ Լիպիա մտանք՝ պէտք է նոյնը ընենք Իսրայէլի մէջ: Մեզի ոչի՛նչ կ՛արգիլէ…» “Just as we entered Karabakh, just as we entered Libya, we should do the same with Israel. There is nothing stopping us” (8):
Հակառակ Ազրպէյճանի բողոքին եւ ուրացումին, ու այս պատճառով դիւանագիտական եռուզեռին՝ քանի մը օր ետք, 30 յուլիս 2024-ին Էրտողան Անգարայի իր կուսակիցներուն առջեւ հրապարակաւ կրկնեց. «Ղարաբաղը ազատագրելու մեր պայքարին մէջ ամենակոշտ քննադատութիւնը ստացանք (թուրք) Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան՝ CHP-ի ղեկավարութենէն, որոնք բարձրացուցած են հայերուն անհիմն պնդումները» (8)։
Գաղտնիք չէր, որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր կը կատարէին Նախիջեւանի ինքնավար մարզին եւ Ատրպէյճանի մէջ: Ատրպէյճան ընդունեց, որ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, 6 թրքական Էֆ 16 կործանիչներ «ռազմափորձերուն» պատճառով Ատրպէյճան կը գտնուէին: Հայկական կողմը կը պնդէ, որ անզէն՝ տարօրինակօրէն առանց հրթիռի, անպաշտպան հայկական Սու 30-ը հայաստանի օդային սահմանին մէջ վար առնուեցաւ եւ անոր ռուս օդաչուն զոհուեցաւ թրքական Էֆ 16 հալածիչի մը օդ-օդ հրթիռէն:
Ո՛չ մի՛այն թրքական բանակը մասնակցեցաւ՝ 44-օրեայ պատերազմին, այլ իր միջոցով, Սուրիա գտնուող ըստ հայկական կողմին՝ շուրջ 4000 վարձկան, ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներ ալ ուղարկեց Արցախ՝ առաջին գիծի վրայ կռուելու համար կը յայտարարէ Ֆրանսա (9):
Ուրեմն, Թուրքիան՝ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրորդ մեծագոյն բանակը ունեցող երկիր, այս բոլոր զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին, կը վայելէր ՕԹԱՆ-ի հովանաւոր՝ Միացեալ Նահանգներուն արտօնութիւնն ու օրհնութիւնը: Այդպէս է ՕԹԱՆ-ի ընթացակարգը: Քանի որ, եթէ անդամ մը դժուարութեան մատնուի՝ ՕԹԱՆ-ը պարտաւոր է օգնութեան հասնիլ իր դաշնակիցին:
Քանի մը տարի է ծիծաղելով եւ ծաղրանկարներով կը ներկայացուի Էրտողանի «Նոր օսմանականութիւնը» եւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու անոր երազը: Սակայն փաստօրէն, Թուրքիան 50 տարի առաջ՝ նոյն Անգլիոյ մեղսակցութեամբ, Կիպրոսէն սկսաւ «Նոր Օսմանեան կայսրութեան» կազմութիւնը՝ սկսելով սահմանակից երկիրներէն, հասնելով մինչեւ Լիպիա եւ Արցախ:
Այժմ՝ «Զանգեզուրի միջանցք» յորջորջելով, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը աշխարհը կը «խաբեն» եւ Հայաստանի այժմու անատակ իշխանութիւնը ինքզինք ու ժողովուրդը կը խաբէ, որ իբրեւ թէ արեւելք-արեւմուտք տնտեսապէս շահաւէտ առեւտրական կարեւոր միջանցք մը պիտի ըլլայ այդ… Այո՛ շահաւէտ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ՝ բանթուրանական երազը իրականացնելու համար: Հայաստանի իշխանութիւնը քննա՞ծ է թէ մենք ի՞նչ ունինք ծախելիք Թուրքիոյ, կամ՝ ատրպէյճանին, որ շահաբեր ըլլայ… խորովա՞ծ… ոչի՛նչ ունինք ծախելու, այլ մի՛այն յաճախորդ պիտի ըլլանք այդ երկիրներուն:
Մերձաւոր Արեւելքի՝ Սայքս Փիքոյի, Սեւրի եւ Լոզանի, թէեւ ոչ վերջնական, քարտէսի փոփոխութիւնը՝ ցեղասպանութեան միջոցով, Արցախէն է որ սկսաւ ու շարունակուեցաւ Կազայի մէջ: Այժմ ամբողջ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է այս անկարող ու թշնամիին ծառայող վարչախումբին օրէ օր կուտակուող սխալներուն պատճառով:
Ի՛նչ արգելք կայ, որ Թուրքիան «Այնպէս ինչպէս Ղարաբաղ մտանք եւ Լիպիա մտանք՝ պէտք է նոյնը ընենք Հայաստանի մէջ» չըսէ… Երբ իշխանութեան հրամանով, արեւելեան ու հարաւային սահմաններէն դուրս դրուեցաւ սահմանապահ ռուսական բանակը… Հայաստանի այժմու հակահայ իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ եւ կ՛ընէ, որ իր դաշնակիցը՝ Ռուսիան եւ միւս բնական դաշնակից Իրանը խրտչեցնէ: Ի՞նչ ընել:
Իբրեւ հզօր ու հնարամիտ՝ ութհազարամեայ ծիներով օժտուած տոկուն ու ռազմիկ ազգի ժառանգորդներ պէտք է վերականգնենք մեր ազգ-բանակ մարտական պատրաստութիւնը: Յարատեւ պայքարով մեր անընկճելի վճռականութիւնը գործի պէտք է վերածենք, ամէն միջոցով զօրացնենք մեր բանակը:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին
- https://en.wikipedia.org/wiki/Turkish_invasion_of_Cyprus
- https://www.nytimes.com/1976/07/27/archives/gunman-threatens-turkish-official-at-waldorf.html
- https://www.arte.tv/fr/videos/108458-018-A/le-dessous-des-cartes/
- https://airwars.org/conflict/turkish-military-in-iraq-and-syria/
- https://en.wikipedia.org/wiki/List_of_Turkish_operations_in_northern_Iraq
- https://en.wikipedia.org/wiki/Turkish_occupation_of_northern_Syria
- https://www.aljazeera.com/news/2017/10/1/turkey-sets-up-largest-overseas-army-base-in-somalia
- https://nordicmonitor.com/2024/08/erdogan-continues-to-anger-azerbaijan-over-nagorno-karabakh-war/
- https://www.reuters.com/article/world/middle-east/france-accuses-turkey-of-sending-syrian-jihadists-to-nagorno-karabakh-idUSKBN26L3T4/