Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
24 Դեկտեմբեր 2024
«Խենթը մի քար գլորեց փոսը…»
Ժողովրդային առածի կարգ անցած է հետեւեալը. «Խենթը քար մը գլորեց փոսը, հարիւր խելօք հաւաքուեցան եւ չկրցան դուրս բերել զայն»:
Այս առածը գրեթէ ամէն օր կը կրկնուի Հայաստանի մէջ. քար գլորողը՝ ՔՊ-ապետն ու իր մունետիկներն են՝ ուսապարկի դեր խաղացողները, որոնք սուտի քարեր գլորելու կողքին, հազար ու մէկ հնարքի կը դիմեն (օրինակ, երբ «նախկիններ»-ուն օձիքները մաշած են, կը բռնեն կուսակիցներու օձիքը), հանրութիւնն ու քաղաքական բեմը զբաղեցնելու համար անիմաստ, սնանկ ու անհիմն գիւտերով:
Նորագոյն «քար»-ը նետուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ մարդուկը մե՜ծ գիւտ մը ըրաւ ու յայտարարեց, թէ Արցախի շուրջ 1994-էն ի վեր տարուող բանակցութիւնները մէկ նպատակ ունէին՝ Արցախը յանձնել Ատրպէյճանին: Եւ քանի որ այս յայտարարութիւնը եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդէն, որ մոռցա՜ծ է թէ իրմէ առաջ տարուող բոլոր բանակցութիւնները ի՛նք ասֆալթին տակ թաղած էր ու սկսած՝ ի՛ր ուզած կէտէն, եւ կը շարժի այնպէ՛ս, ինչպէս որ ի՛նք կ’որոշէ, որովհետեւ «ժողովուրդը մանտաթ տուած է» եւ… մէկ կողմ քաշուած, ուրեմն՝ պէտք է ըսածը ընդունիլ իբրեւ վիճելի ճշմարտութիւն: Ան մինչեւ իսկ մոռցա՜ծ է Արցախը վերադարձնելու ի՛ր խոստումները, կը կը փորձէ Պատմութիւնը գլխիվայր շրջել, «խոստովանելով» որ Արցախը է՛ն գլխէն (Աստուած հոգիդ լուսաւորէ՜, Սայաթ Նովա) Ատրպէյճանի պատկանած է:
***
«Նիկոլը դարձե՛ալ կը ստէ», պատասխանեցին քաղաքական մարդիկ, ներառեալ նախկին նախագահներ (ցանկին մէջ չկայ Արմէն Սարգսեանը…): «Նիկոլը կը ստէ՛, Նիկոլը իրականութիւնները կը խեղաթիւրէ՜», բացագանչեցին պատմագէտներ, դիւանագէտներ, մէկ խօսքով՝ խելօք մարդիկ, մինչեւ իսկ պարզ քաղաքացիներ, որոնք այլեւս վարժուած են ամէն առաւօտ արթննալու եւ հարց տալու, թէ ի՞նչ նոր «փչոց» մը պիտի փայլատակէ ՔՊ-ապետին փքոցէն՝ խօսքով կամ գրաւոր արձանգրութեամբ: Եւ այդ փչոցներով… բթացեալ զմայլողներ (դուք ըսէք՝ զառամեալներ) կան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Նիկոլին ստախօսութիւնը նորութի՞ւն է: Մարդոց յիշողութիւնը այդքա՞ն կարճցած է եւ ուղեղները՝ բթացած, որ մոռցած են առ նուազն 44-օրեայ պատերազմի օրերու «յաղթելու ենք»-ները, «առանց ժողովուրդի կարծիքը առնելու որեւէ համաձայնութիւն պիտի չստորագրեմ»-ները եւ բազմահազար «գոհարներով» հիւսուած սուտերու մանեակը, որ օրէ օր աւելի՛ կ’ամրանայ իր վզին շուրջ, զինք արդար մրցակից մը դարձնելով այլ ստախօսի մը, որ կը կոչուի Տոնըլտ Թրամփ (ուրիշներ ալ կան մրցավազքին մէջ):
Նիկոլին ստախօսութիւնները նորութիւն չեն մա՛նաւանդ խելամիտ՝ խելօքի վարկ վայելողներուն համար, որոնց ճիտին դրուած է ուրիշ մանեակ մը՝ օր առաջ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը ազատագրել սուտերով օրօրողներէն ու սուտերով զբաղեցնողներէն: Անոնք պէտք է ապուցուցեն, որ ճշմարիտ է միւս խօսքն ալ՝ «Սուտին պոչը կարճ կ’ըլլայ», մինչդեռ այս ստախօսին պոչը շա՜տ երկարեցաւ: