ԱԼԻԵՒ ԹՐԱՄՓԻ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ, ԻՍԿ ՓԱՇԻՆԵԱ՞ՆԸ…

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second
Թրամփոլիոն. Խլէ՛ Փանամայի ջրանցքը, գնէ՛ Կրինլէնտը
եւ Քանատան հռչակէ’ 51-րդ նահանգ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Դեկտեմբեր 2024

Հայաստանի ՔՊ-ապետը չի կրնար հպարտանալ, որ ժողովուրդը դատարկաբանութիւններով զբաղեցնելու մէջ միակ վարպետ-ծաղրածուն է: Տեսէ՞ք, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը, պաշտօնը ստանձնելէ առաջ իսկ, արդէն իր երկիրն ու աշխարհը (սկսելով մօտ ու հեռու դրացիներէ) զբաղ կը պահէ… կայսերական երազանքներով:

Շաբաթէ մը ի վեր, ամերիկեան, քանատական եւ եւրոպական մամուլը իրար է անցեր. ինչո՞ւ. քանզի Թրամփ յայտարարեց, որ Քանատան կը նկատէ իր երկրին 51-րդ նահանգը, պիտի վերատիրանայ Փանամայի ջրանցքին, կ’ուզէ գնել Կրուելանտան (ծանօթ՝ Կրինլէնտ անունով, ճանչցուած է իբրեւ դանիական հող):

Ճիշդ է, որ նման երազանքներ «նարնջագոյն մարդ»ուն համար նորութիւն չեն, նախորդ պաշտօնավարութեան օրերուն ալ նման ցնդաբանութիւններ նետած էր Անտլանտեանի հիւսիսային սառցակղզիին մասին, հաւանաբար վերյիշելով… Ալասքան գնելու պատմութիւնը (ի՜նչ լաւ օրեր էին): Քանատայի եւ Մեքսիքայի նկատմամբ «ծաւալապաշտական» ձգտումները եւս նորութիւն չեն, բայց լաւատեղեակ դիւանագէտներ քուլիսներու մէջ կը խօսին (եղեր) անոր վեր-ա-ներշնչման աղբիւրներուն մասին:

Ըստ ոչպաշտօնական այդ լուրերուն, Թրամփի ներշնչում տուողը՝ իր մէկ խորհրդականն է (եղեր). ան կը կոչուի… «սուլթան» Էրտողան: Հէրիսի դէմ ընտրապայքարը շահելէ ետք, կ’ըսեն գաղնապահները, Փրամփ հեռաձայներ է Էրտողանին եւ անոր պարզեր է իր հին-նոր ձգտումները:

– Ատկէ դիւրին ի՞նչ կայ,- բացատրեր է Էրտողան:

– Արխատա՛շ, անցեալ անգամ փորձեցի, չյաջողեցայ: Կրնա՞ս ինծի ձեւ մը ցոյց տալ,- հարցուցեր է Թրամփ:

– Արաբները խօսք մը ունին. «Բժիշկին մի՛ հարցներ, փորձառուի՛ն հարցուր»՝ կ’ըսեն: Այս գետնի վրայ ընդունէ՛, որ ես քեզմէ շա՜տ աւելի փորձառու եմ:

– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես,- բարկացեր է Թրամփ, որ, ինչպէս ծանօթ է, Փաշինեանէն աւելի եսամոլ մըն է եւ կը յամառի պնդել, թէ ի՛նք հնարած է «աննախընթաց» բառը, ի՛ր բոլոր ըրածներն են աննախընթաց-ը:

– Մի՜ բարկանար, արխատա՛շ, մի՛ բարկանար,- ըսեր է Էրտողան: – Հիմա ես քեզի փաստացի, ապացուցուած օրինակներ կու տամ, միայն գրքունակ տեսութիւններով չեմ խօսիր: Տե՞ս. ես փոքր եղբօրս՝ Ալիեւի ձեռքով-ոտքով մտայ Արցախ եւ բացի թուրանական պահուած ծրագիրիս ճամբան: Մէկը չի խօսիր, թէ իմ հովանաւորած ահաբեկչականները կռուեցան Արցախի մէջ: Յիսուն տարի առաջ խլեր էի Կիպրոսի կէսը եւ հիմա մարդիկ արդէն մոռցած են զայն: Երէկ մտայ Սուրիա, գործնապէս հիւսիսային Իրաքը կը համարեմ իմ հողս, մէկը դէմս կ’ելլէ՞: Դուն շատախօսներուն մտիկ մի՛ ըներ, կարեւորը գործն է: Գրաւէ՛ եւ աշխարհը կատարուած իրողութեան առջեւ դիր: Գիտեմ որ քեզի չէ արտօնուած ինծի եւ Նեթանիահուին պէս ջարդով ու քանդումով խլել, ուրիշ տեսակի ջարդ ու աւերում ալ կայ ձեր քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

– Բայց ինչպէ՞ս կրնամ ճաշացուցակիս վրայ եղող երկիրները խլել,- հարցուցեր է Թրամփ, առանց անդրադառնալու, որ նման հարցումով՝ կայսերական ծրագիրներու իրականացման մէջ համբակ ըլլալը ի յայտ բերեր է:

– Շա՜տ ձեւեր կան. ամէնէն գործնականը եւ դիւրինը՝ Հայաստանի մէջ Ալիեւի հետ իմ քայլերս են: Եթէ Քանատայի Թրուտոն եւ Փանամայի Հոզէ Ռաուլ Մուլինոն համամիտ չեն ու կ’ընդդիմանան, սառնարան կղզեցիներն ալ եթէ կ’ըսեն, որ իրենց երկիրը ծախու ապրանք չէ, կրնաս հետեւիլ իմ օրինակիս: Քիչ մը ժամանակ կ’ուզէ, բայց յաջողութեան կը հասնիս: Ես այդպէս ըրի:

– Ի՞նչ ըրիր, հանելուկի մի՛ վերածեր,- բարկացեր է Թրամփ եւ անհամբերութեան նշաններ ցոյց տուեր է:

– Այդ երկիրներուն մէջ աշխատէ քու մարդիկդ, կամակատարներդ իշխանութեան բերել: Դրամո՞վ կ’ընես, սպառնալիքո՞վ կ’ընես, քարոզչութեա՞մբ կ’ընես, «բարեսիրական կազմակերպութիւննե՞ր» կը ստեղծես եւ անոնց միջոցով գումարներ կը հոսեցնես. մաշալլա՜հ, դո՛ւն ալ, կառավարութեանդ անդամներն ալ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏ էք, իսկ եթէ կողոպտես ժողովուրդդ, ան արդէն քնացած է: Մենք այդպէս ըրինք եւ յաջողեցանք: Գտանք Փաշինեան անունով որկրամոլ-աթոռամոլ մը, օգնեցինք, որ իշխանութեան ղեկը գրաւէ, ինքզինք շրջապատէ իր մանրատիպերով: Տե՞ս, Արցախէն ետք, Հայաստանէն ալ պատառներ կլլած ենք եւ այդ երկրի ժողովուրդը կը զուարճանայ տօնածառով ու մեր արխատաշ Փաշինեանին հնարած ցնդաբանութիւններով: Մեր կամակատարը համակիրներ կը գտնէ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ իր «կայսրութիւն»ը տարածած է դէպի հայկական գաղութներ: Եթէ օր մը պէտք ունենաս, քեզի ալ «Պայրաքտար»-ներ կը ղրկեմ,- խոստացեր է Էրտողան:

Հեռաձայնը փակելէ ետք, Էրտողան յանկարծ անդրադարձեր է, որ քանի մը անգամ… Արցախ անունը տուած է իր կուլ տուած Ղարաբաղին:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles