Գէորգ Պետիկեան
Նոր տարուայ սեմին, ինքզինքս վերագտնելու եւ վերարժեւորելու միտումով, աւանդութիւն յարգողի ճշդապահութեամբ, սենեակէս ներս քաշուելով, սեղանիս դիմաց նստած, աչքերս անոր վրայ դիզուած թուղթերուս եւ յուշատետրիս կեդրոնացած, առանձնանալու կարիքը կը զգամ: Անկեղծօրէն, ինքնութեանս հաւատարիմ մնալու տեսակ մը կանչին հնազանդ քայլ մըն է այս մէկը: Եթէ կ’ուզէք, ինծի համար անմեղ որդեգրում մը: Եզակի եւ շատերու՝ քիչ մը տարօրինակ: Որովհետեւ այդ պահուն եւ ինքնաբերաբար, տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ’առաջնորդէ: Յանկարծ առողջ միտքեր այցի կու գան: Ազնիւ ցանկութիւններ կը ծագին: Ու գրիչը աչք ըրած, սիրտ ըրած, միտք ըրած, բաց կ’ընես կեանքդ: Ու այդ վայրկեանին կարճ եւ երկար տողերով կ’ուզես գրի առնել ամէն բան, կամ կ’ուզես արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն կամ բարենիշ մտքիդ մէջ ամբարուած էին:
Շատ յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, թէ ամէնէն ծանր «աշխատանքը» այն է, երբ մարդ, ուրիշներու աչքէն եւ ականջէն հեռու, ինքնիր հետ կ’ըլլայ: Ինքնիրեն կը խօսի անկեղծօրէն ու պարզ: Կը հակաճառէ: Ինքզինք կը քննադատէ կամ կը համոզէ: Այլ խօսքով՝ անձայն ինքնազրոյց: Եւ այս ինքնազրոյց ըսուածը, «աշխարհի ամենամեծ գաղտնիքներէն մէկն է».- ըսած էին մեր մեծերը։ Ու ճիշդ էին: Եւ դուն ալ հնազանդ կը հետեւիս այս վարկածին…:
Ապա, ինքնաբերաբար մտքիդ մէջ, դէպքեր եւ դէմքեր կը սկսին իրենց անաղմուկ տողանցումին, յաճախ յուզումով, երբեմն՝ ուրախութեան գիծեր բերելով դէմքիդ: Հազար անգամ երգուած կրկնուած խօսքերդ, միտքերդ եւ զգացումներս կը յիշես, միաժամանակ սրտիդ մէջ պահելով միշտ հին նկարները: Հակառակ այս բոլորին կ՚ուզես մտածումներովդ լռութիւնն ու ուրախութիւնը որսալ: Յետոյ դուն քեզի կը սկսիս այս երեւոյթներուն վերլուծումներուն:
Նախ, կը յիշես անցնող երեք հարիւր եւ աւելի օրերու ընթացքին աշխարհ ինչպէ՞ս բազմացաւ եւ լեցուեցաւ նոր ծնունդներով եւ հազարաւոր գերեզմաններով: Պալատներ եւ խրճիթներ շէնցան: Մարդիկ աւելի չարացան: Հոս-հոն պատերազմներ մղուեցան: Տուներ եւ շէնքեր քանդուեցան: Տեղահանութիւն: Մահ: Ողբերգութիւն: Շատեր առ յաւէտ հեռացան, ոմանք՝ տարիներու բեռան տակ կքած, ուրիշներ՝ դեռ երիտասարդ, կեանքի գարունը հազիւ բոլորած:
Ահա թէ ինչո՞ւ համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անապահով ներկայ վիճակին մէջ, մեր ամէնօրեայ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, այս օրերուն կրկին անգամ բոլորս նոր յոյսեր շարած, մեր կեանքի զանազան հորիզոններուն վրայ, դարձեալ մեր աչքերը կը յարենք դէպի այս նոր անծանօթին եւ կը փորձենք դրական մտածել, երազանքի եւ յոյսերու խառոյկներ վառել, նոր լոյսի նշաններ որոնել, նոր սիւներ ծրագրել ու կառուցել, որպէսզի մեր կեանքի տանիքի ծանրութիւնը քիչ մը երկար դիմանայ ու չկքի:
Տխուր է աշխարհի ներկայ իրականութիւնը: Որովհետեւ, անէծք սատանային, տակաւին բարութեան եւ չարութեան մրցակցութիւնը կը շարունակուի: Իրապէս որ աշխարհը հիւանդ է:
Ու այս բոլորէն ետք, նաեւ ըսեմ, որ կեանքի տեսակաւոր ծանրութիւնը, անցեալ տարի իմ վրայ ալ բեռցուեցաւ՝ ակամայ: Ու այդ բեռը կեանքիս լեղի համ տուաւ: Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած էին առօրեայ բազմազան մտահոգութիւններուն: Այսպէս, թէեւ կարողացայ լոյս ընծայել անդրանիկ վէպ՝ նոր հատորս, բայց միւս կողմէ, ճակատագրի որոշումով, այր եւ կին, երկուքս ալ կորսնցնուցինք մեր սիրելի եղբայրները: Վիշտ եւ ցաւ: Ասոնց կողքին, ինծի համար մեծ հարցական ալ էր, թէ ես արդեօ՞ք կրցած էի վատն ու լաւը զատորոշել: Ճիշդն ու սխալը զանազանել եւ դիրքորոշուիլ: Ուստի ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն, տարիքիս կապած էի, անձէս խուսափելու լաւագոյն միջոցը՝ թերեւս:
Որովհետեւ հաստատ գիտէի, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար էր բռնել կեանքը: Անդին,
Ճակատս տարիներէ ի վեր արդուկը անցած տափատիս ակօսներուն կը նմանէր, իսկ մազերս՝ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած էին: Բայց…հակառակ այս բոլորին, դարձեալ կ’ուզէի յիշել, հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ պատանեկութիւնս ու երիտասարդութիւնս մեծցան, անուշ եւ անմեղ օրերով:
Արդ, անկախ անձնական յուզումներէ, յոյսերէ, մտորումներէ, ակնկալութիւններէ, ուրախ եւ տխուր պահերէ, հիմա որ կաղանդի խորհուրդը կայ ամէն տեղ ու նոր տարին արդէն բոլորին տան սեմերէն ներս է. այս բոլորէն թելադրուած, կարծես նոյնիսկ օրուան մթնոլորտէն քաջալերուած, կ’ուզեմ արժաւորել նաեւ մեր ազգային կեանքը:
Ըսեմ, որ տեսանելի է, թէ հայուն մօտ դարձեալ յուսահատ պայքար մը կայ: Անոր համար ներկայիս հայկական մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք ամէն տեղ:
Ու ամանորեան այս մթնոլորտը կ’օգնէ, որ անպայման պահ մը յատկացնենք, խորհրդածենք մեր գաղութին, սփիւռքներուն եւ հայրենիքին մասին: Նաեւ կատարենք ընդհանուր արժեւորում մը մարդոց հետ մեր յարաբերութիւններուն, մեր միութիւններուն, մեր կազմակերպութիւններուն, մեր պետութեան, մեր եկեղեցիին, եւ մանաւանդ մեր ազգային հաւատքին ու գիտակցութեան հետ:
Մտքիս մէջ միշտ մեր վաղն է.- աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ:
Աւելին՝ յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրի մասին, գիրին եւ գրականութեան մասին ու ինչ մեղքս պահեմ երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ:
Ճիշդ է, որ սփիւռք կ’ապրինք, եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ, բայց գիտեմ որ անցեալ տարուան ընթացքին ամէնօրեայ մեր մաշումին, երբեմն անտարբեր ականատեսներ ալ կը դարձած էինք:Մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած էր նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:
Ու երբ հանդարտօրէն կը վերաքաղենք աշխարհի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերը, կը տեսնենք որ ազգովին մեզ ալ կլանած են: Ահա թէ ինչո՞ւ հայապահպանման հոլովոյթն ալ դժուարացած է: Տեսնուած է, նաեւ որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ հայու երազները զարնուած էին դժուարութիւններու ալիքներուն, որոնք կը խորտակէին մեր յոյսերը: Իրապէս, որ մեզի հրամցուած էր խաբկանքն ու մխիթարութիւնը: Որովհետեւ, ամէն տեղ արժէքները փոխուած էին: Ահա ասոնք ալ էին եւ են մեր ազգային իրականութիւնները:
Տակաւին ամէն առիթով խօսեցանք, գրեցինք հայախօսութեան տկարացման մասին: Հայ գիրքի ընթերցման նահանջով մեծապէս մտահոգուեցանք: Խորհրդաժողովներ գումարեցինք: Կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ չգտանք: Ապրեցանք շրջուն իրականութիւն՝ որուն հաւատք կարելի չէր ընծայել: Ուստի իբրեւ արդիւնք.- չկրցանք մեր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները բացայայտել: Ու ի՜նչ լաւ բան է սխալը մատնանշել եւ ապա զայն ճշդելու մասին մտածել: Անոր համար, վերջին, մնացինք յուսահատ, եւ ինքնաբերաբար կապուեցանք յոյսին եւ երազին ու այպանեցինք օտարը: Յիշենք, որ միշտ յանցանքը ուրիշին բեռցնելով, կարելի չէ կեանքը շարունակել: Որովհետեւ, կեանքը կ’ենթադրէ նաեւ պատասխանատուութիւն:
Նաեւ չկրցանք մեր երազին յաղթել: Եւ որպէսզի մենք երազին յաղթէինք, մեզի նոր առաքելութիւն էր պէտք՝ կեանքի նոր բանալիներով: Բայց…: Բոլորս ալ օր առաջ կ’ուզէինք այս բոլորին դարմանը գտնել: Նաեւ գտնել մեր իսկական ձեռքբերումներուն ու սխալներուն աղբիւրները: Ափսոս…:
Իսկ հիմա, այս կարճ տողերէն ետք, նոր տարուայ սեմին, լեցուն թոքով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններս ու շնորհաւորանքներս կը փափաքիմ խառնել ու նուիրել բոլոր անոնց, որոնք կը շրջապատեն մեզ:
Նաեւ մաղթանքս է, որ փորձենք դառնալ ներշնչող եւ ապրող հաւաքականութիւն: Ահա նոր տարուան առթիւ երազներուս, տենչերուս ու յոյսերուս գունաւոր զարդերէն մեծագոյնը:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան ձեր տրամադրութիւնները անկեղծօրէն կ’ըսեմ.-
Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի կաղանդ՝ բոլորիս եւ բոլորիդ:
bedig43@aol.com