ՀԱՅ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ԴԱՍԵՐԸ՝ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻՔԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մարտ 2011ին, «Մարշալ Գէվընտիշ» հրատարակչատունը անգլիախօս ընթերցողի սեղանին կը դնէ հայկական հէքեաթ մը՝ ամերիկահայ գրագիտուհի Լուսին Գասպարեանի մշակումով ու մոսկուացի արուեստագիտուհի Մարիա Զայքինայի նկարազարդումով:
«Որկրամոլ ճնճղուկը. հայկական հէքեաթ մը» «The Greedy Sparrow: An Armenian Tale» կը պատկանի հայ հին բանաւոր աւանդութեան ու մշակոյթին, գրեթէ ջնջուած՝ 1915ի հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութեան ընթացքին: Հեղինակին հայրը՝ խմբագիր եւ հրապարակագիր Չարլզ Կարապետ Գասպարեանը (C. K. Garabed), հէքեաթը պատմած է գիշերները՝ քնանալու ժամուն: Իր կարգին, Չ. Գասպարեանը հէքեաթը սորված է իր մեծ մօրմէն, որ նշանաւոր հէքեաթասաց եղած է Երկրին մէջ: Հէքեաթը առաջին անգամ մշակած էր Յովհաննէս Թումանեանը անցեալ դարու սկզբնաւորութեան:
«Որկրամոլ ճնճղուկը» այս հէքեաթին անգլերէն առաջին ներկայացումն է՝ իբրեւ մանկական պատկերազարդ հատոր: Պատմումը կը սկսի հին օրերուն, երբ փուշ մը կը խոցէ ճնճղուկի մը ոտքը: Դէպքերու հետաքրքրական շղթայ մը կը յաջորդէ թռչունին օգնութեան խնդրանքին, զայն փոխադրելով հայկական գեղջուկ միջավայրը, ուր տոհմիկ ժողովուրդին կը հանդիպի: «Որկրամոլ ճնճղուկը»ի անսպասելի վերջաբանը բարոյական դասերը կը պարունակէ՝ փառասիրութեան, անձնասիրութեան ու անձնական դատողութեան մասին: Հեղինակին կայքէջը՝ www.lucinekasbarian.com, հէքեաթին բարոյական ու մարդկային բովանդակութեան քննարկումի եւ աշխատասիրութեան ուղեցոյց մը կը տրամադրէ:
“Sesame Street” հեռատեսիլի ծանօթ յայտագրի խօսնակ, հէքեաթասաց Պապ ՄաքԿրաթը կ՚ըսէ որ, թէեւ հէքեաթը 4-էն 8 տարեկան ընթերցողներու ուղղուած է, «՝՝Որկրամոլ ճնճղուկը՜՜ ըստ էութեան բոլորին համար է: Խելացի ու զուարթ պատում մըն է, որուն հիանալի նկարազարդումները ոչ միայն գոյն կ՚աւելցնեն, այլեւ ճշգրտօրէն կը մեկնաբանեն պատմողական գիծը»: Մոսկուացի նկարապատմող (animator) եւ նկարազարդող Մարիա Զայքինան հայ բանահիւսական աւանդութիւնները հարազատօրէն կը պատկերացնէ: Հեղինակն ու հրատարակիչը զայն որպէս «Որկրամոլ ճնճղուկը»ի նկարիչ ընտրած են՝ հայ բանահիւսութեան անոր նկարապատումները դիտելէ ետք YouTube-ի մէջ www.youtube.com/watch?v=QJ5NAXT9pLs&feature=player_embedded
Հեղինակը՝ Լ. Գասպարեանը, ազատ լրագրող մըն է արհեստով, որ ներկայիս «Փրոկրեսիվ Պուք»ի գովազդային տնօրէնութիւնը կը վարէ (բացակայութեան թոյլտուութեամբ): Ան շրջանաւարտ է Նիւ Եորք համալսարանի լրագրութեան ճիւղէն եւ նախապէս եղած է «Ռէտ Ուիլ, Վայզըր եւ Գոնարի» հրատարակչատան գովազդային տնօրէնն ու «Հըրսթ Պուքս»ի գովազդի եւ վաճառքի վարիչը: Տիկ. Գասպարեանը նաեւ հեղինակն է «Հայաստան՝ Հաստատուն Երկիր, Տոկուն ժողովուրդ» (Armenia: A Rugged Land, an Enduring People, Dillon Press/Simon & Schuster, 1998) հատորին եւ աշխատակից խմբագիրը՝ «Գոպըլսթոն» ամսագրի ամերիկահայութեան նուիրուած յատուկ թիւին (Carus Publishing, 2000): Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու թոռնուհին վարչական պաշտօններ վարած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Երկիր եւ Մշակոյթ Կազմակերպութեան մէջ: Այլ կազմակերպութիւններու շարքին, ան անդամ է Ազգային Գրողներու Միութեան, Մանկական Գիրքերու Գրողներու եւ Նկարազարդողներու Ընկերութեան եւ Կանացի Գիրքերու Ազգային Ընկերակցութեան:
Հեղինակն ու ամուսինը՝ լրագրող Տէյվիտ Պօյաճեանը, Պելմոնթ (Մասաչուսէց) եւ Թինէք (Նիւ Ճըրզի) կը բնակին: Նկարազարդողը հեղինակը ընտրած է որպէս բնորդ՝ «Որկրամոլ ճնճղուկը»ի հարսը ներկայացնելու համար: Գիրքին հարսանեկան տարազը հեղինակին սեփական հարսանեկան հագուստին շատ նման է:
«Որկրամոլ ճնճղուկը» 32 էջնոց լաթակազմ հատորը տրամադրելի կ՚ըլլայ Մարտ 2011ին՝ գրախանութներու եւ առցանց (online) գրավաճառներու, ինչպէս նաեւ հրատարակիչին միջոցաւ: Գինը 17.99 տոլար է ԱՄՆի եւ 20.95 տոլար՝ Գանատայի մէջ: Հրատարակիչէն ապսպրելու համար, հաճեցէք դիմել հետեւեալ անձին ու հասցէին՝ Janet Kelly, Order Department, Marshall Cavendish Corp., 99 White Plains Rd., Tarrytown, NY 10591« հեռաձայն՝ (800) 821-9881 x 325; jkelly@marshallcavendish.com, www.marshallcavendish.us/kids.
Թարգմ. Վարդան Մատթէոսեան
Վերապատում՝ Lucine Kasbarian« նկարազարդում՝ Maria Zaikina
Հրատարակիչ՝ Marshall Cavendish Children; Հրատարակութեան թուական՝ Մարտ 2011
ISBN – 13: 978-0-7614-5821-0; LOC: 2010018172:
Տեսակ՝ Առեւտրական ամուր լաթակազմ մանկական նկարազարդ հատոր – ժողովրդական հէքեաթ
Նկարագրութիւն՝ ճնճղուկ մը օտարականներէ բարիք կը տեսնէ եւ իւրաքանչիւր բարի շարժումի դիմաց աւելիին
կը ձգտի, բայց ի վերջոյ իր սկզբնական վիճակի կը մատնուի
Գին՝ $17.99 ԱՄՆի մէջ, $20.95 Գանատայի մէջ
Ապսպրանքի համար՝ Marshall Cavendish Corporation, անվճար հեռաձայն 800-821-9881
Հեռապատճէն՝ 914-332-1888; www.marshallcavendish.us/kids
Յաւելեալ տեղեկութեան համար՝ Brian Buerkle, վաճառքի տնօրէն. bbuerkle@marshallcavendish.com
Հեղինակի կայքէջ.- www.lucinekasbarian.com