ՀԱՅ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 3 Second

 

Յ. Պալեան         

            Հաւաքականութիւններու մտածումները կը թելադրէ եւ կ’առաջնորդէ ընտրանին(elit), եթէ ան չէ ներքաշուած հատուածական, թաղային եւ դասակարգային նեղմտութիւններու մէջ, գիտէ ինքզինք եւ շրջապատը հարցականի տակ առնել, առանց տուրք տալու եւ դասական շահակցութիւններու եւ եսապաշտի փառասիրութիւններու: Անոնք որոնք կը խօսին ընտրանիի մասին, կամ իրենք զիրենք կը համարեն այդպիսին, իմաստութիւն պէտք է ունենան մաս չկազմելու ինքնագոհ եւ ինքզինքին ծառայող դասին, (cast), արեւելահայերէնի մէջ տառադարձութեամբ ստացուած է «կաստա» եզրը: Առաքինութիւն է առաջնորդուիլ արժէքի առարկայական գնահատման ուղիով: 

            Ի՞նչ ենք որպէս հաւաքականութիւն(ներ), ո՞ւր է hայ անունով ազգը, ո՞ւր ենք որպէս անհատ, համայնք, այս կամ այն բնոյթի խմբաւորում, յարաբերաբար հայ ազգին: Եթէ միջոց ունենայի, գիտական վիճակագրութիւններ կը կազմէի, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք ժամանակի գիծին եւ մոլորակի ութը կամ տասը միլիառ մարդոց խճանկարին վրայ:

            Աւելի պարզ. ի՞նչ թիւ կը ներկայացնենք: Ինչպէ՞ս, հայահամար-մարդահամար կազմակերպել ո՛չ միայն Հանրապետութեան մէջ, այլ նաեւ՝ ամենուրեք, ուր հայեր կան, կամ կը կարծենք որ կան: Ազգը մարդոցմով է, որոնք թիւ են, ունին բնակավայր-հասցէ, հասարակաց ըմբռնումներ եւ կեանք: Հայաստանի պարագային, առաւել կամ նուազ ճշգրտութեամբ թիւ կրնանք ունենալ, կ’ըսուի՝ երեք միլիոն, արտագաղթողներո՞վ, թէ առանց անոնց: Ի՞նչ թիւ կրնանք տալ գաղութ-հայութիւններու պարագային: Իրապէս ի՞նչ է թիւը Միացեալ Նահանգներու ՀԱՅԵՐՈՒՆ: Նոյն հարցումը՝ նաեւ Ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Քանատայի, Ուրուկուայի եւ միւսներուն համար: Շարքը երկար է եւ հասցէ-անունները աւելցած են:  Այս գիտնալ կարեւոր է նպատակասլաց միացման, չանհետանալու եւ տոկալ-տեւելու կազմակերպութիւն ստեղծելու, հասարակաց նպատակ ճշդելու եւ հետապնդելու համար: Պէտք է խօսիլ ԹԻՒԵՐՈՎ եւ ո՛չ ենթակայական տպաւորութիւններով: Այնպէս ենք, որ հոն ուր զարկած ենք մեր վրանը, լեռ, կղզի, անապատ, մենք կ’ապրինք այնպէս, որ հայութիւնը հոն է, այդ է, հոն կեդրոն է եւ հայութիւնը հոն պիտի շարունակուի: Հարց չենք  տար, որ հոն հայու ապագայ կա՞յ:

            Ի՞նչ է թիւը յարաճուն ԳԱՂՈՒԹ-ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը յիշուին քաղաքի մը կամ երկրի մը կցուած անուններով: Վաղը ցանկին վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ Կրէօնլէնտահայութիւն, ինչպէս ցանկին վրայ են Իրլանտահայութիւն, Նոր զելանտահայութիւն..:

            Գիտցողները ցանկը թող հրապարակեն, որ անգէտ չմնանք:

             Մարդիկ երբ կ’ըսեն թէ ՀԱՅ են, ո՞ր ստորոգելիներով եւ ո՞ր ներկայութեամբ կը սահմանեն իրենք զիրենք որպէս այդ: Ազգը հասարակաց ինքնութեամբ մարդոց խմբաւորում է, որ կ’ունենայ ժամանակ եւ աշխարհագրութիւն ձուլող-գերանցող հին եւ նոր կենսական յիշողութիւն: Բազմանուն հայութիւններ»ը ունի՞ն հասարակաց միացնող առասպելապատում: Ինչպէ՞ս ճշդել անինքնուրոյնացածներու թիւը, ո՞ր նոյն առասպելը ունին, ազգի աւազանին մէ՞ջ են, թէ՞ դուրս թռած են:

          Հարցումներ, հարցումներ… գերմանացի իմաստասէր Քարլ Եասփըրզի հետ կրկնենք, որ «հարցումները աւելի էական են քան անոնց տրուած պատասխանները»:…

          Հարցումները մարդը եւ իր մտածումները զսպաշապիկներէ ազատելու լուսաւոր ճանապարհն են: 

            Յիշողներ ըլլալու են, որ անցեալին, հայոց տուներուն մէջ, շրջանակի մէջ սենեակի պատէն կախուած կամ անոր վրայ  փակցուած կ’ըլլային Վարդան Մամիկոնեանի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Նարեկացիի, Անդրանիկի, Խրիմեանի եւ ամպերու վրայ նստած Յիսուսի կամ Աստուծոյ պատկերները: Անոնք հասարակաց ինքնութեան հայելի էին, անոնցմով մարդիկ իրենք զիրենք եւ զիրար կը ճանչնային որպէս մէկ եւ նոյն: Հիմա այդ ինքնաճանչման պատկերները չկան, վերնախաւը, «ընտրանի»ն, զանոնք կը փոխարինէ «արուեստի գործեր»ով, մեծամասնութիւնը կը գոհանայ երգիչներու, պարողներու, տարաշխարհիկ (exotic) տեսարաններու  պատկերներով, կամ հայաստանեան տեսարաններով, որոնք յաճախ զբօսաշրջիկի յիշողութիւններ են:

            Աւելի խօսուն են հայոց տուներու գրադարանները, ուր հազուադէպօրէն  հայերէն հին կամ նոր գիրքեր կը գտնենք,  անոնք փոխարինուած են «նոր հայրենիք» դարձած երկիրներու լեզուներով գրուած գիրքերով, որոնք երբեմն հայութեան մասին մխիթարական եւ սնափառական  էջեր կ’ունենան, կամ օտար գրականութիւն եւ օտարի պատմութիւն են, եթէ սոսկ ոստիկանական ոճիր-արկածի եւ ցոփագրութեան չեն վերաբերիր: Բացառութիւնները իրականութիւնը պէտք չէ վարագուրեն, ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը, ինչպէս է այն  (չ)իմաստութիւնը, որ «հարիւր տոկոսով հայ ենք եւ հարիւր տոկոսով այլ բան, այսինքն՝ ինքնահռչակ գերմարդ:

            «Հայութիւն»ը միգամած մըն է, nebulous, որուն ներկային եւ ապագային համար միշ՛տ յոգնակիացող ենթակայական  կարծիքեր կան: Մեծ կամ փոքր բջիջներ կան, անորոշ սահմաններով եւ նոյնքան անորոշ թիւ ունեցող  հաւաքականութիւններ: Մարդիկ եւ խմբակներ ալ կան,  որոնք կը կարծեն թէ անոնց տէր են, անոնց անունով կը խօսին, կը յաւակնին զանոնք առաջնորդել: Այդ ընելու համար զիրար կը դատափետեն, մանաւանդ հիմա, համացանցի անտէր եւ անսահման աշխարհին մէջ: Ո՞վ կրնայ  ըսել, որ այդ յաւակնութիւններուն  ետին ի՞նչ թիւեր եւ ի՞նչ արժէքներ կան: Մե՜ծ հարցական:

            Զարմանալի թող չթուի, եթէ ըսեմ, որ մենք վարժ ենք անմիջականի տուրք տալ, ան ըլլայ ազգային կամ պատշաճեցումով՝ տեղական-ժամանակակից:

            Այս հաստատումներէն ետք կը յառաջանայ այն հարցում-միտքը, թէ վերջին երկու հազար տարիներուն ո՞ր գաղափարական-քաղաքակրթական ենթահողին վրայ զարգացած եւ պահուած է իրաւ շարունակութիւն ըլլալու յաւակնութիւն եղող հայկական ինքնութիւնը:

            Գաղափարական ենթահողը գիտակից եւ ապրող մարդ արարածին համար կենսական հող-հայրենիքն է, առանց որուն մարդոց խմբաւորումները արմատաւորուելու եւ ինքնուրոյն մնալու հնար չեն ունենար: ՄԱՐԴԸ ԱԶԳ Է ԻՐ ՀՈՂՈՎ: Յաճախ Հայաստան, Աշտարակ քաղաքի ճամբեզրին նստած, դիտած եմ ելեկրական  սիւներու կամ չորցած ծառի մը բարձր ճիւղին վրայ ամէն գարնան ԻՐ ԲՈՅՆը վերադարձող արագիլը, որ կը յարգէ կեանքի եւ բնութեան կարգը: Առանց բարձրագոչ բառ ու խօսքի՝ հաղորդութիւն բնութեան եւ հողին հետ: Եթէ արագիլը լեզու ունենար, եթէ իր կափկափող լեզուն հասկնայինք ան պիտի խօսէր հայրենատիրութեան, հայրենասիրութեան եւ շարունակութեան մասին:

            Այս բնութեան եւ կեանքի գաղափարախօսութիւն է, որ իր արտայայտութիւնը  գտած է Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի ազգային-քաղաքական իմաստութիւն քանդակած եւ կտակած առասպել դրուագին մէջ, զոր միշտ կը յիշեմ  եւ կը սիրեմ պատմել: Պարսից արքայ Շապուհը ինչպէ՞ս վարուած  է Հայոց Արշակ թագաւորին հետ, ուզած է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ, հակառակ խոստումներու, պարտութիւններու եւ պատիւներու, Արշակ շարունակած է չենթարկուիլ:

            Շապուհ սենեակի յատակի կէսին թափել կու տայ Հայաստանէն բերուած հող, միւս կէսը կը թողու իր բնական վիճակի մէջ: Արշակը կը բերեն իր առջեւ: Ան  Արշակի ձեռքը բռնած կը քալէ սենեակին մէջ եւ  անոր կ’ըսէ, որ զինք սիրած է իր զաւակին պէս, ուզած է իր դուստրը իրեն կնութեան տալ, բայց ինք երեսուն տարիէ ի վեր կը պատերազմի իրեն դէմ: Գերեվարուած Արշակ կը խոստովանի, որ յանցաւոր է, որ յաղթելէ ետք Շապուհի թշնամիները, յուսացած է իրմէ պարգեւ ստանալ, բայց թշնամիները զինք մոլորեցուցած են, վախցուցած են իրմէ, եւ ինք դրժած է իր հնազանդութեան խոսումը եւ շարունակած է կռուիլ: Հիմա որ իր ձեռքին մէջ է, ան  իրեն հետ կրնայ վարուիլ ինչպէս որ կամենայ, եթէ ուզէ կը սպաննէ, որ ինք Շապուհի ծառան է, յանցաւոր է, մահապարտ է: Զրոյցի ընթացքին, Շապուհ, Արշակի ձեռքը բռնած կը շրջի սենեակին մէջ, զայն տանելով սենեակի Հայաստանէն բերուած հողին վրայ, երբեմն վերադառանալով պարսկական հողի վրայ: Երբ Արշակ կը հասնէր հոն, ուր յատակին հայկական հողն էր, ան կրկին կը դառնար ըմբոստ, կ’ըսէր որ Շապուհ չարագործ էր, որ չէր ներեր իրեն եւ իր որդիներուն,  որ իր նախնիներուն եւ Արտավան թագաւորին վրէժը պիտի լուծէր, երբ կու գային պարսկական հողի վրայ, Արշակ զղջար իր ըսածներուն համար, կ’ապաշխարհէր: Ընթրիքի պահուն, Արշակ կ’ըսէ Շապունին. «Հոն ուր դուն բազմած  ես, ե՛լ անկէ որ ես բազմիմ, հոն իմ տոհմի տեղն է, եւ երբ իմ երկիրս հասնիմ, վրէժխնդիր պիտի ըլլամ»: Շապուհ կը հրամայէ ալանաւորել Արշակը եւ  զայն կը դատապարտէ ցկեանս բերդարգելութեան :

            Հողը հայրենիք է, ազգի բնախօսական սնուցիչը: Առանց հողի եւ հայրենիքի ազգ չըլլար, մարդիկ վաղ թէ ուշ կ’այլասերին, ազգ եւ ինքնութիւն կ’անհետանան, նոյնիսկ երբ տարաշխարհիկ բոյսի պէս պահուին: Այդպէս են բազմանուն «հայութիւն»ները եւ անոնց վաղորդայնը:

            Հայկական ազգային քաղաքականութիւն(ներ)ը, ներսի եւ դուրսի, կը թուի թէ հրաժարած են հայրենատիրական գաղափարախօսութենէ, պետութիւնը բնակեցման քաղաքականութիւն չունի, հայրենադարձութիւնը հետապնդուող օրակարգ չէ, կրաւորականութեամբ ընդունուած է հայրենալքումը : Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ յիսուն կամ հարիւր տարի վերջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմանուն «հայութիւն»ներու պարզելիք պատկերը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Կամաւոր կամ հոգեբանական կուրութիւն կայ:

            Բայց Արզպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը տեսնէ եւ կը պահանջէ, որ Հայաստանի պետութիւնը խօսակցութիւններու ձեռնարկէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի բնակիչներուն հետ: Ան հետեւողական է, կ’ուզէ առանց Հայաստանի քարտէս գծել: Իսկ հայեր կը շարուակեն բազմապատկել «հայութիւնները», կը  կառուցեն «հպարտառիթ» շէնքեր, օտար աշխարհներու մէջ արմատաւորելու համար: Ինչպէ՞ս այդ աշխարհներուն մէջ կրնան որպէս հայ արմատաւորուիլ: Անոնք օր մը, գերբնական հրաշքով եթէ հայրենադարձ ըլլան, շէնք, եկեղեցի եւ «կեդրոն»ներ իրենց շալակը առած պիտի չերթան իրենց նախնիներու երկիրը:

            Արշակ թագաւոր հայ էր, բնազդով, ո՛չ «իզմ-իստ»-ով, ո՛չ համակարգիչի արուեստական ուշիմութեամբ», ան կը կռուէր հայրենիք եւ ազգի իրաւունք կը պաշտպանէր զանոնք չէր փոխեր ո՛չ թագաւորի դուստրով եւ ո՛չ պատիւներով: Արշակ թագաւորի ազգային-քաղաքական  հողին վրայ կանգնելու եւ անկէ ուժ ստանալու իմաստութիւնը մեր ներսի եւ դուրսի առաջնորդող ՄԻՏՔը պէտք է ըլլայ, այդ պէտք է ուսացանել դպրոցներու մէջ, ան պէտք է ըլլայ ամէն կարգի քարոզչութիւններու առանցքը ,«ալֆան եւ օմեկան»: Եւ այդ չէ : Եթէ ըլլար, հայրենալքում չէր ըլլար, սփիւռք կոչուած «ազգային» անբնականութիւնը ինքզինք չէր բազմապատկեր, այլացման հարթակ չէր ըլլար, կ’ըլլար հայրենադարձութիւն, եւ չէինք ուրախանար բացառութիւններով, կը նուաճէինք մեր քաղաքական արմատներու իրաւութիւնը:

            Կը խօսինք եկեղեցիներու, անոնց շուրջի կառոյցներու, ծէսերու, իշխանութիւն-վարչութիւններու եւ հանգամանքներու մասին: Կայ պատմաքաղաքական ճշմարտութիւն, զոր որպէս այդպիսին նկատի չենք առներ, մոռցած ենք, այն՝ որ հայկական քաղաքակրթութիւնը հիմնուած եւ զարգացած է որպէս քրիստոնեայ քաղաքակրթութիւն, որ ո՛չ շէնք է, ո՛չ հանգամանք, ո՛չ ծէս, այլ՝ անմիջականութիւնները գերանցող տեսիլք, ապրում եւ ըմբռնում, որոնք բացակայ են հայ կեանքէն: Ինչպէս գրուած է հայոց պատմութեան մէջ, ան ոգեկանութիւն է, շապիկ չէ, զոր կարելի է փոխել կամ փոխարինել ըստ պահու եւ  պայմաններու: Ան հայու ինքնութիւն է, տիրակալներ եւ այլասերող տարբեր բնոյթի տնտեսական-քաղաքական վարդապետութիւներ կամ ընտրանքներ, ուզած են ոչնչացնել այդ ոգեկանութեան նիւթեղէն խորհրդանշական հիմերը, ուզելով վերացնել լեզու, հաւատք, մշակոյթ, աւերելով եկեղեցիներ, որոնք ազգին համար կորստեան դէմ ապաստան Նոյեան Տապաններ են: Այդ կը վկայեն հայաշխարհի կանգուն, շապիկ փոխած եւ յիշողութեան հոգիի եւ միտքի աւերակ կոթողները: Անոնք իմաստաւորած են այն աշխարհագրական տարածքը, որ կոչուած է եւ կը կոչենք Հայաստան, նոյնիսկ երբ պատմութեան չարիքները անոնց տէր դարձուցած են ուրիշներ:

            Հայաստանը տեսութիւն չէ աշխարհագրութիւն չէ, ԽՈՐՀՈՒՐԴ է: Այդ կը հասկնանք, եթէ մեր պատմութեան հաւատարմութիւնը պահենք, տէր մնանք Արշակի ներշնչանքին եւ աւանդին:

            Եթէ մոռնանք մեր կեանքի ամէն կարգի գիտական եւ տեսական-տեսաբանական նուաճումները, ձեռքի հեռախօսները, հեռատեսիլը, համացանցը, «լաւ ապրելու իրաւունք»ի սպառողական քաղաքակրթութեան գերութիւնը եւ  այդպէս բաներ, աւելի իրատես հայ կը դառնանք:

            Չեմ դիմանար կրկին յիշելու, եւ յիշեցնելու, Վիգէն Խեչումեանի Մեծ Դատաստանի խօսքը. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

            Ինչո՞ւ չենք մնար եւ չենք կանգնիր Արշակ թագաւորի հողին վրայ, որպէսզի Արշակի ՄԵՆՔ ԸԼԼԱԼու դիւցազնական երթը չկասի այլացումներու հեղեղներուն մէջ:

            Արշակ Հայ էր: Այդքա՛ն: Ա՛յս սորվիլ եւ սորվեցնել որպէս վերականգնումի եւ միացման ուխտ:

Արշակի հայրենատիրութենէն չ’անջատուիր հայկականութիւնը ձեւաւորած քաղաքակրթական արարումէն, որ եղած է քրիստոնէութեամբ: Մեզի հասած  հայկական քաղաքկրթութիւնը քրիստոնէական է: Արդարեւ, Մեսրոպ հայկական քաղաքակրթութեան ոգի տուաւ այբուբենով, որպէսզի ազգը ունենայ ինքնուրոյն շնչառութիւն: Մեր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը քրիստոնէական են, ինչ որ վասն արդիականութեան յաճախ կը մոռնանք: Եթէ չըլլային հայու ինքնութիւն քանդակած Նարեկացի, Եղիշէ, Շնորհալի, մեր անանուն գրիչերը,  անինքնութիւն ամբոխ կ’ըլլայինք, Մատենադարանը դատարկ կ’ըլլար, առանց եկեղեցիներու գմբէթներուն հայկական հողը հայացած չէր ըլլար:

            Հայ քաքական միտքը այսօր ալ պէտք է առաջնորդուի ինքնութիւն կերտած 

քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ուղիով, ստանձնէ Մեսրոպի, Սահակի, Նարեկացիի եւ անանուն Գրիչներու շարունակութիւն ըլլալու քաղաքակրթութիւնը, եւ

 առաջնորդուի  Արշակ թագաւորի քաղաքական հիմնաւոր իմաստութեամբ, կանգնլով հողին վրայ, անկէ ստանալու համար տեւելու կամք եւ ինքնութիւն:

Մեր փոքրիկ ածուին մէջ, Արշակ Թագաւորէն դարեր ետք յայտնուած եւ զայն շարունակող Խրիմեան Հայրիկի ՀՈՂԻ ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ նոյն ՊԱՏԳԱՄը ուղղուած է Թոռնիկին, նաեւ ներկայի մանուկ եւ ծեր թոռնիկներուն, որ ՀՈՂԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐԸ…

                        ՊԱՏԳԱՄԸ.  ԱՆՀՈՂ ՉՄՆԱՍ

            Արշակի եւ Խրիմեանի հողը հայու հայրենիքն է:

            Հոնոլիւլիւն, Զանզիպարը, եւ այդպէս տեղեր, հայու հայրենիք չեն, հոն ընկեցիկը վրան կը  զարնէ, ըլլալու համար անանցեալ եւ անինքնութիւն, պարզապէս՝ մարսողական գործարան:

            Անոնք հայու հայրենիք չեն, պիտի չըլլան: ԱՆՀՈՂ ՀԱՅԸ Հուսկ ի՞նչ կ’ըլլայ

                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                                            

         

 

           

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles