Վարդանանք կրօնաազգային ազատատենջ շարժումը, համակ հայկազնեան ցեղի ապագայի ճշդորոշման անկիւնադարձային եղելութիւնը հանդիսացաւ, ուրկէ ծնունդ առաւ փառաւոր պատմութիւնը մեր ժողովուրդին, եւ լինելութեան պահպանման յանձնառութեամբ զինեց մեր ազգը:
Ուխտավայրի մը վերածուեցաւ Աւարայրը, ուր հայ ժողովուրդը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը իր Աստուծոյ եւ սուրբ հողին: Ան նորոգեց իր նուիրումը զայն վերածելով արեան գոյնի, զոր հանգեցաւ իր որդիներու արեան հեղումով:
Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք պայքարը Հինգերորդ դարու մեր պատմութեան բնորոշիչ շրջանը դարձաւ եւ իր թողած կտակը մեր ժողովուրդին պարգեւեց հաւատքի ամրութիւն, հայրենիքի ու հողի հանդէպ բարձրագոյն նախանձախնդրութիւն, հայատրոփ կենցաղի հանդէպ գիտակցութիւն:
Հայ ազգը իր հոգեւոր ու ազգային դասերով, բոլոր մակարդակի ու խաւի զաւակներով ներկայ եղաւ ու մասնակից դարձաւ այդ երթին, որուն ճանապարհը ինչպէս միշտ, հեշտ չեղաւ, այլ եղաւ կարմիր ճակատամարտ, անմեղ հոգիներու կորուստ, քաջերու նահատակութիւն եւ ազգի մարտիրոսացում:
Գիտակից էին մեր նախնիները, որոնց մահն ու նահատակութիւնը եիմացեալ մահ« կոչեցինք, որ ինքնին անմահութիւնն է, անոնց գործին ու զոհողութեան մէջ տեսանք մեր ազգի գոյութենական տենչը, անոնցմէ սորվեցանք պահել մեր ինքնութիւնն ու տէր կանգնիլ մեր պատիւին:
Սրբութեան ու նահատակութեան արժանի դարձան անոնք, որովհետեւ Աստուծոյ անունը անարգողներուն, զՔրիստոս չդաւանողներուն, հայ հողն ու մշակոյթը պղծողներուն դէմ դրին սրբութեան զրահով, հաւատքի վահանով, անվհատ կամքով ու բազկի ուժով:
Նահատակութիւնը սոսկ որակում մը չէ, այլ ինքնին վեհ առաքինութիւն մը, որ առաջ կու գայ ամուր հաւատքէ, անխարդախ սէրէ ու նուիրումէ: Հաւատք հանդէպ ամենաբարձրեալ ու նախախնամող Աստուծոյ, հաւատարմութիւն Քրիստոսի եւ անկեղծ սէր հողի ու հայրենիքի:
Սակայն Աւարայրը չեղաւ վերջին հանգրուան մը կամ վերջակէտ մը հայկական գոյամարտի, չեղաւ վերջին պատերազմը արիւնահեղութեան եւ նահատակութեան, այլ անկէ վերջ ու այդ վայրէն անդին, հայ ժողովուրդը միշտ ալ զոհը եղաւ ու իր արեան գինով տէր կանգնեցաւ իր գոյութեան:
Հայուն նկարագրին մէջ բոյն դրաւ հաւատքի ու հայրենիքի հանդէպ յաւէտ պայքար, մնայուն արթնութիւն եւ իր համայնական ուժին վստահող համոզում:
Աւարայրէն անդին մեր ժողովուրդը միշտ ճաշակեց անարդարութեան ու հալածանքի դառնութիւնը, միշտ դարձաւ բարբարոս ժողովուրդներու կողմէ թիրախ, որովհետեւ ունեցաւ արժանապատուութիւն, կամք ու կորով:
Աւարայրէն անդին եւ մինչեւ այսօր անհամար են վտանգներն ու սպառնալիքները մեր համակ ժողովուրդին հանդէպ, անոնք ուր որ գտնուին եւ ինչ պայմաններու ներքեւ որ ապրին: Լինելութեան պայքարը միշտ ալ եղած է ու պիտի մնայ, սակայն անհրաժեշտ է որ այդ պայքարի ընթացքը պտղատու արդիւնքի յանգի եւ յաղթանակով պսակուի:
Սերունդներուն մէջ երբ ներկայ է գիտակցութիւնը հանդէպ արժէքներու, այն ժամանակ ոչ մէկ մարդկային ուժ կրնայ տապալել մեր հաւատքն ու հողը: Աւարայրը սկիզբ դրաւ այդ գիտակցութեան, խթանը հանդիսացաւ ու արիւն ներարկեց իւրաքանչիւր հայորդիի մէջ:
Այսօր ժամանակը մերն է, առիթն ու կարգը այս սերունդին է, որ նոյն յանձնառութեամբ զինուած, նոյն կամքով գօտեպնդուած, նոյն ոգիով ողողուած, նոյն սիրով շաղախուած եւ նոյն ուխտով վերանորոգուած պատերազմին մեր ամէնօրեայ աւարայրները, որոնք այնքան վտանգաւոր են, որքան այն ժամանակ:
Ընդհանրապէս դժուար տեսանելի կամ նկատուելիք ճակատարմարտներ գոյութիւն ունին մեր հայկական իրականութեան մէջ այսօր եւս, որոնք նոյնքան կը սպառնան մեր լինելութեան ու նկարագրի խաթարման: Ցաւ ի սիրտ, մեր չորսդին այսօր շատ են միջոցներն ու ձեւերը, որոնք կը հեռացնեն մեզ կամայ թէ ակամայ մեր հաւատքէն ու հայրենիքի հանդէպ սէրէն: Անոնք աննկատ կը թուին ըլլալ, սակայն նոյնքան վտանգաւոր, ինչպէս էր պարագան Աւարայրի ճակատամարտին:
Անոնք պայքարեցան իրենց քրիստոնեայ ու հայ մնալուն ի խնդիր եւ այսօր մենք, որպէս աշխարհացրիւ ժողովուրդ, ճիշտ նոյն նպատակին համար պէտք է պայքարինք, նոյն վտանգը հարկ է որ կանխենք, նոյն ուղիին մէջ պէտք է մնանք, առանց օտարինը ընդօրինակելու եւ սայթաքելու օտարամտութեան մէջ:
Հինգերորդ դարուն միայն պարսիկ ժողովուրդն էր որ սպառնաց մեր նախնիներուն, միայն պարսկական կրօնքն էր որ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին, միայն պարսկական բանակն էր որ ջարդեց մեր աւագանին եւ զօրքը, սակայն այսօր շատ են այն ժողովուրդները, բանակները, աղանդները, մշակոյթներն ու երեւոյթները, որոնք նոյնքան եւ աւելի լուրջ վտանգ, նողկանք եւ մտահոգութիւն կը հանդիսանան մեր ժողովուրդին ամէնուրեք:
Աւարայրը այսօր եւս կը շարունակուի, ուրեմն այսօր եւս հայ ժողովուրդը պէտք ունի Վարդաններու, Յովսէփներու, Վահաններու, Ղեւոնդներու, Խորէններու եւ բոլոր մակարդակի, պաշտօնի ու խաւի հայերու, որոնք կը միանան ու կը ճանչցուին միայն իրենց քրիստոնեայ եւ հայ կոչումներով, որոնք կը պատկանին հազարամեայ հայկական արեան ու ժառանգութեան միայն:
Նոյն հաւատարմութեան ու յանձնառութեան պէտք ունի այսօր մեր ազգն ու եկեղեցին, ունենալու համար մշակներ, որոնք ի գին ամէն բանի պատրաստ ըլլան նուիրուելու եւ իրենց կեանքերը նուիրագործելու յանուն անմահ ու սուրբ արժէքներու:
Անհատներն են որոնք պատմութիւն կը կերտեն, այդ պատմութեան մէջ կþանմահանան ու այդ պատմութեամբ կը պսակուին: Այդպիսիք եղան Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք, որոնց անմահ յիշատակին առջեւ կը խոնարհի հայ ժողովուրդը ու իրենց կամքին ու նահատակութեան կը պարտի իր գոյութիւնը:
Թող յաւերժանան մեր ազգի տիտանները ու իրենց յաւերժութեամբ արժանի դարձնեն մեր ժողովուրդը, իր եկեղեցիով ու հայրենիքով, հասնելու անմահութեան եւ յաւերժութեան պսակին: