Փետրուար 28, 2011
vproodian@gmail.com
Տեղ մը կարդացած, կամ տեղէ մը լսած եմ հետեւեալը. օր մը Այնշթայնին հարցուցած են, թէ ի՞նչ կը մտածէ, Երրորդ համաշխարհային պատերազմին ի՞նչ զէնքեր պիտի գործածուին: Գիտնականը պատասխանած է. «Երրորդին՝ չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ Չորրորդին մարդիկ իրարու դէմ քարերով եւ փայտերով պիտի կռուին»:
Նայեցէք, թէ ինչ տեղի ունեցաւ Թունուզի, Եգիպտոսի, անկէ առաջ Յունաստանի (ուր տակաւին կը շարունակուի), Իրլանտայի, Ֆրանսայի, Իսլանտայի եւ թէ ինչ տեղի կÿունենայ այս օրերուն՝ Լիպիոյ, Պահրէյնի եւ… Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ յատկապէս Ուիսքանսընի դէպքերու լոյսին տակ:
Եղածը ժողովրդային ըմբոստութիւն եւ երբեմն յեղափոխութիւն է ոչ միայն բռնատիրական կարգերու, այլեւ տնտեսական մենաշնորհներու դէմ: Այս ժողովրդային ընդվզումի դրդապատճառները բնականաբար անկարելի է յօդուածի մը սահմաններու մէջ վերլուծել, մանաւանդ, որ տուեալ երկրի մը պայմանները ամբողջութեամբ չեն համընկնիր երկրորդին:
Հասարակաց կէտերը սակայն կան եւ վճռական ազդակ են բոլորին պարագային ալ, տեղ մը աւելի, տեղ մը՝ պակաս:
ԳՈՐԾՆԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԱԿԻՆ ՏԱԿ…
Խ. Միութեան փլուզումէն ետք, դրամատիրական շրջանակներու ծայրայեղ թեւը (ինչպէս՝ Մ. Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը իրենց հակակշռին տակ առած նէօ-պահպանողականները, միջազգային ելեւմտական հաստատութիւնները), տարբեր խօսքով՝ համաշխարհային Աջը, լայնօրէն օգտագործելով իր տրամադրութեան տակ գտնուող քարոզչական մեքենան, առաջ մղեց այն թեզը, թէ գաղափարախօսութիւններու ժամանակաշրջանը աւարտած է եւ թէ հասած է գործնապաշտութեան (pragmatism) եւ հետեւաբար նաեւ՝ տնտեսական բարգաւաճումի նոր դարաշրջան մը: Նաեւ, առաջ մղուեցաւ այն թեզը, թէ դրամատիրական գաղափարախօսութեան յաղթանակի արդիւնք էր Խ. Միութեան (հետեւաբար նաեւ, ըստ իրենց, ընկերվարութեան) պարտութիւնը:
Ձախը մնաց անճրկած վիճակի մէջ: Պատասխան ունէր, սակայն չկրցաւ իր տեսակէտը շեշտակիօրէն փոխանցել: Որովհետեւ խորհրդային վարչակարգի փլուզումէն ետք, համաշխարհային հանրային կարծիքին մօտ ստեղծուած հոգեբանութիւնը այդ պատասխանին ընկալումին համար աննպաստ միջավայր ստեղծած էր: Յետ խորհրդային համաշխարհային հանրութիւնը չէր կրնար ըմբռնել, թէ այն, ինչ որ կը կիրարկուէր Խ. Միութեան մէջ, շա¯տ հեռու էր ընկերվարութենէն, այնքան, որքան դրամատիրութենէն:
Նոյն այս հանրութեան համար, «շնորհիւ» Աջի քարոզչութեան, համայնավարութիւնն ու ընկերվարութիւնը եթէ ոչ նոյն, ապա գէթ նոյնանման գաղափարախօսութիւններ էին:
Եւ ուրեմն, Աջը, մէկ կողմէ անդադար առաջ մղելով «գաղափարախօսութիւններու դարաշրջանը անցած է» կարգախօսը, միւս կողմէ իր վարքագիծը հիմնեց եւ յամառօրէն հետապնդեց դրամատիրութեան ամէնէն վայրագ եւ ընչաքաղց ըմբռնումին, գաղափարին վրայ: Ըստ այս մօտեցումին, անխնայ պէտք է պայքարիլ այն բոլոր ազդակներուն դէմ, որոնք կրնան խանգարել դրամագլուխի կուտակումը գեր-հարուստներու ձեռքը: Առ այս, շահատուրքերը եւ «ծախսերը» պէտք է նուազագոյնի իջեցնել: «Ծախսերու» կրճատում, հասկնալի հայերէնով, կը նշանակէ աշխատաւորութեան վճարումները նուազագոյնի իջեցնել, որքան որ կարելի է:
Իսկ շահատուրքերու կրճատո՞ւմը, «օրինական» միջոցներով, այսինքն, համապատասխան օրէնքներ քուէարկել տալով տուեալ խորհրդարանէն ներս: Անցնող Նոյեմբերին տեսանք, թէ ինչ պատահեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ: Ընտրութիւններուն, Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութեան տիրացան հանրապետականները եւ նախագահ Օպամա, կքելով անոնց ճնշումին տակ, անոնց հետ «խորհրդակցաբար» երկարաձգեց Պուշի օրերուն քուէարկուած այն «ժամանակաւոր» օրէնքը, որ կ’առաջադրէր նուազեցնել նաեւ գեր-հարուստներու եկամուտի տուրքերը:
Այս ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ, տուեալ պետութեան եկամուտը կը պակսի, հետեւաբար, կառավարութիւնը կը ստիպուի ամավարկը «հաւասարակշռել»՝ հանրային ծախսերը կրճատելով: Հանրային ծախսեր, այսինքն, թոշակներ, հանրային դպրոցներ, սպասարկութիւններ, ընկերային յատկացումներ, առողջապահութիւն եւայլն: Եւ ուրեմն, ընկերային տագնապալի կացութիւն:
Լաւագոյն եւ ամենաթարմ օրինակը, Ուիսքանսընի մէջ է, որ կը տեսնենք: Կառավարիչ Սքաթ Ուոքըր (Հանրապետական) նուազեցուց մեծահարուստներու եւ մեծ ընկերութիւններու շահատուրքերը, պատճառ դառնալով, որ նահանգի ամավարկը աւելի քան 130 միլիառ տոլարի բաց մը ունենայ: Եւ ուրեմն, այդ բացը գոցելու համար, ան կÿառաջադրէ կրճատել նահանգի հանրային ծախսերը: Ոչ միայն այդ, այլեւ, օրէնքի կարգով կÿուզէ լուծարքի ենթարկել նահանգային պաշտօնէութեան արհեստակցական միութիւնները (*):
Ահաւասիկ, Աջը այս ձեւով կÿառաջնորդուի «ամէն ինչ՝ առաւելագոյն չափով դրամական շահ եւ միայ°ն դրամական շահ ապահովելու համար» կարգախօսով: Այս է խաղը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՒԺԸ
Աջին համար, պետութիւնը այն կառոյցն է, որու միջոցով Դրամագլուխը կրնայ բազմապատկել իր կարողութիւնը: «Ազգային շահերը» առաջ կը մղուին այն ատեն միայն, երբ կը համապատասխանեն Աջին տնտեսական շահերուն: Հետեւաբար, մինչ Պաղ պատերազմի օրերուն Արեւմուտքը միջոցներու միջեւ խտիր չէր դներ Խ. Միութեան ազդեցութեան գօտիները սահմանափակելու համար, ու այդ ծիրէն ներս ալ չէր վարաներ Փինոշէի նման վայրագ բռնատէրեր իշխանութեան գլուխ բերելու եւ պահելու համար, Աջի գաղափարախօսութիւնը այսօր կը հետեւի նոյն մեթոտաբանութեան՝ իր արտաքին քաղաքական զօրակցութիւնները եւ զինակցութիւնները ճշդելու գործընթացին մէջ:
Այս պատճառով ալ, Մուպարաքի, վերջին տաս տարիներու Քազաֆիի (այսինքն Քազաֆիի «ապաշխարհելէն» ու դէպի Արեւմուտք «դարձի գալէն» ետք), Զուլֆիքար Ալիի, Ծոցի երկիրներու եւ բազմաթիւ մենատէրերուն շնորհուած էր ամէն սանձարձակութիւն գործելու իրաւունք, այնքան ատեն, որ չէին խանգարեր դրամագլուխ կուտակելու Աջի ռազմավարութիւնը:
Սակայն տեղ մը, տան հաշիւը չբռնեց շուկայի հաշիւին:
Աջը, գլխաւորութեամբ Մ. Նահանգներու, տհաճ անակնկալի դիմաց գտնուեցաւ, երբ ժողովրդային ըմբոստութեան ալիքը սրբեց-տարաւ իր փայփայած բռնատէրերէն ոմանք: Ուրիշներ ալ քաղաքական թատերաբեմէն հեռանալու վրայ են: Ժամանակի հարց է միայն: Հարցը այն է սակայն, որ այս շարժումները յենած են ընկերային եւ քաղաքական արդարութիւնը վերականգնելու գաղափարական իտէալիզմին վրայ, բան մը, որ կը սարսափեցնէ Արեւմուտքը եւ Աջը:
Թունուզի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Պահրէյնի (եւ վաղը ուրիշ տեղեր ալ վստահաբար) մէջ, քաղաքականօրէն եւ ընկերային-տնտեսական առումով ճնշուած ժողովուրդները, ի տես Աջին ու իրենց «սեփական» բռնատերերու սանձարձակութիւններուն, ըսին՝ «պատերա՞զմ կÿուզէք, ահաւասի°կ»:
Այսօր, ինչպէս տեսանք, Թունուզի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ, ժողովուրդները յաջողեցան, որովհետեւ առաջին հերթին յաղթահարեցին այն ներքին վախը, որ տասնամեակներէ ի վեր նստած էր իրենց հոգեբանութեան մէջ: Անոնք փարեցան այն միակ ուժին, որ կը գտնուէր իրենց տրամադրութեան տակ. այդ ալ գաղափարի ուժն էր: Յաջողեցան նաեւ անոր համար, որ այս երկիրներու վարչակարգերը իրենց գոյատեւման համար անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական միջոցները այլեւս սպառած-վատնած էին: Այս երկիրներու ժողովուրդները նաեւ քաջութեան դաս մըն է որ կու տան ազգային, կամ ընկերային-տնտեսական ճնշումի տակ գտնուող այլ երկիրներու:
Տարօրինակ պէտք չէ թուի, որ Ուիսքանսընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ժողովրդային ընդվզումի ընթացքին, բողոքողներէն ոմանք բռնած էին Եգիպտոսի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնող պաստառներ:
Ահաւասիկ, Ուիսքանսընի մէջ մօտաւորապէս երկու շաբաթէ ի վեր ժողովրդային բողոքի ելոյթները կը շարունակուին եւ մինչ նախագահ Օպամա, Թունուզի եւ Եգիպտոսի ամենատաք օրերուն, գրեթէ ամէն օր յայտարարութիւն մը կը կատարէր (վերջին օրերուն՝ ի նպաստ «ժողովրդային կամքին»), միայն մէկ անգամ կէս-բերան արտայայտուեցաւ «աշխատաւորներու հաւաքական իրաւունքներուն» մասին՝ առանց սակայն բացէն ի բաց Ուիսքանսընի ակնարկելու: Երեւի, Սպիտակ տան հայեցողութեամբ, ինչ որ «օգտակար» էր Թունուզի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ համար, «օգտակար» չէ Ուիսքանսընի համար:
Բայց «ճինին» շիշէն դուրս ելած է կարծէք: Ժողովուրդները առաջնորդողները, ինչպէս տեսանք, անհատներէ աւելի քաղաքական ազատութիւններու, ընկերային ու տնտեսական արդարութեան ու հաւասարութեան գաղափարներն են: Այս պատերազմը գաղափարներու պատերազմ է, ուր անզօր են հիւլէական հրթիռներն ու «ուշիմ», թիրախները ճշգրիտ կերպով հարուածող ռումբերը:
ՀԱՊԱ՞ ՄԵՐ ՓՈՔՐ ԱԾՈՒՆ
Իրերու այս դրութեան մէջ, ի՞նչ կը սպասէ Հայաստանին: Մանաւանդ, ի՞նչ պէտք է ընէ հայ քաղաքական միտքը, ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար՝ գործադիր իշխանութիւնը, նախագահը:
Ան եւս պէտք է անդրադառնայ, որ Հայաստան կը դիմակայէ իր ազգային իրաւունքներուն վերատիրացման, անարդարութիւն մը սրբագրելով արդարութիւնը վերահաստատելու խնդիր՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութեանց ճակատին վրայ: Հայաստանի խնդիրը այս երկիրներուն հետ նաեւ շեշտակիօրէն գաղափարական խորք ունի: Հայաստանի ներկայ վարչակարգը կը դիմագրաւէ նաեւ ներքին քաղաքական «ռեսուրսները» սպառած-վատնած ըլլալու խնդիր: Ապա, երրորդ, Հայաստան կը դիմագրաւէ ներքին ընկերային-տնտեսական սուր տագնապ:
Տրուած ըլլալով, որ այս խնդիրները ունին գաղափարական ենթահող, երկրի գործադիր իշխանութիւնները, աչքի առջեւ ունենալով համաշխարհային ներկայ խմորումները, անհրաժեշտ է, որ ՀԻՄՆՈՎԻՆ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մեկնելով այս գաղափարական ենթահողէն եւ թող չփորձեն իրենք զիրենք խաբել, օրինակի համար, «կօալիցիոն» ուժերու վերջերս ստորագրած համաձայնագիրով, որովհետեւ կեղծ գործնապաշտութիւնը ինքզինք շատոնց սպառած է:
(*)Ուոքըրի առաջադրած օրինագիծին մէջ նաեւ կÿառաջադրուի, որ ինք իրաւասու է նահանգի ելեքտրակայանները ըստ կամս վաճառելու, որու որ յարմար նկատէ, ի հարկին առանց աճուրդի: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, իր ընտրապայքարի ընթացքին Քոք եղբայրներուն կողմէ ֆինանսաւորուած Սքաթ Ուոքըր այս ձեւով կÿուզէ «օրինական» ձեւով նահանգին պատկանող այդ գործարանները վաճառել Քոք եղբայրներուն: Նշեալները ուժանիւթի բնագաւառէն ներս մեծ ընկերութիւններու տէրեր են: Յստակ է, չէ՞: