ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
18 Դեկտեմբեր 2024
«Սեւրն ու իրաւարար վճիռը մեր տարածքային պահանջներուն իրաւական հիմքը կը հանդիսանան» ըսաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, 13 մայիս 2020-ին (1) «Սեւրի դաշնագիրին եւ իրաւարար վճիռին ուղղութեամբ եւ, 100-ամեակին առիթով՝ ակադեմիային իրականացուցած աշխատանքներն ու ծրագիրները» նիւթի զեկուցումին՝ «Ազդակ»-ի երրորդ առցանց լսարանին:
Մելքոնեան ներկայացուց պատմաքաղաքական այն հանգամանքներն ու պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրն ու կայացաւ իրաւարար վճիռը: Ներկայացնելով վճիռին իրաւական նշանակութիւնը՝ ան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած սահմանագծումի փուլերուն ու վերջնական որոշումի հոլովոյթին մասին՝ շեշտելով Սեւրի տրամաբանութիւնը՝ Հայաստանին ապահովել կենսական սահմաններ եւ դէպի ծով ելք:
Այժմու (2020) աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններու լոյսին տակ Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Սփիւռք դերերու բաշխումով Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի հիման վրայ պէտք է առաջադրել հայրենազրկումի իբրեւ հետեւանք՝ մեր տարածքային հատուցման պահանջները: Մելքոնեան արծարծեց նաեւ Անգարայի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն ունեցած մնայուն վախը, Սեւրի աշխարհաքաղաքական տրամադրութիւններու արծարծման հաւանականութեան առումով՝ ընդգծելով. «Թուրքիան եկեղեցիներ ու հայկական հետքեր ոչնչացուցած է եւ վիճակագրութիւնները թաքուն պահած, յատկապէս Ուիլսընի սահմանագծած տարածքներուն մէջ առկայ հայկական ծագում ունեցող ազգաբնակչութեան մասին»: Ցեղասպանութիւնը ցարդ կը շարունակէ թուրքը եւ Թուրքիան:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ անընդունելի խորագիր մը, Միքայէլ Յալանուզեանի կողմէ, այլապէս՝ լաւ պատրաստուած, Մետիամաքս գործակալութեան Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակի առիթով՝ 9 Օգոստոս 2020-ի յօդուածը (2): Ստորեւ այդ խորագիրին նկարը՝ թիւ 2, ուր անուղղակի կերպով, թրքական թէզն է որ կը ներկայացուի: Իսկ տարօրինակը ա՛յն է, որ՝ անիկա երբե՛ք յօդուածին բովանդակութիւնը չցոլացներ: Կամաւո՛ր ու անտեղի՛ կերպով յոյս կը կտրէ, եւ մեր ազգային հսկայական իրաւունքներէն հրաժարում կը թելադրէ: Մերժելի՛ են այսպիսի մտածելակերպն ու գրութիւնները:
Սեւրի կամ որեւէ այլ դաշնագիրի մասին, նախ՝ կարեւոր է ճշգրիտ եզրը գործածել, որ արեւմտահայերէնի մէջ «դաշնագիր» է՝ դաշինքի գիր՝ Treaty եւ ո՛չ թէ «պայմանագիր», որ արեւմտահայերէնի մէջ թէեւ դաշնագիրի հոմանիշ մըն է, սակայն, աւելի նուա՛զ կշիռով՝ առեւտրական կամ զանազան ձեւի համաձայնութիւններու կը վերաբերի՝ Contract իմաստով: Արեւելահայերէնի մասնագէտ չեմ, սակայն արեւելահայերէն բառարանները նոյնպէս «դաշնագիր» եզրը կը նկատեն պետութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնագիր, եւ ոչ թէ «պայմանագիր»-ը: Հակառակ այս իրողութեան՝ արեւելահայերէնի մէջ, աւելի ճիշդը՝ Խորհրդային եւ այժմու Հայաստանի մէջ, յաճախ, ո՛չ ճշգրիտ՝ «պայմանագիր» եզրը կը գործածուի:
Համացանցի ամենաշատ օգտագործուող բազմալեզու հանրագիտարանին՝ Ուիքիփետիայի մասին քանի մը առիթներով անդրադարձած էի, յատկապէս. «Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները» (3) խորագիրով յօդուածին մէջ, ուր կը նշուի փրոֆ. Արա Սանճեանի. «Առաջնահերթ է Ուիքիփետիայի պատմագրական յօդուածներուն սրբագրութիւնը, քանի որ ընդհանրապէս համացանցին մէջ նիւթի մը որոնումի առաջին արդիւնքը կու գայ Ուիքիփետիայէն, ուր ահաւոր սխալներու կը հանդիպինք»: Ինչպէս նշեց դասախօսը, Ուիքիփետիան ունի շատ լաւ՝ աղբիւրները նշուած յօդուածներ, որոնցմէ ինք եւս կ՛օգտուի, սակայն պէտք է ստուգել, թէ յօդուածը մէկէ աւելի աղբիւրներէ օգտուա՞ծ է: Բոլո՛ր յօդուածները, որ Սովետական Հանրագիտարանէն եւ աղբիւրներէ առնուած են, այսինքն, յատկապէս՝ գրեթէ բոլո՛ր արեւելահայերէն բաժինի պատմական յօդուածները պէտք է վերանայուին»:
«Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային ծրագիր է։ 1 Ապրիլ 2019-ին սկսած Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին բաժինը՝ ցարդ 11071 յօդուածներով, ստեղծուած՝ կամաւոր խմբագիրներու կողմէ» (4)։ Որեւէ անհատ, որ ել նամակի հասցէ ունի, իր բուն անունով, կամ՝ ծածկանունով կրնայ խմբագիր դառնալ եւ սրբագրել յօդուածներ, կամ նոր էջեր ստեղծել, պայմանաւ, որ հիմնուած ըլլան ընդունելի աղբիւրներու վրայ: Ամենէն ընդունելին՝ Ուիքիփետիայի այլ լեզուներէ թարգմանութիւններն են: Իսկ փոփոխութիւններու պարագային, նախորդող խմբագիրը կրնայ մերժել, մինչեւ որ փոխողը շատ վստահելի աղբիւրի մը վրայ հենի:
Ահա՛ Սեւրի դաշնագիրին էջին մէջ ահռելի սխալներու օրինակը, որ սրբագրելէս ետք յամառօրէն նախորդ խմբագիրը վերստին հինը պահպանեց, նկար 4 եւ 5: Վեցերորդ նկարը ցոյց կու տայ աղբիւրները, եօթներորդը՝ Ուիքիփետիայի մասնակիցներու կողմէ յաջորդական փոփոխութիւններու շարքը, ուր կ՛երեւին կատարած սրբագրութիւն՝ փոփոխութիւնս եւ ապա անոր ջնջումը:
Սակայն այս մէկը դիւրաւ չեղաւ… Նախորդ խմբագիրը՝ ԱշբոտՏՆՂ Sigma’am մերժեց սրբագրութիւնս, ապա ի վերջոյ տեղի տուաւ: Ինչպէս կը յստականայ՝ եթէ անոր օգտագործած աղբիւրներուն նայինք՝ «Սովետական» կը տեսնենք: Պոլշեւիկներն էին որոնք արգելք հանդիսացան Սեւրի դաշնագիրի գործադրութեան՝ զէնքով ու նիւթականով օգնելով քեմալականներուն: Անշո՛ւշտ որ, իրենց խմբագրած «հանրագիտարանը» սխալներով լեցուն է, ուր հայկական ազգային իրաւունքները ընդհանրապէս կ՚անտեսուին: Սակայն վերջաւորութեան՝ կատարած սրբագրութիւնս ցարդ կը պահպանուի:
Որոն՞ք էին նկատած հիմնական սխալները, որ յաճախ ա՛յս եւ ընդհանրապէս դաշնագիրներու հիմնական օրէնքներէն եւ սկզբունքներէն տեղեակ չեղողները առանց իրազեկ ըլլալու, կը կրկնեն, եւ Սեւրի դաշնագիրին մասին անտեղի կերպով յոռետեսութիւն կը սփռեն: Ա. Մասին մէջ մանրամասնուած են այդ սխալները, որ ստորեւ կը յիշեցնեմ:
Առաջին սխալը՝ «…Սեւրի դաշնագիրը չեղեալ յայտարարուեց»:
Երկրորդ սխալը՝ « …փոխարինուեցաւ 1923 թ. Լոզանի պայմանագրով»:
Երրորդ սխալը՝ « … Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ»։
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻՆ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԳՐԵՐ ՉԵՂԵԱԼ ՉԵՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻՐ, Ո՛Չ ԱԼ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԻՆ: ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՄՆԱՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ Ի ԶՕՐՈՒ, ԵԹԷ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՈՎ ՄԸ ՉԷ ՆՇՈՒԱԾ ԱՒԱՐՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆ… Այս պարագային, աւարտի թուականի յօդուած գոյութիւն չունի, ուրեմն յաւիտեանս ի զօրու է:
Սեւրի դաշնագիրի արեւելահայերէն էջը նոյնպէս կը պարունակէ սխալներ, սակայն, երբ փորձեցի սրբագրել արեւմտահայերէնով, քանի որ վարժ չեմ արեւելահայերէն գրելու, դիտողութիւն ստացայ, եւ սրբագրութիւնս չընդունուեցաւ, ոչ թէ ճիշդ չէր, այլ՝ քանի որ արեւմտահայերէն էր, եւ դիտողութիւն կատարողը չբարեհաճեցաւ արեւելահայերէնի վերածել սրբագրութիւնս, պահելով այդ սխալը…
Հայկական պատմութեան կաճառներուն եւ ուսանողներուն մնայուն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ մանաւա՛նդ համացանցին մէջ գտնուող խեղաթիւրուած նիւթերը սրբագրել, սկսելով Ուիքիփետիայէն:
Շար. 22/23
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին
- https://www.aztagdaily.com/archives/472758
- https://republic.mediamax.am/story/115/
- https://www.aztagdaily.com/archives/476310
- https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գլխաւոր_Էջ