ՔՈՒԷՆ ՈՒԺ Է…ՈՒՇ ՉԷ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Մայիս 2012ին խորհրդարանական ընտրութիւններ, ապա Փետրուար 2013ին՝ նախագահական ընտրութիւններ…Արդէն իսկ ազդանշանը տրուած կը թուի ըլլալ նախընտրական պատրաստութիւններուն:

Այս առթիւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան հասարակական շարժման առաջին հաւաքը, Ուրբաթ, Փետրուար 18ին: Հետաքրքրական ու պատմական թուական… Արդարեւ, Փետրուարեան ապստամբութեան 90ամեակին կը զուգադիպէր այս անդրանիկ հաւաքը: Իննիսուն տարի առաջ, հայ ժողովուրդը ապստամբեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավար բռնատիրութեան դէմ:

Հոս տեղին է նշել թէ կարելի չէ բաղդատել հաւաքն ու շղթայազերծուած ըմբոստութիւն մը: Պայմաններն ու իրադարձութիւնները փոխուած են: Այլ ընդդիմադիր ուժերու նման, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ալ կը պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններուն եւ այդ ալ «Քուէն ուժ էե կարգախօսով:

Հ.Յ.Դ.ի նախաձեռնած նպատակն էր ընտրական իրաւունքի արդար ու թափանցիկ միջոցներով հասնիլ ժողովուրդի իշխանութեան հաստատման: Առ այդ, նմանօրինակ շարժում մը ստեղծելու համար, գոյութիւն ունին հիմնական ալֆան՝ հասարակական գիտակցութեան մէջ ամրապնդել ժողովուրդի իշխանութեան հաստատման գործին մէջ ընտրական իրաւունքի առանձնայատուկ նշանակութիւնը« եւ օմեկան՝ իրականացնել ընտրական իրաւունքի արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը եւ ապահովել ընտրական իրաւունքի լիարժէք իւրացումը:

Քուէն ուժ է… Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը անմիջապէս պիտի սկսի ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան հասարակական շարժումի եւ արդէն իսկ կը ծրագրէ աշխոյժ հանդիպումներ ունենալ հասարակութեան բոլոր շերտերուն հետ:

Քուէն ուշ չէ… բացատրելու, մեկնաբանելու եւ պարզաբանելու համար« որ ձայներ վաճառելով, զեղծարարութիւններ կատարելով կամ ձեռնածալ տուն նստելով եւ ընտրութիւններուն չմասնակցելով ու ընտրակեղծիքներուն դէմ չպայքարելով՝ հայորդին միայն նպաստած կ’ըլլայ ներկայ իրավիճակին, ուր ստեղծուած է դէպի մենաշնորհութիւն ուղղուող ոչ փափաքելի, հակաժողովրդավարական իրավիճակ մը:

Քուէն ուժ է եւ ուշ չէ… կաշառքի« վարչական լծակներու օգտագործման« ընտրողները անտարբերութեան մղելու եւ այլ միջոցներով ընտրական իրաւունքի նկատմամբ ոտնձգութիւններու դէմ համակարգուած պայքարը, հրամայական անհրաժեշտութեան վերածելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles