ԳլխաւորՅօդուածներ

ՊՐԻՔՍ-Ի ԴՐԱՄԱՆԻՇԻՆ  ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

 

Փրոֆ. Մկրտիչ Պուլտուքեան

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան  նախկին փոխկառավարիչ, 1985-1990

 

Ներածական

 

1-Միայն դրամատնային համայնքը կրնայ սահման պահել մրցակից պահեստային դրամանիշի մը դէմ, անոր  գաղափարախօսութեան ներթափանցման դէմ` տնտեսագիտութեան մէջ

2-Գոյութիւն  ունի՞ ՊՐԻՔՍ-ի դրամանիշի  ճանապարհ

3-ՊՐԻՔՍ  կը հաստատէ, թէ չուզեր արժեզրկել  եւ հակաարեւմտեան երկիրներ չեն ՊՐԻՔՍ-ի անդամները:

4-Ամփոփական խօսքեր

Ես եկած եմ այն եզրակացութեան, որ դրամատուները ընդհանրապէս եւ կեդրոնական դրամատուները մասնաւորապէս կը ներկայացնեն միակ մարզը, որոնք կրնան միջամտել  կամ դէմ դնել այսօրուան այնքան բացայայտ, մեզ գերակշռելու սպառնացող վտանգաւոր իրողութիւններուն:

Գոյութիւն  ունի  մէկ սպառնալիք, որմէ հաստատուած համակարգը կը ձգտի խուսափիլ եւ որուն դէմ կը կարծեմ, թէ  միայն դրամատուները ունին դիմակայելու կարողութիւնը եւ ջիղը:

Կը խօսիմ նոր պահեստային դրամանիշի արագացող կազմութեան մասին, որուն նախաձեռնողները մտադիր են փոխարինելու ամերիկեան տոլարը:

Քաղաքագէտներ պաղ պատերազմէն ի վեր աւելի ու աւելի կարճաժամկէտ դարձած են իրենց գործողութիւններուն մէջ եւ ասիկա իր կարգին արագացած է տարբեր ձեւերու ընտրական խառնուրդի մը, եւ համընկնումի գոյութեամբ, որ ծանօթ է իբրեւ համամասնական ներկայացուցում:

Այս մէկը 1990-էն ի վեր նպաստած է փոփիւլիստ (ամբոխահաճ, խմբ․) ծայրայեղականներու ընտրութեան, որոնք կը ձգտին ականահարել, նորաձեւ դատեր շահարկել իրենց  դատերուն  համար ամէնուրեք: Եթէ նայինք առեւտրական դրամատան մը ղեկավարին, կրնանք նմանցնել կառավարիչի մը, որ կը ձգտի բոլորին բարեկամ ըլլալ եւ ըստ այնմ տնօրինել դրամատան կարելութիւնները:

Այնքա՜ն խոր էր եւ տակաւին այդպիսին կը շարունակէ մնալ այս պետութիւնը, որ տակաւին միջազգային դրամատնային համակարգը եւ անոր ենթակայ դրամատնային համակարգը, մարտահրաւէր տալու համար ներդաշնակութեամբ գործող երկու երկիրներուն սպառնացող վտանգը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հեռացուի եւ նոյն այն մարդոց կողմէ, որոնք պէտք է ձգտին անոր դէմ դնել:

Եթէ նկատի առնէք պահեստային դրամանիշի էական բաղադրիչները, ապա Չինաստան-Ռուսիա գործընկերութեան նպատակը կարելի է իրագործել` ուզենք կամ ոչ: Պահեստային դրամանիշը իր կիրարկման մէջ պարզ է:

A – Միջազգային առեւտրական գործարքներու կարգաւորման համար:

B -Ֆինանսական գործարքներու համար մէկ կողմէ կարճատեւ եւ երկարաժամկէտ փոխառութեան համար, միւս կողմէ` ներդրումներու եւ խնայողութեան նպատակով:

C -Կեդրոնական  դրամատուներու եւ այլ միջազգային դրամական հաստատութիւններու համար իբրեւ պահեստային դրամ:

Ռուսիա եւ Չինաստան  գիտակից են, որ պահեստային դրամանիշի դերը ստանձնելու իրենց  մեծագոյն միացեալ զէնքը Արեւմուտքի ապացուցուած անկարողութիւնն է` դիմակայելու, ա՛լ աւելի անդրադառնալու համար գործընկերութեան եւ անոր ծրագիրներուն:

Ինչո՞ւ։

Արեւմուտքին մէջ քաղաքական լրատուամիջոցներու համակարգը ձեռնհասօրէն այնքան թաքուն դարձած է, որքան ժամանակին կը մեղադրէին  ժամանակին գոյութիւն  ունեցող, հին, չին-սովետական համայնավար պլոքը:

Անոր վարդապետութիւնները, հին պլոքի նման, ծեփուած են զուտ դիտաւորութիւններով եւ հռչակուած են որպէս գոյութիւն ունեցող՝ մարդկութեան ընդհանուր օգտին համար։

2-Գոյութիւն  ունի՞ արդեօք ՊՐԻՔՍ- դրամանիշի  ճանապարհ մը։

Ես, իբրեւ տնտեսագէտ եւ կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ   մը,  հետաքրքրուած էի 1978 թուականի դեկտեմբերէն ի վեր Եւրոպական Միութեան մէջ եւրոպական դրամանիշին՝ Եւրոյի յառաջացումով:

Ընդհանուր դրամանիշի գոյացման մասին իմ այս  ուսումնասիրութեանս մէջ անդրադարձաց  եմ անոր հիմնական արմատներուն, պատճառներուն, ուսումնասիրելով անոր ուղին եւ գոյացման հանգամանքները:

Տնտեսական եւ Դրամական Միութիւն (ՏՄՄ) մարտահրաւէրային նկրտում մըն էր Եւրոպական Միութեան համար: Անիկա կը պարփակէր տնտեսական եւ հարկային քաղաքականութիւններու համակարգումը, դրամական ընդհանուր քաղաքականութիւն եւ ընդհանուր դրամանիշ՝ Եուրոն:

Եւրոպական Միութեան համար միացեալ դրամանիշը առաւելութիւններ կը բերէր, ինչպէս` դիւրացնելով ընկերութիւնները` շրջանցելու սահմանային առեւտուրը, կայուն տնտեսութիւն եւ սպառողներու հնարաւորութիւններու ընտրանքը, եւ այլն: Նման չափի միջազգային նոր ծրագիրը` Եւրոպական տնտեսական եւ դրամական միութիւնը, դիմագրաւեց զանազան խոչընդոտներ, որոնք արգելք հանդիսացան անոր նպատակներուն:

Յամենայնդէպս, քաղաքական եւ տնտեսական յանձնառութիւնն ու առաջնահերթութիւններու կարեւորութիւնը նպաստեցին Եւրոպական Տնտեսական Համայնքի (ԵՏՀ) ստեղծման, որուն յաջորդեց Եւրոպական Դրամական Համակարգի (ԷԴՀ) գոյացումը 1979-ին, եւ Եւրոպական Դրամական Միութեան (ԵԴՄ) ստեղծումը, որ միասնական դրամանիշի հիմն է… Եւրոպական Միութեան մասին նոր պայմանագիր մը, որ կը պարունակէր դրամական միութիւնը գործադրելու համար անհրաժեշտ դրոյթները, համաձայնեցուած Դեկտեմբեր 1991-ին, Նետերլանտներու Մաաստրիխթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդին մէջ. վերջին փուլին, Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան ստեղծումը իրականացաւ Յունիս 1998-ին: Այդ ժամանակէն ի վեր, Եւրոն դարձած է միջազգային պահեստային դրամ:

Իբրեւ կեդրոնական դրամատան  նախկին փոխ կառավարիչ,  վերջերս BRICS ի երկիրներու նոր դրամանիշ ստեղծելու հարցը հետաքրքրեց զիս ակադեմականօրէն եւ դրամատնային  տեսանկիւնէն, որովհետեւ միջազգային դրամատնային  համակարգին  առնչակից  դառնալը կը պարփակէ   վաթսուն տարուան    փորձառութեան ասպարէզ  մը՝(1960-2020):

Բաւական   մեծածաւալ եւ  խորունկ  ծրագիր մը կը թուի   ըլլալ ան, աւելի քան Եւրոյի ստեղծումը` հինգ ազգերու( 5-R դրամանիշներու) հաւաքական ՀՆԱ-ի չափերուն պատճառով, որ կրնայ միջազգային վճարումներու համակարգին մէջ ամերիկեան տոլարին այլընտրանքային դրամանիշի, միջազգային դրամանիշի եւ կեդրոնական դրամատուներու արտաքին դրամանիշի պահեստի դերը կատարել:

Պատմականօրէն, 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, եւրոպական եւ այլ պետութիւններու միջեւ  տեղի ունեցած են դրամական միութիւններ ստեղծելու քանի  մը  փորձեր:

Կարճ կերպով՝

– Գերմանական Մաքսային  Միութիւնը (German Customs Union) 1834-ին, Գերմանիոյ դաշնութեան մէջ սահմանային առեւտուրը դիւրացնելու համար։

– 1865-ին Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Պելճիքայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ ստեղծուած է Լատինական Դրամական Միութիւնը:

– Սկանտինաւիայի մէջ, 1870-ականներուն, Շուէտի, Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ միջեւ ձեւաւորուած է Դրամական Միութիւն մը:

Վերջին տարիներուն, Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը (GCC), որուն անդամներն  են Պահրէյնը, Քուէյթը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ը, դրամական միութիւն եւ միասնակամ դրամանիշ  ստեղծելու փորձը, մինչեւ օրս  չէ իրականացած, գլխաւորաբար քաղաքական եւ տնտեսական յանձնառութեան բացակայութեան պատճառով:

Բայց  դրամական  նման միութիւններու գոյութիւնը հետզհետէ անհետացած է, մասնակից պետութիւններօւն  կեդրոնական դրամատուներուն վարած   ձախող  քաղաքականութիւններուն պատճառով, որոնք հետեւողական դրամական քաղաքականութիւն կը հետապնդէին. Եւրոպայի մէջ պատերազմներ, գնաճ, դրամագլուխի անցքային հոսքի արգիլում, միջազգային դրամագլուխի տեղաշարժի սահմանափակումներ:

20-րդ դարու սկիզբը, միջազգային Ոսկիի Չափանիշը ի վերջոյ շուքի տակ դրաւ եւրոպական երկիրներու դրամական ներգրաւման հետեւողական ջանքերը: Ան  հաստատեց  կայուն  փոխանակաման  համեմատութիւններու   կամ փոխարժէքներու (exchange rates) համակարգ մը, հիմնուած  դրամանիշին  եւ ոսկի ունեցող գործակիցներու միջեւ փոխադարձութեան կանոններուն վրայ:

Այս չափանիշը նաեւ փուլ եկաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ կեդրոնական դրամատուները դադրեցուցին թղթադրամի- դրամատնային արժեթուղթերու ոչ-պաշտօնական փոխակերպումը ոսկիի…

Կը կրկնեմ միջազգային պահեստային դրամանիշի իմ սահմանումս: Ան  պէտք է   դրսեւորէ    հետեւեալ հիմնական գործառոյթները.

  1. Միջազգային գործարքներու, փափուկ կամ կարծր ապրանքներու, նաւթային եւ կազային գործարքներու, ոսկիներու կարգաւորումը…
  2. Ելեւմտական գործարքներ, մէկ կողմէ կարճ եւ երկարաժամկէտ փոխառութիւններ, մեծ իմաստով ներդրումներու համար եւ տարբեր ելեւմտական գործիքներու մէջ խնայողութեան համար:
  3. Միջազգային դրամագլուխներու առանց սահմանափակումներու շարժունակութիւն՝ իբրեւ  պահեստային  դրամ Կեդրոնական  դրամատուներու եւ այլ միջազգային դրամական հաստատութիւններու համար:

Մինչեւ հիմա, այն ինչ որ դրամանիշին տուած է իր միջազգային նկարագիրը, եղած է տուեալ  երկրին  ռազմական ուժը, անոր բարձր արդիւնաբերականացած տնտեսութիւնը, զարգացած եւ ամբողջական նիւթական գեր շուկաները եւ առատ աղբիւրները եւ ճկունութիւնը:  Երկիր մը, որ կրնայ պահպանել  ժամանակաւոր պետական ամավարկի եւ վճարումներու անհաւասարակշռութիւնը, կը վայելէ եւ կը պահպանէ միջազգային ներդրողներու եւ առեւտրական գործընկերներու յարաբերական վստահութիւնը:

Ամերիկեան տոլարը մինչեւ այսօր կրցած է կատարել այս դերը, թէեւ իր տիրապետութիւնը վերջին տասնամեակներուն մարտահրաւէրու առջեւ կեցած է ,  դերակատարութեան   որոշ նուազում կրած է, որովհետեւ  երկու հիմնական մրցակից դրամանիշեր  ի յայտ  եկած  են՝  Եւրոն եւ Եուանը կամ (Ռենմինպի) եւ մի քանի այլ փոքրաթիւ դրամանիշեր:

Չինաստան ունի միջազգային պահեստային դրամանիշի երկու յատկանիշները, բայց ոչ երրորդը, այսինքն` դրամագլուխներու անկաշկանդ տեղաշարժը:

Ռուսիոյ պարագային, անիկա ունի Մ. Նահանգներու եւ Չինաստանի նման գերզինուորական ուժ, բայց տակաւին չունի բարձր արդիւնաբերականացած տնտեսութիւն,  զարգացած ելեւմտական եւ դրամագլուխի շուկաներ:

Մինչ այդ, այլընտրանքային նոր դրամանիշերու հարցերու շուրջ մեկնաբանող միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ նշուեցաւ ՊՐԻՔՍ նախաձեռնութիւնը, որուն համաձայն, 5R դրամանիշերը պիտի ստեղծեն նոր դրամ մը ՝ ՊՐԻՔՍ  կը նշանակէ Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ: Այս  երկիրներու  տնտեսութիւններու միաձուլումը  կ’ենթադրուի, որ դիմագրաւէ  ամերիկեան տոլարը:   Գալով   դրամանիշերուն՝  Ռէալը, Ռուպլին,Ռուփին, Ռենմինպին եւ Ռանտը: Ի՜նչպիսի զուգադիպութիւն   հինգն ալ «Ռ» տառով  կը սկսին:

Միայն Եուանը կրնայ գլխաւորել այլ պետութիւններու  դրամանիշերը:

Մինչեւ հիմա, ՊՐԻՔՍ-ի կառավարութիւնները կազմած են Նոր Բարգաւաճման Դրամատունը (NDB), որպէսզի ֆինանսաւորեն զարգացող տնտեսութիւններու ենթակառուցուածքային եւ զարգացման ծրագիրները:  Նոր Բարգաւաճման Դրամատան կեդրոնատեղին Շանկհայն է, Չինաստան, առ  ի հակադրութիւն Համաշխարհային Դրամատան, որուն  կեդրոնատեղին Ուաշինկթընն է:

 

Ստորեւ բերուած նկարը կը յստակացնէ Չինաստանի դիրքը իբրեւ այլընտրանքային դրամական համակարգ.

Ինչ կը վերաբերի միջազգային պահեստային դրամանիշի մը, ընդհանուր համաշխարհային դրամանիշի մը, այն ալ միամտութիւն է: Սակայն երկու բեւեռական կամ երկբեւեռ համակարգ մը հնարաւոր է` ամերիկեան տոլարը եւ չինական եուանը եւ Եուրոն։ Ներկայիս ամերիկեան տոլարին ետեւ գտնուող համաշխարհային ելեւմտական պաշարներուն շուրջ 21%ը կը գտնուի Եուրօ գօտիին մէջ:

Ամերկեան  տոլարին բաժինը կը գնահատուի համաշխարհային պահեստային դրամանիշներուն մօտ 59%-ով, իսկ եուանին՝ 2.9%-ով: Hasver-IMF- Credit Suisse-ի կողմէ կատարուած վերջին ուսումնասիրութեան համաձայն, Չինաստան միակ ելեւմտական-տնտեսական  միաւորն է, որուն քանի մը հզօր դրամատուները կրնան ելեւմտական կեդրոնի դրամատուներ նկատուիլ: Սակայն, եուանին կը պակսի երրորդ հիմնական յատկանիշը, որպէսզի զայն  որակեն իբրեւ ամերիկեան տոլարին մրցակից՝ կարճաժամկէտ միջազգային դրամագլուխի տեղաշարժ:

 

3-ՊՐԻՔՍ -ը կը հաստատէ. Անոնք հակա-տոլարիզացնողներ  չեն, ոչ ալ հակաարեւմտեան երկիրներ:

Մենք հակա-տոլարիզացներ  չենք,  մենք    հակաարեւմտեան   երկիրներ չենք:

Այս այլընտրանքային յայտարարութիւնները կը նշանակեն, որ անոնք հեռու են ՊՐԻՔՍ-ի դրամանիշի մը զարգացումէն: Բացառութեամբ Ռուսիոյ, ՊՐԻՔՍ-ի միւս չորս երկիրները տնտեսական եւ ելեւմտական բնագաւառներու մէջ փոխադարձ կախուածութիւններ ունին արեւմտեան տնտեսութիւններէն եւ կը նախընտրեն պահպանել այդ արժէքները իրենց տնտեսական բարեփոխումներուն համար: Բացի այդ, անոնք կը մտադրեն օգտագործել սեփական դրամանիշը եւ ոչ թէ տոլարէն ձերբազատումը:

4-Ամփոփումի  խօսքեր

Եւրոպացի  տնտեսագէտները ձախողեցան դիմակայելու այս նոր գաղափարախօսութիւնը, չկրցան կանխատեսել անոր վերջնական արդիւնքը եւ անոնք  իբրեւ  գործընթացի  տիպար, ընդունեցին տարօրինակ ուղենիշ-պաշտամունք մը, որ այժմ կը բացայայտուի իբրեւ գաղափարախօսականօրէն  ներծծուած միաձուլում մը կանխագուշակութեան եւ փոփիւլիստական քաղաքականութեան:

Այս մէկը թոյլ տուաւ Գերմանիոյ անտեսել տնտեսութեան եւ առեւտրականութեան բոլոր օրէնքները եւ իր բոլոր հաւկիթները դնել մէկ սակառի վրայ եւ ապաւինիլ միակ մատակարարին` իր ուժանիւթին համար:

Այս է պատճառը, որ  կ՚ըսեմ տնտեսագէտներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք կը զբաղին որեւէ ձեւով դրամատուութեամբ, ընդհանրապէս՝ Զգո՛յշ եղէք   քաղաքական  շահեր,  ընտրական քուէներ հետապնդող, տիրող  այն  մշակոյթներէն, որոնք ծանր հետեւանքներու կրնան  առաջնորդել  տուեալ  երկիրներուն  տնտեսութիւնները:

Աչալուրջ   պէտք է  ըլլալ, որպէսզի   պաշտպանես  սեփական մարզդ:  Գիտակցիլ պէտք  է  անոնց  ծանր հետեւանքներէն: Հրապարակաւ պէտք է   բացատրել, ապացուցելով  անոնց սպառնալիքները, ծանր հետեւանքները տուեալ  երկիրներու  տնտեսութիւններուն եւ համայնքներուն վրայ

ՊՐԻՔՍ-ի դրամանիշի ուղեգիծը պէտք է հետեւի Եւրոյի (EURO) դրամանիշի ստեղծման ընթացքին Եւրոպայի քայլերուն, այլապէս` Եուանն է, որ պիտի տիրապետէ միւս բոլոր դրամանիշներուն վրայ:

Sources utilized:

  1. IMF: Article IV Consultations of PRC – press release 23/28, February 3, 2023.
  2. Bouldoukian, “The risk of internationalization of a currency under a floating exchange system with special reference to the Lebanese Pounds” – 14th Congress of the Inter-Arab Cambist Association, Abu Dhabi, UAE, March 1987.
  3. Reuters, “EMU explained: The impact of the EURO”- 2nd Edition- Edited by Noah Barkin and Adam Cox – 1998
  4. Credit Suisse: The Future of the Monetary System – CS Research Institute – January 12, 2023.
  5. Bouldoukian – “The European Monetary System” in Armenian, published in “Haratch” daily, Paris, December 20, 1978, page1.
  6. The Euromarket – UBS publications on Business, Banking and Monetary Topics: No.82 by
  7. B. Schweizer and A.J.Mattle.
  8. Système Monétaire Européen, Banque Indosuez- Conjoncture – Revue Mensuelle de l’Economie No.45 Avril 1979.
  9. Marcus Wallenberg “The European Monetary System and the U.S. Dollar – Center for International Banking Studies” Occasional Paper 2, Bankers’ Association for Foreign Trade Convention, May 16, 1979.
  10. Robert Marjolin, «Memoires 1911-1986 » Architect of European Unity, Editions Robert Laffont, S.A. Paris 1986

Պէյրութ 2024

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button