Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ

0 1
Read Time:1 Minute, 50 Second

Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի շնորհած հովուապետական իր երկրորդ այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Շիքակօ, ուր յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ երիտասարդութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն հետ: Հայրապետը վերջին անգամ իր այցելութիւնը շնորհած էր շուրջ ինը տարի առաջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18-ին, Վեհափառ Հայրապետը, իր կողքին ունենալով իրեն ընկերացող շքախումբը, ուղղուեցաւ Շիքակոյի Կլենվիու շրջանի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին: Մուտքին հացի ու աղի օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի գլխաւորութեամբ, հաւատացեալները, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ ազգայինները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը:

«Հրաշափառ»-ի արարողութեան աւարտին, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ներկայացնելով գաղութը, ան ըսաւ՝ «Վեհափա՛ռ Տէր, Ամենայն Սրբոց եկեղեցին Միջին Ամերիկայի միջնաբերդն է՝ հաւատքի, մշակոյթի եւ ընկերային կեանքի բնագաւառներէն ներս: Այս գաղութի հայորդիները հաւատարմօրէն կապուած են իրենց եկեղեցւոյ: Անոնք իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն յաճախելով եկեղեցի եւ հաղորդուելով իրենց անցեալի ժառագութեանց»:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ կեդրոնանալով ընտանիքի հարազատ հասկացողութեան վրայ: Հայրապետը նախ ընդնհանուր գիծերով ներկայացուց ընտանիք հասկացողութիւնը եւ յայտնեց, թէ ընտանիքը ազգի մը կենսունակութեան ու առողջութեան հիմքն է. անիկա իր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով ազգին սիւնը կը հանդիսանայ: Երկրորդ բաժինով Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընտանիքի հասկացողութիւնը ներկայացուց քրիստոնէական պրիսմակէն։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն ետք, եկեղեցւոյ ծառայողները, քոյր կազմակերպութիւններու անդամները, հոգաբարձութեան անդամները, ազգայիններն ու հաւատացեալները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը: Յաջորդ օրը, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, երիտասարդութեան եւ շաբաթօրեայ Դանիէլ Վարուժան հայկական վարժարանի աշակերտութեան հետ։

Կազմակերպութիւններու ու մարմիններու հետ տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ առաւելաբար շեշտեց համայնքի կեանքին վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման համար համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ քոյր կազմակերպութիւն ըլլալ կը նշանակէ մէկ ընտանիքի անդամ ըլլալ եւ գործել ի նպաստ համայնքի շահերուն։

Ապա, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին՝ Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան առիթով։ Վարժարանի տնօրէն Ժաքլին Փափազեանի բարի գալստեան խօսքէն ետք՝ Նորին Սրբութիւնը առիթ տուաւ, որ աշակերտները հարցումներ ուղղեն իրեն։

Նոյն սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ։ Պատասխանելով անոնց կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընդգծեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, համայնքի կեանքին մէջ անոնց լայն կարելիութիւններ ու պատասխանատուութիւններ տալու անհրաժեշտութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles