ԸՆԴՎԶԵԼԷ ԱՆԴԻՆ՝ ԳՈՐԾ

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

 


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

«Քաղաքականութեան մէջ պէտք է կա՛մ դաւաճանել հայրենիքիդ, կամ ընտրող զանգուածին։ Ես կը նախընտրեմ դաւաճանել ընտրող զանգուածին»:
Շարլ Տը Կօլ (1890-1970)
Անհասկնալի եւ անընդունելի ըլլալէ աւելի՝ ընդվզեցնող էր պատահածը՝ Նոյեմբեր 12-ին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին՝ 19 Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային Ժողովի նիստին պահուն, երբ իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը մերժեց ընդունիլ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու պահանջը դնող՝ ընդդիմադիրներուն յայտարարութեան նախագիծը:
Քուէարկութեան արդիւնքը՝ 30 կողմ եւ 0 դէմ։ Պարզ խօսքով, զեռօ ՔՊ-ական կը մտածէ գերիներու վերադարձին համար ԲԱՆ ՄԸ ընելու մասին…
Ամօթալի ե՛ւ դատապարտելի վիճակ, մանաւանդ որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը, այս հարցին մասին արտայայտուելով, կը փորձէ ժողովուրդը համոզել, թէ կառավարութիւնը օրական դրութեամբ, եւ այդ թղթածրարը առաջնահերթութիւն ունենալով կը զբաղի հայ գերիները վերադարձնելու հարցով, ու կ’աւելցնէ. «Ընդդիմութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը չի լուծեր այդ խնդիրը, իրենք չեն կրնար սխալ գործիքներով խնդիրին ճիշդ լուծում տալ»։ Աւելորդ է հարց տալ, թէ իրե՞նք ինչ գործիք ունին, երբ միւս կողմէ կը յայտարարեն, որ իրենց օրակարգին վրայ նման հարցեր չկան…: Հաւանաբար հոս ալ կայ «գաղտնիացում»ի պատճառաբանութիւն մը, մինչդեռ մենք տեսած ենք, որ այս խմբակին իւրաքանչիւր «գաղտնի գործարք»ը ինչպիսի՛ աղէտներու դուռ բացած է, նոր օղակներ կը պատրաստուին գաղտնի կերպով…:
Թէ ի՞նչ է սխալ գործիքն ու գործօնը։
Յստակ է, թէ ի՜նչ պատճառներով, այդ «քար քուէներ»-ը մնացին անդրդուելի։ Իսկ հիմա, երբ կառավարութեան կառոյցին մէջ սասանումներ տեղի կ’ունենան շռնդալի պաշտօնազրկումներով, հարց է թէ այդ «քար»ը ե՞րբ պիտի փշրուի…
Տագնապը ունի նաեւ տարբեր խորք ու ծաւալ: Փաստօրէն, երբ Ազգային Ժողովը վարող խնդրայարոյց տիպարը բազմիցս կը յայտարարէ, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ ընդդիմութիւն պիտի ստեղծէ, արդէն բացատայայտ կը դառնայ սենարիօն։ Անհեթեթի թատրոնին նորագոյն արարն է, որ բեմահարթակ բարձրացած է, ստեղծելով… կեղծիքի դիմակահանդէս։
Հայորդիին համար, գիտակցութեան գալու, թմբիրէն դուրս գալու առիթ մը չէ՞ արդեօք, երբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող COP29-ի օրերուն, միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի կամ միլիոնաւոր երիտասարդներու յարգանքին հասցէն եղող՝ հազիւ 21 գարուններ բոլորած շուէտացի հանրածանօթ քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան, եւ դեռ աւելին՝ 2020-ին, Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան «Մարդկութեան մրցանակ»-ին (Prize for Humanity) տիրացած՝ Կրեթա Թունպերկը այլանդակ եւ բիրտ քննադատութեան կ’ենթարկուի Պաքուի կողմէ, որովհետեւ ան ձայնը կը միացնէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջին։ Արդեօք ՔՊ-ապետը ներողութիւն խնդրե՞ց Ալիեւէն…
Կայ աւելի՛ն. 19 Բաղրամեանէն մղոններ հեռու, ովկիանոսէն անդին գտնուող Ուրուկուայի նման երկիր մը Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ պատերազմական գերիներն ու պատանդները, եւ Ուրուկուայը միակը չէ, ասդին, ՔՊ-ականները կը մերժեն նման պահանջի միանալ…: Եւ դեռ կարեւորութեամբ յիշել քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի, ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուայթհաուսի հայամէտ յայտարարութիւնները Պաքուի մէջ։
Տարօրինակ կացութիւն մը ստեղծուած է, անբացատրելի եւ անհասկնալի։ Հայրենի ղեկավարութիւնը ձեռնածալ կը հետեւի Երեւանէն քանի մը հարիւր քիլոմեթր հեռու՝ Պաքուի մէջ կայացող կենսոլորտի պահպանման ժողովին։ Ոսկի առիթ մըն էր աղմկելու եւ աշխարհը ցնցելու, որովհետեւ այլապէս նո՛յն աշխարհը ականատես եւ ականջալուր եղաւ Հայաստանի դէմ Ալիեւի թշնամական եւ սպառնալից յայտարարութիւններուն, եւ… որեւէ ցնցում չապրեցաւ։
Մութ հաշիւնե՞ր, քարիւղի իւ խաւիարի «բո՞յր»…. անշո՛ւշտ որ ասոնք ակնյայտ գործօններ են, սակայն կայ նաեւ Երեւանի անկարող, անզօր ու ապիկար վարչամեքենան: Ամէնէն ամօթալի՞ն. նոյնինքն Պաքու յականէ անուանէ զարմանք կը յայտնէ, թէ՝ երբ Երեւանի համար գերիներու հարցը առաջնահերթութիւն չի նկատուիր, ինչպէ՞ս կը պատահի, որ օտարներ ամէն գնով կ՛արծարծեն այս հարցը։
Ա՛յս է ԸՆԴՎԶԵՑՈՒՑԻՉԸ։ Բայց չենք բաւականանար ընդվզում արտայայտելով:
Ֆրանսայի պատմական Տը Կօլի խօսքերը որոշ հնչեղութիւն ունին այս բովանդակութեան մէջ. ՔՊ-ականները, գիտե՛նք, կը դաւաճանեն թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ ընտրողներուն: Ուրեմն, ժամանակն է դուրս գալու պղտոր ջուրերէ, անտարբերութենէ, թմբիրէ, եւ բազուկները միացնել՝ ի խնդիր մեր դիմաց կանգնող հսկայական ԳՈՐԾին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
50 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles