0 0
Read Time:51 Second

Ուստըրի Հ․Յ․Դ․ «Արամ» կոմիտէութիւնը կը գուժէ մահը՝ ընկեր Յակոբ Քոչեանի (79 տարեկան), որ պատահեցաւ Նոյեմբեր 15-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Ընկեր Յակոբ Քոչեան, որ երկար տարիներ եղած էր Ուստըրի գաղութի սիւներէն։

Ծնած Սեպտեմբեր 5, 1945-ին՝ Հալէպ, ան զաւակն է Արժ․ Ս․ Աշոտ Քոչեանի (երէցկին՝ Էօժենի)։

Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր, ընտանիք կազմած իր կողակից՝ Գոհարիկի կողքին, ընկեր Քոչեանի մահը կը գուժեն իր զաւակները՝ Նորա եւ Անթընի Թիքնըր, Թալին եւ Տիրան Ճերմակեան եւ թոռներ՝ Քրիստափոր, Ռաֆֆի եւ Արմենակ, նաեւ իր քոյրերը՝ Եղիսաբէթ եւ Լեւոն Տաղլեան, Մելինէ եւ Ճորճ Կարապետեան, Սիլվա եւ Ճորճ Պետիկեան եւ Ռոզէթ եւ Տենիս Սահակեն։

Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22-ին, Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Worcester County Memorial Park (Paxton) գերեզմանատունը:։

Փոխան ծաղկեպսակի, կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել տեղւոյն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ։

 ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ընկեր Յակոբ Քոչեանի մահուան տխուր առիթով,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, «Հայրենիք» հաստատութիւնն ու Ուսթըրի Հ․Յ․Դ․ «Արամ» կոմիտէութիւնը իրենց խորին ցաւակցութինները կը յայտնեն Քոչեան ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles