Կարօտցած Եմ Քեզ՝ Մայրենի…

0 0
Read Time:3 Minute, 15 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

Մեզմէ անոնք, որոնք գիր-գրականութեամբ կը զբաղին ու օրուան հացին եւ շնչած օդին չափ կը կարեւորեն ու կը զգան հայերէնի պակասը, երբ պարագաներու բերումով, կը հեռանան հայատրոփ իրենց միջավայրէն, մայրենի լեզուի քնարերգութենէն ու հնչեղ երաժշտականութենէն: Եւ այդ սիրտ ճմլող պահերը յաճախ կը զուգադիպին այդ տագնապումներուն, երբ դէմ դիմաց կը գտնուինք սփիւռքահայու չյագեցող, շեշտուած թափառաշրջիկի ու աշխարհաքաղաքացիի մեր գոյութեան ընթացքին: Պարագաներու բերումով, յաճախ ես ինծի հարց տուած եմ, թէ զտարիւն հայ մը ինչպէ՜ս կրնայ առանց մեր քաղցրահնչիւն մայրենիին ապրիլ ու շնչել, ինչպէ՜ս առանց ատոր անմիջական մտերմութեան կրնայ գոյատեւել:

Ոմանց համար, ի տղայ տիոց, անհոգութեան ու անտարբերութեան, չըսելու համար՝ արհամարհանքին առարկան դարձած է մայրենին, անշուշտ յաճախ անոնց ծնողքներուն անհոգութեան պատճառով: Ուրիշներ ալ կան, որոնք կեանք մը ամբողջ, օտարամոլութեան ու ստորակայական զգացումներու զոհը դարձած են ու կ՛արհամարհեն մայրենին, քիչ թէ շատ տիրելով հանդերձ հայերէնին: Կարծես անոնք կ՛ամչնան իրենց հայկական ծագումէն ու ազգային պատկանելիութենէն:

Մինչդեռ, եթէ մեր սերունդին նման հինգ վեց օտար լեզուներու տիրէին, ու մանկունց ազգայնական կուսակցութեան մը հայագիր, հայաշունչ մամուլի առօրեայ ընթերցանութեամբ սնանէին, ինչո՜ւ չէ, հայ դասական գրողներու գլուխ գործոցները մայրենի լեզուով ընթերցէին, այո՝, մեզի նման պիտի սիրահարէին մայրենի լեզուին ու հպարտանային մեր ոսկեղենիկով:

Յաճախ, երբ գրողներս օտար լեզուէ մը թարգմանութիւն կը կատարենք, ուղղակի կը հիանանք հայերէնի հարստութեամբ ու ճկունութեամբ: Ինչու չէ նաեւ կը հպարտանանք այդ լեզուով արտայայտուելու մեր կարողութեամբ… Մեր տեղը, ուրիշ ժողովուրդի մը զաւակները, իրենց այդ հարստութիւնը միջազգային բեմ ու փարոս կը բարձրացնէին: Իսկ օտարամոլ մեր «աղա»ները, կ՛ամչնան ու կռնակ կը դարձնեն ազգային այդ գանձին, փոխանակ իրենց զաւակներուն հետ հայերէն խօսելու ու անոնց ազգային ոգի ներշնչելու:

Մենք ալ այն հայ ծնողներու դասուն կը պատկանինք, որոնք օտարութեան մէջ, Ափրիկէի խորերը, ազգային դժուարագոյն պայմաններու տակ, երեք զաւակներ մեծցուցինք: Այո, տիրող դժուարին պայմաններու տակ, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբեցինք անոնց: Օտար ափերու անհիւրընկալ պայմաններու տակ, երեք լեզուներու տիրելով, հասակ նետեցին անոնք: Արդարեւ, երբ Կիրակի օրերը մեր սեփական ծովափը կը խիզախէինք, լողալու կողքին, ովկիանոսի աւազին վրայ կողակիցս ու ես մեր մայրենի լեզուն՝ հայագիր Ա․ Բ․ Գ․-ը կը սորվեցնէինք մեր ձագուկներուն: Ու երբ քանի մը տարի վերջ Ամերիկա հաստատուեցանք, հայ վարժարանի ուսուցչուհին զարմանքով հարց պիտի տար միջնեկ որդիիս․ «Արմէն, հոգի՝ս, կ՛ըսես թէ Ափրիկէ հայկական դպրոց չկար, հապա ուրկէ հայերէն գրել, կարդալ սորվեցար…»։ «Հայ ծնողաց վարժարան…», կ՝ըլլայ, ութ տարու մանչուկիս պատասխանը:

Գալով ներկայիս ապրած ողբերգութեանս ու այդ ուղղութեամբ կատարելիք բացայայտումներուս՝ Հոկտեմբեր 4-5ին, գաղութէս ներս տեղի ունեցաւ հայկական տարեկան փառատօնը, ուր բազմահազար օտար այցելուներ ճաշակեցին ազգային մեր խոհանոցին համադամ ճաշերն ու վայելեցին հայկական ջերմ ու յորդուն հիւրասիրութիւնը, չբացառելով մեր տոհմիկ երաժշտութիւնը: Ըսելիք չկայ, ամէն ինչ անթերի կերպով կազմակերպուած էր եւ օտար հիւրերուն թիւը ակնկալուածէն շատ աւելի ստուար էր: Սակայն, հայերէնը կը բացակայէր… Երբ այս փոքրիկ գաղութէն ներս մէկու մը հետ հայերէն կը խօսիս, կարծես դիմացինդ մեղանչումի ոլորտը կը ներքաշես… Կամ ալ անոր հրաւէր կ՛ուղղես՝շնալու… Տիրող մթնոլորտը քիչիկ մը ջերմացնելու համար, դեղի համար հայերէնով ընթերցող կը փնտռես, չես գտներ, բացի տէր հօրմէն, երեք ալեւոր կուսակցական ընկերներէն ու եկեղեցիին ծառայող զոյգ մը սարկաւագներէն, ինչպէս նաեւ երգչախումբի տարբեր տարիքի սակաւաթիւ անդամներէն: Ռիչմոնտցի մեր փեսային դրդումով, ելայ ազնուաբար տպագրուած գործերէս ՝ անոնք որոնք տակաւին բոլորովին չեն սպառուած, երկուքական օրինակ նուիրեցի կարգադիր յանձնախումբին, որպէսզի անոնց վաճառքէն գոյացած գումարը հեղինակին կողմէ նուիրուէր համայնքին:

Այժմ, գրութեանս զաւեշտախառն ու ծիծաղելի մասը հասանք… Փառատօնին երկրորդ օրը ներկայ չէի տօնակատարութեան: Լսեցի, որ գործերէս քանի մը հատոր սպառեր էր, սակայն… իրենց քառորդ արժէքով: Եթէ նախորդ օրուան պէս անձամբ հոն ներկայ գտնուէի՝ եղածին պէս գիրքերս նուէր կու տայի սիրելի ընթերցողներուն: Ահա ձեզի ամերիկահայ ծաղկուն գաղութ մը, ուր իր քառորդ գնով հայերէն գիրք գնելը, մեզի նման «չարչի» հայերուն մօտ այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպի ժառանգորդներուս հաշուեցոյցին մէջ, հայերէն գիրքը նուազ թանկ կ՛արժէ, շամփուր մը խորովածէն ու բաժակ մը գինիէն: Եւ ատոր համար չենք կրնար որեւէ մէկը մեղադրել: Քանի որ առանց մայրենիին, հեշտօրէն ու շեշտակիօրէն կը սահինք կ՛երթանք դէպի այլասեռում, դէպի անդունդը անէութեան: Հարց կու տանք՝ ո՜ւր մնացին «Հայ ծնողաց վարժարանները» եթէ նոյնիսկ մեր փոքր ածուները համեմատաբար թիւ ու համրանք չունին հայ վարժարան պահելու ու սերունդ հասցնելու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles