Յարութ Թաթարեան
Այս տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի Խմբապետական եւ Երէց-Պարմանուհիի Սեմինարը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 6-էն 8, Պոսթընի մէջ: Այս կարեւոր սեմինարին մասնակցեցան 70-էն աւելի խմբապետներ եւ առաջնորդներ, որոնք հնարաւորութիւնը ունեցան զարգացնելու առաջնորդութեան հմտութիւնները եւ խորացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկզբունքներու ըմբռնումը: Այս ձեռնարկին օրակարգը կ’ընդգրկէր տարբեր տեսակի դաստիարակչական դասախօսութիւններ, խմբային հետաքրքրական խաղեր եւ զրոյցներ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայի եւ անցեալի խմբապետներու հետ:
Սեմինարի ամենէն աւելի ազդեցիկ բաժինը դաստիարակչական դասախօսութիւններն էին, որոնք նախատեսուած էին առաջնորդութեան հմտութիւնը սրելու համար: Այս ներկայացումները ուսումնասիրեցին արդիւնաւէտ ղեկավարման համար անհրաժեշտ իրաւասութիւններու ողջ շրջանակ մը, սկսելով ծրագիրէն մինչեւ խումբի կառավարութիւն: Ներկաները ստացան գործնական պատկերացումներ հաճելի եւ հետաքրքրական դասեր պատրաստելու որպէսզի սկաուտներուն ուշադրութիւնը գրաւեն: Անոնք կեդրոնացան յայտագիր պատրաստելու եւ իրենց սխալները յաղթահարելու կարեւորութեան վրայ: Մանկավարժութեան մասին դասախօսութիւնները անոնց տուին գործնական գիտելիքներ տարբեր տարիքի սկաուտներուն հետ աշխատելու համար: Սեմինարի գլխագիր նիւթերէն էր նաեւ ինքնառաջնորդութեան, ինքնզինքը քաջալերելու եւ ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը: Այս դասընթացքները միայն տեսութիւններ չէին, այլ առիթ ընծայեցին խմբապետներուն որ գաղաբարներ փոխանակելով իրար հետ զրուցեն եւ իրարմէ սորվին:
Դասախօսութիւններուն հետ միատեղ, այս սեմինարը ընթացքին տեղի ունեցան խմբային դաստիրակչական եւ հաճելի գործունէութիւններ: Աշտարակ շինելու դասընթացքէն ետք սկաուտները շինութեան քննութիւն անցուցին: Անոնք բաժնուեցան խումբերու եւ պարսատիկ (catapult) շինեցին: Այս գործունէութեան ընթացքին խումբերուն առաջնորդները տեղափոխուեցան տարբեր խումբերու մէջ: Այս աշխատանքը սկաուտներուն ցոյց տուաւ նոր միջավայրի մէջ ընտելանալու գործնական դժուարութիւնները: Յաջորդ աշխատանքը աչքերը փակ պահելով պարանի խաղն էր, երբ խումբի առաջնորդները կ’առաջնորդէին իրենց խմբակիցները ուրուագիծ ստեղծելու: Իսկ հռչակաւոր «Մաֆիա» խաղը կը ստուգէր մասնակցողներուն կարողութիւնը իրարու հետ կատարելապէս զրուցելու եւ իրար վստահելու:
Այս տարուայ սեմինարը կեդրոնացաւ նաեւ սկաուտական պատշաճ կարգուձեւերը կատարելագործելու: Շաբաթ մը առաջ, Շանթ Մեհրանեան եւ Տաթեւիկ Խաչատրեան մասնակցեցան Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբապետական համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ: Անոնք վերադարձան սկաուտական գործադրութեան մասին արժէքաւոր նոր փորձառութիւններով որոնք փոխանցեցին Արեւելեան Շրջանի առաջնորդներուն: Այդ գիտելիքներուն կարեւոր նիւթերէն էին շարք կազմել, եւ շարքի մէջ մտնել կամ ելլել, ինչպէս նաեւ Մեծ Կանչը ընել գայլիկներուն եւ արծուիկներուն համար: Վերջին օրուայ ծրագիրը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւն մը եւ այցելութիւն Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցի:
Սեմինարը վերջացաւ մեծ յաջողութեամբ: Ներկայ առաջնորդները, նոր գիտելիքներ սորվելու կողքին, ընդլայնեցին իրենց եռանդը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան: Հետաքրքրական գործունէութիւնները զօրացուցին տարբեր մասնաճիւղերէ եկած առաջնորդներուն կապերը իրար հետ եւ միասնական աշխատելու փափաքը: Անոնք վստահ են, որ մասնաճիւղերուն փոխանցելով իրենց ստացած գիտելիքները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի բարգաւաճի տարուէ տարի:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Անի Պարսումեանին, Լոռի Պիլալեան – Վարդանեանին, Արամ Գայսերեանին, Սամուէլ Արմէնին, Այտա Արսլանեանին եւ Ժիրօ Իսկէնտէրեանին իրենց մեծագոյն ներդրումներուն այս սեմինարին ընթացքին: Գնահատանքի խօսք կ’ուղղենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոսթոն մասնաճիւղին այս ձեռնարկը հիւրընկալելու ինչպէս նաեւ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին եւ Շրջանային Վարչութեան սեմինարը կազմակերպելու համար: