Անդրադարձ․- Արցախի Մասին Արմատական Հարցումներ, Որոնց Մասին Չխօսուիր, Կամ Գոհացուցիչ Պատասխաններ Չկան

2 0
Read Time:5 Minute, 14 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

16 Նոյեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

Ծ․Խ․- Յարութ Չէքիճեան այս անդրադարձը գրած է, ի պատասխան Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 71-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին եւ դասախօսեց հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան, նիւթ ունենալով․- «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»:

 

Լսարանին նիւթն էր. «Արցախեան բանակցութիւններուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Ըլլա՛յ այս լսարանին եւ ընդհանրապէս Արցախի մասին հետեւեալ արմատական հարցումներուն գոհացուցիչ, կամ՝ այլ կերպ, պատասխան չէ տրուած եւ այս տարրական՝ հիմնական հարցումնե՛րն ալ չեն հարցուիր.

  1. Ինչո՞ւ 1994-ին իբրեւ յաղթական կողմ, Հայաստանն ու Արցախը անձնատուր եղած՝ պարտուած Ատրպէյճանին անձնատուութեան դաշինք՝ «կապիտուլացիա» չպարտադրեցին հայկական կողմին պայմաններով, գլխաւորը՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Այն ինչ որ 9 նոյեմբեր 2000-ին Ատրպէյճանը պարտադրեց Հայաստանին, ինչո՞ւ մենք նոյնը չ՚ըրինքՊատերազմը իր տրամաբանական ու վերջնական աւարտին չհասցուցի՛նք, յաղթանակին պտուղը չքաղեցի՛նք: Ինչո՞ւ: Այլ խօսքով՝ մեզի բանակցութիւն պէտք չէ՛ր:
    Արցախի անկախութեան զօրահանդէս 9 մայիս 2013 Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ

    Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Մասնայատուկ Ուժերէն

 

Փաստօրէն, այս հարցումս կը հիմնաւորէ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան՝ Ֆրանք Էնկել, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 13 Ապրիլ 2016-ին, երբ պարզ ու յստակ ան կը հաստատէ. «Արցախը Ատրպէյճանին մաս չէ կազմած եւ երբեք ալ մաս պիտի չկազմէ: Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրող կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը (Պալթեան ծովու եզերքին, այժմ` Ռուսական Դաշնութեան մաս կազմող ու Ռուսիոյ հետ սահման չունեցող, նախապէս Պրուսիա-Գերմանիոյ պատկանող շրջան*) մինչեւ հիմա Քէօնիքսպերկ (նախկին անունը*) կը կոչուէր… «Ներկայ կացութեան մէջ ամէնէն ակներեւ քայլը պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան ճանաչումը» (1):

  1. Ի՞նչ եղաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ» կարգավիճակին, քանի որ նոյն ենթահողով, Նախիջեւանը՝ տակաւին «Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն» կը կոչուի… Այս հարցումը հարցուցի լսարանին եւ Պալեանը պատասխանեց, թէ՝ Ատրպէյճանը 1990-ին ջնջեց կարգավիճակը… Միթէ միակողմանի որոշումով կարելի՞ է քարտէս փոխել: Ո՞վ ընդունեց այս որոշումը… Ինչո՞ւ Մինսքի խումբը Արցախի հարցով զբաղեցաւ, եթէ արդէն Ատրպէյճանին մաս կը կազմէր… Վերջապէս, ինչո՞ւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս չճանչնար տակաւին եւ կ՚ուզէ Զանգեզուրը գրաւել, որպէսզի ցամաքով կապուի Նախիջեւանին… Չեմ կարծեր որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը, կը համաձայնի(էր), ինքնավար մարզերու կարգավիճակի փոփոխութեան, քանի որ ինքն ալ ինքնավար՝ 5 մարզեր եւ 6 գաւառներ ունի:
    Արցախի անկախութեան զօրահանդէս 9 մայիս 2013 Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ
    Ատրպէյճանի ցեղասպանութեան զոհ՝ Արցախի ժողովուրդը շտապօրէն մահուան սպառնալիքի տակ կը լքէ իր տուները հողերը եւ ունեցուածքը, Արցախն ու Վերածնունդի յաղթանակի զօրահանդէսներու հրապարակը

     

  2. Բոլոր այս «ճանաչումները» տեղական կամ միջազգային ի՞նչ օրէնքի կը հետեւին: Ինչո՞ւ Փաշինեանին հրապարակաւ արտասանած «Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ»-ը չընդունուիր, սակայն նոյն անձին «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է»-ն կ՚ընդունուի… Ի՞նչ է ասոր գաղտնիքը… Առանց Հայաստանի ու Արցախի սահմանադրութեանց պայմանները յարգելու եւ Արցախի ժողովուրդին կարծիքը առնելու կարելի՞ է այսպիսի անպատասխանատու, անհատական ու գաղտնի՝ խայտառակ «որոշում» մը օրինաւոր նկատել… Արդեօք աշխարհը Արցախը կը ճանչնա՞յ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: Եթէ այո ի՞նչ հիմնաւորումով:
  3. Ինչպէ՞ս սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի օրինաւոր ինքնորոշման արշաւը, տես՝ «Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի 25-ամեակը եւ միջազգային ընտանիքը» (2):

Ա. Իրաւազրկուած հայ բնակչութիւնը 1963-ին արդէն, օրէնքով սահմանուած կարգով, սկսաւ պահանջել դուրս գալ Խորհրդային Ատրպէյճանի «հոգատարութենէն», վերամիանալու Խորհրդային Հայաստանին` 2500 ստորագրահաւաքով դիմելով Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին: Այդ քայլին պատճառով` բուռն բախումներու ընթացքին 18 հայեր նահատակուեցան Ստեփանակերտի մէջ (3):

Բ. Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով` 24 ապրիլ 1965-ին, առանց արտօնութեան, տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ (Խորհրդային Միութեան պարագային` աննախընթաց երեւոյթ), Երեւանի մէջ, «Մեր հողերը, մեր հողերը» վանկարկումով հայութեան իրաւունքները Թուրքիայէն պահանջելու կողքին, պահանջեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վերամիացումը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան տարածքին հայերով բնակուած պատմականօրէն հայոց հողերը: Նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին` 1977-ին, ցուցարարները նոյն պահանջները ներկայացուցին (երկու պարագաներուն` առանց լուրջ պատժական տնօրինումի) (3):

Գ. 20 փետրուար 1988-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային խորհուրդը՝ կառավարութիւնը ըստ Խորհրդային սահմանադրութեան, կ՛որոշէ դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն եւ վերամիանալ Հայաստանին (3):

Դ. 1 դեկտեմբեր 1989-ին, Հայկական Խորհրդային սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը համատեղ կ՛որոշեն վերամիանալ (4):

Ե. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը «ԼՂՀ անկախութեան հռչակագիր»-ը ընդունեց 2 սեպտեմբեր 1991-ին` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 3 ամիս ու 23 օր առաջ (5):

Զ. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 11 օր առաջ, օրինական կարգով` 10 դեկտեմբեր 1991-ին, ըստ խորհրդային թիւ 1990 04 03 օրէնքին` Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը, օտար դէտերու ներկայութեամբ, հանրաքուէի միջոցով անկախութիւն հաստատեց` դուրս գալով Ատրպէյճանի հոգատարութենէն եւ դառնալով անկախ պետութիւն (6), (7):

  1. Ինչո՞ւ Ա.-էն Զ. Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ խորհրդային օրէնքի վրայ հիմնուած Այս օրինաւոր քայլերուն եւ որոշումներուն մասին չխօսուիր եւ չճանչցուիր, երբ նոյնինքը Ռուսիան ընդունեց Խրիմի, Տոնպասի եւ այլ նախկին ուքրանական շրջաններուն հանրաքուէները՝ միանալու կամ վերամիանալու Ռուսիոյ: Զուգահեռաբար՝ այնպէս ինչպէս Արցախը երկու հանրաքուէով որոշած էր միանալ Հայաստանին:
  2. Ինչո՞ւ Հայաստանը չճանչցաւ Արցախի հանրապետութիւնը: Այս հարցումը նաեւ հարցուց Ռուսիոյ նախագահ Փութինը, 2 հոկտեմբեր 2023-ին Վալտայ Ակումբին մէջ, ուր ըսաւ. «Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք ճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանը չճանչցաւ, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Սակայն, բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը» (8)… Ինչո՞ւ:

Արցախեան բանակցութիւններուն ձախողութեան պատճառը շատ պարզ է: Գլխաւորը եւ միակը՝ նոյնինքը բանակցութիւններ ընդունելուն մէջ կը կայանայ, վերեւ նշուած թիւ 1 կէտը, որ Էնկէլն ալ շեշտեց: Այսինքն, իբրեւ յաղթող կողմ՝ փոխանակ մեր պայմանները պարտադրելու եւ պատերազմին նպատակը իրագործելու եւ վե՛րջ, «պարտուող»-ի մը նման վարուեցանք եւ անտեղի «բանակցութիւններու» մէջ մտանք, մոռնալով մեր նահատակները եւ անոնց նահատակութեան նպատակը… Ահա այստեղ է հիմնական սխալը:

Այն ատեն ունէինք տխրահռչակ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւնը, որ ի՛ր վարմունքով, մեր հզօ՛ր յաղթանակը պարտութեան վերածեց, իսկ այժմ ունինք իր հաւատարիմ սանը՝ կրկի՛ն տխրահռչակ՝ թշնամիին ծառայող Փաշինեանը եւ իր ապազգային հակահայ աւազակախումբ վարչախումբը, որոնք մեր հզօր բանակը քայքայեցին եւ Հայաստանն ու արցախը անպաշտպան ձգեցին: Ահա թէ՝ ինչո՛ւ պէտք է ամէն գնով ձերբազատինք այս վարչախումբէն՝ նախքան Հայաստանն ալ կտոր-կտոր թշնամիին նուիրելը:

 

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/310926
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/313048
  3. https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_War#Armenian.E2.80
  4. http://www.arlis.am/DocumentView.aspx?docid=3153
  5. http://nkr.am/hy/declaration/10/
  6. http://www.azator.gr/yushatetr/8072-10–1991
  7. https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_independence_referendum,_1991
  8. https://www.aztagdaily.com/archives/595041
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles