Վեց Հրաժարականներ՝ Հայաստանի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Նոյեմբեր 18-ին, մէկ օրուան ընթացքին Հայաստանի քաղաքական կեանքը  ցնցուեցաւ իրերայաջորդ վեց հրաժարականներով։

Արդարեւ, իրենց պաշտօններէն հրաժարեցան ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան, Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան եւ Տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի միջոցաւ տեղեկացուց, որ ինք խնդրած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ հեռանալ իրենց վարած պաշտօններէն: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր խնդրանքին ըմբռնումով մօտենալնուն համար, Փաշինեան վստահեցուց, որ պաշտօնանկութիւնները «անձնաւորուած չեն, այլ՝ համակարգային»:

Փաշինեան այդ պաշտօնատարներուն աշխատանքէն անուանական եւ հրապարակային երբեք չէ դժգոհած: Վարչապետը Փաշինեան կառավարութեան վերջին նիստին ըսած էր, թէ իր համբերութեան գաւաթը լեցուած է՝ խօսքը ուղղելով յատկապէս ուժային կառոյցներուն եւ դատաիրաւական ոլորտի պաշտօնեաներուն` խօսելով երկրին մէջ յանցաւորութեան վիճակին, փտածութեան, դատաիրաւական ոլորտին մէջ չերեւացող արդիւնքներուն մասին:

Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան իրենց հրաժարականի պատճառին չանդրադարձան։

Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ․ «Եկել է պահը յայտնելու ձեզ` Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնից հրաժարուելու` իմ կայացրած որոշման մասին: Այն բխում է իրաւապահ համակարգի գործունէութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակից ածանցուող ներքին վերագնահատումներից»:

Տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեան յայտնեց, թէ «հեռանում է հանգիստ ու խաղաղ, քանի որ իրենից յետոյ թողնում է հսկայածաւալ աշխատանք»:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, թէեւ մէկ ամիս առաջ յայտնած էր, որ հրաժարական պիտի չտայ․․․իր պաշտօնավարութեան շուրջ երկու տարիները որակեց թունաւոր:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles