Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ոստիկանական ջոկատներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր ծխայինները մեծ բազմութեամբ կը սպասէին իրենց հոգեւոր հօր այցը:
Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ վստահաբար հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ մը պիտի բանայ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը այս եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:
Հայրապետը իր խօսքին սկիզբը բարձր գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան ողջունեց քահանայ հայրը, երեսփոխանական ժողովին, ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ներկայ հովուապետական այցելութեան հոգեւոր խորհրդածութեանց իբրեւ նիւթ ընտրած է «Հայր մեր»-ի մեկնաբանութիւնը: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր ծուխ այցելութեան ընթացքին «Հայր մեր»-ին առնչուած նիւթի մը մեկնաբանութիւնը պիտի կատարէ: Նկատի ունենալով, որ հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանն է՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ աղօթքին իմաստին մասին, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Նորին Սրբութեան պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին Հայրապետը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու եկեղեցւոյ անդամներուն:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիոն: Դատաւորը իր ընթացիկ դատական աշխատանքներուն առընթեր, անցնող տարիներու ընթացքին դատական յատուկ պարագաներ, ընկերային ցանցերու ճամբով, սեփականութիւնը դարձուցած է հանրութեան եւ ունեցած է մեծ թիւով հետեւորդներ: Դատերու նկատմամբ անոր ունեցած արդար մօտեցումներուն առընթեր, դատաւոր Քափրիօ նաեւ ցուցաբերած է հասկացողութիւն ու զգայուն մօտեցում: Դատական շրջանակներէ ներս ան կը վայելէ մեծ յարգանք:
Լսելով Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Փրաւիտընս՝ դատաւորը ուզած է հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրեր եւ ազգային վարչութեան անդամներ:
Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանք Քափրիօ դատաւորին՝ դատական հարցերու նկատմամբ անոր ցուցաբերած յաճախ գթասիրտ մօտեցման ու հասկացողութեան համար: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ առնչուած մարմիններուն հետ՝ ազգային վարչութիւն, հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց կարգին՝ Հ.Յ.Դ., Համազգային, Օգնութեան Խաչ եւ երիտասարդական:
Հանդիպուներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս գաղութին վերակենսաւորման հրամայականը: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է դուրս գալ աւանդական մտածողութենէ ու գործելակերպէ: «Կ՚ապրինք արմատական փոփոխութիւններով լեցուն ընկերութեան մէջ. չենք կրնար անտեսել մարդկային կեանքէն ներս յառաջացող նոր երեւոյթները, մտահոգոթիւնները ու զարգացումները. անհրաժեշտ է քայլ պահել անոնց հետ, միշտ ամուր պահելով այն արժէքները ու աւանդութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր ինքնութիւնը», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ Փրաւիտիընսին մէջ հաստատուած ազգային թանգարան:
Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ համայնքի մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին:
Կիրակի, Հոկտեմբեր 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որ Փրաւիտընսի մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները համախմբեց հայոց Հայրապետին շուրջ:
Ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր Յակոբ Խաչատուրեան: Հերթաբար խօսք առին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Աթթարեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին, որ Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, յաջողցուց հովուապետական իր այցելութիւնը՝ ապացուցելով, որ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա տարածուող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն եւ մէկ հօտ:
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու գլխաւոր գաղափարներու: ԱՆ շեշտեց, թէ․- «Մենք համայնք ենք արժէքներու, սկզբունքներու եւ իտէալներու շուրջ համախմբուած, միաժամանակ մենք ընտանիք ենք, որ զանազան պատասխանատուութիւններով լծուած է ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան»: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով գնահատեց երիտասարդներու մասնակցութիւնը Փրաւիտընսի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժնին մաս կազմեցին նաեւ այն երիտասարդները, որոնք քանի մը տարի առաջ մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած երիտասարդական ամառնային դասընթացքներուն:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց համայնքի կեանքին մէջ տարիներու ծառայութիւն մատուցած Մակի Նալպանտեանը եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով՝ Յակոբ Խաչատուրեանը:
«Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ Հայրապետին օրհնութեամբ ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին: