Լոնտոնի Մէջ Կայացաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Համաժողովը

0 0
Read Time:1 Minute, 13 Second

Հոկտեմբեր 4-6-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական համաժողովը, որ նախաձեռնութիւնն էր Հ.Յ.Դ. Լոնտոնի «Խանասոր» Երիտասարդական Միութեան:
Համաժողովին մասնկցեցան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու անդամ աւելի քան 60 երիտասարդներ, 7 երկիրներէ (Կիպրոս, Յունաստան, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Անգլիա):
Համաժողովի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Լոնտոնի Նաւասարդեան Կեդրոնէն ներս, որուն ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեանը: Ան ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան եւ երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին:
Զանազան ելոյթներով եւ աշխատանոցներով խորհրդաժողովին մասնակցեցան՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անէթ Մոսկոֆեան, Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Ուաշընկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու եւ Ընկերվարական Միջազգայինի փոխ նախագահ Սարինէ Աբրահամեան:
Համաժողովին ընթացքին երիտասարդները ծանօթացան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի գործունէութեան եւ առիթ ունեցան աշխատանոցներու եւ գործնական վարժութիւններու ճամբով առաջարկութիւններ ներկայացնելու: Զրոյցներ եղան երիտասարդութեան գործունէութեան եւ քաղաքական դերակատարութեան մասին, կեդրոնանալով՝ Հայաստանի հզօրացման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ հայ դատի նպատակներու իրականացման նպաստող աշխատանքներու վրայ: Շաբաթ, Հոկտեմբերի 5-ի խորհրդաժողովին մուտքը ազատ էր բոլոր Լոնտոնահայ երիտասարդներուն համար, անոնք մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերին, ծանօթացան տարուող աշխատանքներուն եւ առաջարկներ փոխանցեցին:
Համաժողովը իր աւարտին հասաւ ընկերային մթնոլորտով եւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու հանդէսով:
Այս համաժողովին ընդմէջէն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններոը վերանորոգեցին իրենց պատրաստակամութիւնն ու ամբողջական նուիրումը Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ հայութեան ու մասնաւորաբար արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար տքնաջան պայքարին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles