«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ԱՀԱԶԱՆԳԷՆ Ի՞ՆՉ ՕԳՈՒՏ…

0 0
Read Time:3 Minute, 21 Second

Խմբագրական

Հոկտեմբեր 5, 1977

Տեղական մամուլի եւ հեռատիլային լրատուութեանց հետեւողներու ուշադրութենէն վրիպած չէ վստահօրէն՝ որ, նախքան Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարներու խօսակցութիւնները «հիւլէական եւ հրթիռային զէնքերու սահմանափակման» կնճռոտ հարցին շուրջ ¥Սեպտեմբերի վերջին շաբթուն¤, երկու կարեւոր հաստատութիւններ ահազանգ հնչեցուցին այն մասին՝ որ սպառազինական մրցավազքը անսովոր թափով կը շարունակուի եւ ինքնախաբէութիւն է հաւատալ թէ Հելսինքիի Ժողովը իրմէ ակնկալուած բարիքը ունեցաւ միջազգային լարուածութեան մեղմացման հարցին մէջ։

ԱՌԱՋԻՆ հաստատութիւնը ամերիկեան արտաքին նախարարութիւնն էր, որ Հարոլտ Պրաունի Սեպտեմբեր 15-ի պարագայական մէկ ճառով մատնանիշ կը դարձնէր Սովետական Միութեան արտակարգ սպառազինման իրողութիւնը։

Պրաուն դիտել կու տար, որ Խորհրդային սպառազինական թափը գլած անցած է «պաշտպանողական» միջոցներու սահմանը եւ ստացած է «յարձակողական» տարողութիւն, ինչ որ չի կրնար անտարբեր թողուլ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը։

Յստակ դարձնելու համար թէ Ուաշինկթըն ձեռնածալ մնալու տրամադրութիւն չունի, Հարոլտ Պրաուն վճռական երաշխիք կու տար նաեւ այն մասին որ «թոյլ պիտի չտանք ընկրկում կամ տկարութիւն զինական ոյժի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու մեր որոշման մէջ։ Խոցելի պիտի չըլլանք եւ պիտի չ՛արտօնենք որ հարուածեն մեզ»։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարը իր այս արտայայտութիւնը ունեցած էր Ուաշինկթընի մէջ, զինական ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներու եւ նախկին զինուորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին, Սեպտեմբեր 15, 1977-ին։

ԵՐԿՐՈՐԴ հաստատութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակն էր, որ իրաւասու պաշտօնատարի մը՝ Րոլֆ Պիորնըրշթէտի բերնով կը հաստատէր թէ ծանրօրէն մտահոգիչ կացութիւն մը ստեղծուած է սպառազինական մրցավազքի հետեւանքով։

Սեպտեմբերի 22-ին Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիէն մամուլի սեփականութիւն դարձուած այս լուրին համաձայն, «Հելսինքիի խորհրդաժողովը եւ ռազմագիտական զէնքերու սահմանափակման մասին տեղի ունեցող խօսակցութիւնները ձախողած են իրենց նպատակին մէջ եւ ճարտարարուեստական մեծ պետութիւններու սպառազինումը անսովոր թափով կ՛աւելնայ»։

Մեր Սեպտեմբեր 27-ի խմբագրականով, փորձեր էինք ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին նախարարին հրապարակային յայտարարութեանց գլխաւոր կէտերը։

Կ՛ուզենք ամբողջացնել պատկերը, առանձնապէս համադրելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ քննարկելի զիկուցագրի մը էական հաստատումները, առարկայօրէն յանգելու համար համապատասխան եզրակացութեան։

Համաձայն Մ.Ա.Կ.-ի փոխ ընդհանուր քարտուղարին ¥որ միաժամանակ նախագահն է Ապազինման Հարցերու Կեդրոնին¤՝ սպառազինական անսանձ մրցավազքը քննարկումի նիւթ դարձնող մասնաւոր յանձնաժողով մը – բաղկացած անդամ 13 պետութիւններու ներկայացուցիչներէն, ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ իւրացուցած է 92 էջերու ծաւալով մասնագիտական զեկուցագիր մը, որ նիւթ պիտի դառնայ Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին, հաւանօրէն 1978-ի Մայիս ամսուան նիստերուն մէջ։

Յանձնաժողովին մաս կազմող երկիրներն են Աւստրիա, Աւստրալիա, Եուկոսլաւիա, Հոլանտա, Չեխօսլովաքիա, Ռումանիա, Վենեզուելա, Հնդկաստան, Մեքսիքօ, Լիպերիա, Խորհրդային Միութիւն, Ֆրանսա եւ Ճափոն։

– «Մօտաւոր ապագայի մէջ լաւատես դառնալու որե՛ւէ պատճառ եւ յոյս չունիմ», ըսած է Պիորնըրշթէտ՝ լրագրողներու եւ թղթակիցներու հետ իր տեսակցութեան ընթացքին. «սպառազինական մրցավազքը որեւէ նշան ցոյց չի տար դանդաղելու կամ սահմանափակուելու»։

1. Սպառազինական արշաւը տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներ ունենալու կոչուած է. հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ապազինումի մարզին մէջ շատ աւելի ազդու դերակատարութեան մը լծուի,

2. Զինական իրենց պատրաստութեան համար պետութիւններու կողմէ ծախսուած տարեկան ընդհանուր գումարը կը յանգի համագումար 350 միլիար տոլարի,

3. Որքան ատեն որ պետութիւնները իրենց սպառազինումին համար հսկայական գումարներ կը ծախսեն, անկարելի կ՛ըլլայ բարելաւել առողջապահական, դաստիարակչական եւ բնակարանային այն ողբալի պայմանները՝ որոնց մատնուած են աղքատիկ ու թշուառ զանգուածներ,

4. Հելսինքիի համաձայնագիրը իսկական ոչ մէկ հիմ ստեղծեց խաղաղութեան պահպանման համար։ Սպառազինումի ներկայ թափով՝ աշխարհը դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ նոր ճակատումներու վտանգին հետ։ Փոխադարձ կասկածանքը եւ ազգամիջեան անվստահութիւնները շեշտուած են, եւ եթէ Մ.Ա.Կ.-ը չյաջողի ծրագրուած պայքար տանիլ ի նպաստ ապազինումի՝ համաշխարհային խաղաղութիւնը կրնայ անխուսափելիօրէն տուժել։

Զեկուցագրին ամբողջական պատճէնը չունինք, ճշդելու համար թէ 92 էջերը ի՞նչ աւելի շօշափելի փաստեր կը թուեն մատնանշելու համար աշխարհի խաղաղութեան սպառնացող վտանգը։

Ինչ որ տեղ գտած է մամուլի մէջ, ընդհանուր խօսքեր են։ Ո՞վ մնաց չգիտցող՝ որ ապազինումի մասին խօսուած ճառերը փրփուրի՜ արժէք միայն ունին ու մեծե՛րը թէ փոքրե՛րը իրենց տարեկան պիւտճէները ծանրաբեռնուած են պատերազմական զէնքերու յատուկ վարկերով։ Կամ ո՞վ կ՛անգիտանայ, որ աշխարհի ներկայ ընթացքով մարդկութիւնը հետզհետէ կը մխրճուի տնտեսական ու ընկերային քաոսի մը մէջ՝ թշուառութեամբ տառապող զանգուածները մատնելով անճար կացութեան։

Կ՛ենթադրենք, որ 13 պետութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ պատրաստուած այս վաւերաթուղթը շատ աւելի պերճախօս վիճակագրութիւններ կը պարունակէ, որոնք հաւանօրէն պիտի պարզուին աւելի ուշ, երբ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհ. ժողովը հաճի օրակարգի հարց դարձնել խնդիրը…

Ա՛յդ պարագային իսկ՝ ողբերգութեան սրտաճմլիկ ծալքերով զբաղողները վստահաբար միայն մենք ու մեզի նման սրտի տէր ժողովուրդներ ըլլան…

Կը կարծէ՞ք, որ Ազգերու Տունը կարենայ դէպի հիմնական դարման որեւէ քայլ առնել, երբ Մեծերու մազին թե՜լն իսկ չի շարժիր յօգուտ տկարներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles