Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Ե. – Հայ Ժողովուրդը Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Կողմէ Սեւրի Դաշնագիրի Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը Որոշելու Իրաւարար Վճիռին Հոլովոյթը

1 0
Read Time:4 Minute, 55 Second

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

27 Օգոստոս 2024

Շար 4/5

haroutchekijian.wordpress.com

 

Սեւրի դաշնագիրի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ իրաւարար վճիռով սահմանը ճշդած Ամերիկայի 1913-1921, 28-րդ դեմոկրատական նախագահը՝ Վուտրօ Ուիլսըն (1856–1924) (1), նախապէս Փրինսթըն համալսարանի նախագահը` ցարդ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն աւելի տեսլական ունեցող եւ բարոյական բարձր արժանիքի տէր, արդար եւ բարեպաշտ նախագահը եղած է: Ան ականատես եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին եւ «Անթանթ»-ին խնդրանք որոշումով, իբրեւ իրաւարար՝ ճշդեց Սեւրի դաշնագիրով Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:

Նախագահ Ուիլսընի յայտարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեաներուն, որ նուիրատուութեան յատուկ օր մը կը ճշդէ նիւթական եւ այլ օժանդակութիւն հասցնելու հայ եւ սուրիացի (Տէր Զոր եւ Լիբանանի սովը) ժողովուրդին, 31 օգոստոս 1916-ին: Այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ յաջորդող 4 նախագահներուն կողմէ

 

          Ուիլսըն բարոյական բարձր արժանիքի տէր անձնաւորութիւն մըն էր եւ կը հաւատար, որ բարոյականութիւնը պէտք է իշխէ քաղաքականութեան վրայ: «Ժողովուրդներու ինքնորոշման» գաղափարին եւ եզրին հեղինակը եղած է ան, ՄԱԿ-ը նախորդող Ազգերու Լիկային հիմնադիրը, եւ արժանացած` 1919-ի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին: Իր նախաձեռնութեամբ նաեւ, 1920-ին ամերիկացի կիները քուէարկելու իրաւունք ստացան: Հզօր եւ առաքինի նախագահ մը, որուն նմանը երբե՛ք չտեսանք (2):

Ա. Համաշխարհային պատերազմին սակայն, որ սկսած էր 28 յուլիս 1914-ին եւ աւարտած՝ 11 նոյեմբեր 1918-ին, միայն 6 ապրիլ 1917-ին է, որ Գերմանիոյ դէմ (ո՛չ թէ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ դէմ) պատերազմ յայտարարեց, երբ վերջինս դրժեց իր խոստումը եւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ մարտանաւեր եւ սուզանաւեր տեղակայեց, ամերիկեան եւ այլ ճամբորդատար նաւեր խորտակեց ու փորձեց Մեքսիքան Ամերիկայի դէմ լարել:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք, 18 յունուար 1919-ին սկսած Փարիզի խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էր Ուիլսըն, արդէն Ամերիկայի ստանձնելիք դերը յստակ էր եւ 26 ապրիլ 1920-ին էր, որ Սան Ռեմոյի մէջ տեղի ունեցող Դաշնակից Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդի նիստին վերահաստատուեցաւ նախագահ Ուիլսընին յանձնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի իրաւարար վճիռը՝ այն պայմանով, որ Էրզրումի, Տրապիզոնի Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները Հայաստանին մաս պիտի կազմեն, սեւ ծովու վրայ Տրապիզոն նահանգին շուրջ 200 քմ. Ծովեզերքով:

        

Ձախէն երրորդը` ֆրանսացի զօրավար Լուիզ Փելեթիէ կը դիմաւորէ Ա. Պատերազմին մասնակից Ամերիկեան բանակին հրամանատարը՝ զօրավար Ճոն Փըրշինկ՝ կեդրոնը եւ աջէն երկրորդը՝ սպայակոյտի պետ գնդապետ Ճէյմս Հարպորտը (որ 1919-ին պիտի գլխաւորէ դէպի Հայաստան առաքելութիւնը) Պուլոյն Սիւր Մէրի մէջ, 13 Յունիս 1917-ին

          Ուրեմն, «Անթա՛նթ»-ը, Ա. Պատերազմին յաղթական կո՛ղմն էր, որ որոշեց Հայաստանի կցուելիք 6 հայկական նահանգներէն չորսը, որոնց չափագրական մանրամասն քարտէսն էր, որ Ուիլսըն պիտի վճռէր, եւ ոչ թէ ի՛նք պիտի մասնատէր Թուրքիան: Միեւնոյն ատեն, Նախագահ Ուիլսընին առաջարկուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մնացեալ հողամասին հոգատարութիւնը (mandate)՝ տրուած ըլլալով, որ Կիլիկիան արդէն յանձնուած էր Ֆրանսայի հոգատարութեան: Այս յանձնառութիւնը ստանձնելէ առաջ, Ուիլսըն հետեւեալ նախապատրաստական աշխատանքները կատարեց, 1919-ին Մերձաւոր Արեւելք ուղարկեց երկու հետախուզական առաքելութիւններ` տեղեկութիւններ հաւաքելու, Ա. Պատերազմէն ետք` տարածաշրջանին ապագային մասին դիրքորոշուելու համար:

          Առաջինը` 1919 յունիսին, դիւանագիտական` «Թուրքիոյ հոգատարութեան (mandate) 1919-ի միջդաշնակցային առաքելութիւն», որ հետագային ճանչցուեցաւ պատուիրակութեան ամերիկացի համանախագահներուն անունով` «Քինկ-Քրէյն (Հենրի Չըրչիլ Քինկ եւ Չարլզ Քրէյն) առաքելութիւն», նպատակ ունենալով քննել նախկին Օսմանեան կայսրութեան ոչ թրքական տարածաշրջաններու ժողովուրդներուն, արաբական աշխարհ եւ Անատոլիա, ինքնորոշման ապագայի տրամադրութիւնները:

«Քինկ-Քրէյն» առաքելութեան անդամներ եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կարգ մը ներկայացուցիչներ 1919-ին

         

          Առաքելութեան նստավայրը Կոստանդնուպոլիսն էր, եւ անոնք տեսակցութիւններ ունեցան (ոչ թրքական) համայնքներու պատասխանատուներուն եւ օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Դաշնակից երկիրներու միւս պատուիրակները հրաժարեցան առաքելութեան մասնակցելէ, որպէսզի պարտաւորուած չըլլան գործադրելու առաքելութեան եզրակացութիւնը` անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունենալով ապագայի իր յատուկ ծրագիրը: Առաքելութիւնը իր տեղեկագիրը ներկայացուց Փարիզի մէջ, 28 օգոստոս 1919-ին, որ «զանազան պատճառներով» չհրապարակուեցաւ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1922:

          Հիմնական պատճառը՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գաղութատիրական ծրագիրներն էին, որոնք արդէն դրսեւորուած էին 28 յունիս 1919-ի Փարիզի (Վերսայ) վեհաժողովին: Այս երկիրները նպատակ չունէին ճանչնալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որուն բացասական հետեւանքներուն ցարդ ականատես ենք Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս իսկ պատճառով այդ առաքելութիւնը կշիռ չունեցաւ:

          Տեղեկագիրին հայկական բաժինով «առաքելութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ստեղծելու հայկական պետութիւն` մերժելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պիտի յարգէր հայ բնակչութեան իրաւունքները` նկատի առնելով պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նախադէպին փաստը` պատճառը» (3):

Հայ վարդապետ մը եւ քահանայ մը, նաեւ երեւելիներ կը դիմաւորեն Հարպորտը Արեւմտահայաստանի մէջ 1919-ին

 

Երկրորդը՝ 1919 օգոստոսին, նախագահ Ուիլսըն ուղարկեց 53 անդամ հաշուող, որոնց մէջ` 6 հայեր, 5 զինուորականներ եւ մէկ պաշտօնեայ, երկրորդ առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան», գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Հետագային ճանչցուելով իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»` անոր նպատակն էր ուղղուիլ Անատոլիոյ կեդրոնը, ապա Հայաստան` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխաանատուութիւնները տարածաշրջանին մէջ:

Յաջորդող յօդուածներով անդրադարձ պիտի կատարուի Հարպորտի խիստ կարեւոր առաքելութեան: Այստեղ նշեմ առաքելութեան մասնակցող հայերը՝ տեղակալ Յարութիւն Խաչատուրեան, յիսնապետ Արամ Գօճասար, քսանապետեր Տիք Օհաննէսեան եւ Տիգրան Սերիճանեան, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ առաքելութեան կը միանան հազարապետ Հայկ Շէքէրճեանը (հետագային՝ զօրավար) եւ ամերիկեան ներկայացուցչութենէն՝ Յակոբ Գաբրիէլ Քերոբեանը (4): Իսկ մնացեալ գլխաւոր բարձրաստիճան զինուորականներն ու պաշտօնեաները հետեւեալներն էին.

Առաքելութեան առաջնորդ՝ զօրավար (մէյճըր ճեներըլ) Ճէյմս Ճ. Հարպորտ, ամ. բանակ: Կիսաբաժնի զօրավար (պրիկատիր ճեներըլ) Ֆրէնք Ռ. ՄքՔօյ, ամ. բանակ: Կիսաբաժնի զօրավար Ճորճ Վան Հորն Մոզլի, ամ. բանակ: Գնդապետ Հենրի Պիյուվքըս, բժշկական սպայ, ամ. բանակ: Դեր գնդապետ (լիութենընդ քոլոնըլ) Ճոն Փրայս Ճէքսըն, ամ. երկրաչափութեան բաժանմունք:  Դեր գնդապետ Ճասփըր Ե. Պրինթըն, ընդհանուր դատախազ ամ. բանակ:  Դեր գնդապետ Էտուըրտ Պոտիչ կրտսեր, հետեւակազօրք, ամ. բանակ: Հրամանատար Վ.Վ. Պերթօլֆ, ամ. ծովուժ: Հազարապետ Լորընս Մարթին, գլխաւոր շտապ, ամ բանակ: Հազարապետ Հերըլտ Քլարք, հետեւակազօրք, ամ. բանակ: Հարիւրապետ Ըսթենլի Հորնպէք հրետանիի բաժանմունք ամ. բանակ (Ծայրագոյն Արեւելքի հետ խաղաղութեան յանձնաժողովի պետ): Ուիլիըմ Պ. Փոլընտ Պելճիքայի եւ հիւսիսային Ֆրանսայի Ամերիկեան նպաստի յանձնաժողովի պետ: Փրոֆեսոր Վ.Վ. Քամպըրլէնտ, տնտեսական խորհրդական Ամերիկեան խաղաղութեան յանձնաժողովին: Պր Էլիըթ Կրիննըլ Միրզ առեւտրական յանձնակատար առեւտուրի նախարարութիւն: Նաեւ այլ սպաներ, գրագիրներ, տեղագրողներ, քարտէսագրողներ, նկարիչներ, թարգմանիչներ, խոհարարներ մեքենավարներ եւ այլն:

 

 

 

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/Woodrow_Wilson
  2. https://haroutchekijian.wordpress.com/2023/05/15/յառաջ-օրաթերթի-19-նոյեմբեր-1919-ի-համարէն/
  3. https://en.wikipedia.org/wiki/King%E2%80%93Crane_Commission
  4. «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը դէպի Հայաստան», Յարութիւն Խաչատրեան, «Հայրենիք» ամսագիր, 19-րդ տարի, Նոյեմբեր 1940, թիւ 1 էջ 128:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles