ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ

0 0
Read Time:36 Second

 

 

Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքներու ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայկական վարժարանն ու անոր կատարած դերը հայ երեխաներու կեանքին մէջ։ Նորահաս սերունդը կրթելու եւ հայեցի դիմագիծը պատրաստելու գործընթացին մէջ մեծ դեր կը կատարեն հայկական նիւթերու ուսուցիչները։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը 2024-2025 տարեշրջանին համար դարձեալ կազմակերպած է ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիր մը, որ տեղի պիտի ունենայ երկամսեայ դրութեամբ չորս դասապահերով։ Այս դասընթացքին չորս գլխաւոր նիւթերն են՝ հայ լեզու Եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ, Արհեստագիտութիւն եւ Մանկավարժութիւն։ Սոյն դասընթացքին նախատեսուած թուականներն են՝ 19 Հոկտեմբեր, 14 Դեկտեմբեր, 11 Փետրուար եւ 12 Ապրիլ:

Հրաւիրուած են բոլոր ուսուցիչները, որոնք կը փափաքին իրենց հայագիտական եւ մանկավարժական գիտելիքները թարմացնել եւ հարստացնել հայ աշակերտին արդիական ձեւով մօտենալու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նպատակով։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles