Հ․Օ․Մ․-ի 115-ամեակի Տօնակատարութիւն՝ Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second


Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը, կը յայտարարէ, թէ կազմակերպութեան 115-ամեակի տօնակատարութիւները տեղի պիտի ունենան Մարտ 8, 2025-ին՝ Հ․Օ․Մ․-ի ծննդավայր Նիւ Եորք նահանգի եւ Նիու Ճըրզիի մէջ:

Այս աննախադէպ միջոցառումը յարգանքի տուրք մըն է աւելի քան մէկ դար անխոնջ ծառայութեան և մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն: Հ․Օ․Մ․-ը իր հիմնադրութենէն ի վեր, իր անդրանիկ Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղով, եղած է յոյսի փարոս, միշտ ապահոված է հայ ժողովուրդի կենսական կարիքները ճգնաժամի պահին, եւ ճիգ չէ խնայած բարելաւելու կարիքաւոր ընտանիքներու կեանքը:

«Խոնարհ առաջին քայլերէն դէպի համաշխարհային կառոյց, այսօր մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր նշանաբանին՝ ծառայել հայ ժողովուրդին, Հ․Օ․Մ․-ի գթառատ ձեռքը երկարել կարիքաւորին, ու պահպանել մեր մշակութային ինքնուրոյնութիւնը», հաստատեց Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Ընկհ Գարոլին Շմաւոնեանը:

«Մենք շատ ոգևորուած ենք համախմբուելու եւ տօնակատարելու Հ․Օ․Մ․-ի 115-ամեակը, անդրադառնալու մեր անցեալի նուաճումներուն և նորոգ վճռականութեամբ շարունակելու ազդու դերակատարութիւն ունենալ ի սփիւռս աշխարհի անհատներու և ընտանիքներու կեանքէն ներս», շարունակեց Ընկհ. Շմաւոնեանը:

Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Մարտ 8, 2025 -ին: Օրուան ընթացքին գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի իսկ երեկոյեան տօնակատարութիւնը: Այս տօնակատարութիւնը յիշատակելի հաւաք մը պիտի ըլլայ՝ համախմբելով մեր նուիրատուները, կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմինները, գաղութի առաջնորդներն ու մեր մարդասիրական նպատակներու ջատագով հանդիսացողները:

115-ամեակի առթիւ պիտի հրատարակուի յիշատակելի գրքոյկ մը, որուն մէջ անհատներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան յարգելու կամ յիշատակելու իրենց սիրելիները՝ միաժամանակ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայ Օգնութեան Միութեան՝ այս գրքոյկին մէջ տեղադրելով իրենց էջերը: Հովանաւորութեան էջերը տարբեր ձեւաւորումներով տեղադրուած են Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանի կայքէջին վրայ www.arseastusa.org website

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկայ ամիսներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles