Արցախի Հանրապետութեան Բերձորի Սուրբ Համաբարձում եկեղեցին հիմնահատակ քանդելէն ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սկսած էն կառուցել մզկիթ: Այս մասին կ՛ահազանգէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական Խորհուրդը որ կը յիշեցնէ, թէ Սեպտեմբեր 2022-ին, արդէն իսկ ահազանգած էր, որ նմանօրինակ մտադրութեան մասին։
Եկեղեցին կառուցուած էր 1998-ին, գմբէթի խաչը օծուել էր նոյն թուականի Մայիս 31-ին: ՃարտարապետՆ Է Հրաչեայ Գասպարեանը։
Արցախ այցելողին համար եզակի կանգառ մըն էր 1996-99 տարիներուն կառուցուած այս եկեղեցին, որ կը գտնուի Հակարի գետի ձախափնեայ ժայռոտ ձորալանջին եւ գետի հոսանքէն 150 մեթր բարձր։
Եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր Մարտ 3, 1996-ին, նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Ալեքսան Յակոբեանին։ Հիմնական քանդակազարդերու հեղինակն է անուանի քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան։
Իր ճարտարապետական յօրինուածքով կեդրոնագմբէթ կառոյց էր, մկրտութեան աւազանով եւ փոքր զանգակատունով։ Ջահը եւ խաչերը պատրաստած էին Հ․Հ․ յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան Աշտարակի արուեստանոցի դարբինները։ Երկու զանգերը նուիրաբերուած էին Լիբանանի հայ համայնքի կողմէ։
2019-էն ի վեր հոգեւոր հովիւն էր Տ. Բենիամին քհնյ․ Ծատուրեանը։