ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՇՒՈՅՆ ԼՐՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒ «ԲԱՑԱՅԱՅՏՄԱՆ» ՍԵՆԱՐԻՕ
Ա.Ա. Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւնները, անտեսելով միջազգային ընտանիքին եւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն արարողակարգային յայտարարութիւններն ու կոչերը, կը շարունակեն ճնշել ընդդիմութիւնը՝ կալանաւորելով իշխանութիւններուն քաղաքական ուղղութիւններուն հետ անհամաձայն լրագրողներ, կուսակցական գործիչներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ...