«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Արեւմտեան Ատրպէյճան» թուրք-ազերիական յանկերգը արդէն անցած է մեր թշնամի դրացիներուն սահմաններէն անդին, մտած է միջազգային բեմ, հասած է Կեդրոնական Ասիա: Փաստօրէն, քանի մը օր առաջ, Օգոստոսի կիսուն, Իւզպեքիստանի մայրաքաղաքին՝ Թաշկենտի մէջ կազմակերպուեցաւ ուղղակիօրէն այս նիւթը արծարծող՝ «Վերադարձ դէպի արեւմտեան Ատրպէյճան եւ թրքական աշխարհ» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Կազմակերպող հիմնարկը, Թաշկենտի «ատրպէյճանա-թրքական տուն»-ն էր։ Նմանօրինակ «տուն»-եր սկսած են բուսնիլ հոս-հոն, մեկնակէտ ունենալով թրքալեզու երկիրներու ժողովները, որոնք համաթուրանականութեան մէկ այլ լծակն են։
Յստակ է, թէ նման հաւաք համաթուրանական ինչպիսի՜ մտահոգութիւններով եւ հեռանկարներով կը կազմակերպուի Իւզպեքիստանի մայրաքաղաքին մէջ։
Լաւապէս ուսումնասիրուած յայտարարութիւն մը հրատարակուած է, բացատրելով, թէ այս գիտաժողովին նպատակն է համատարած իրազեկութիւն յառաջացնել՝ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ գործուած ցեղային զտումներու պատմութեան մասին, այդ դէպքերը արծարծելն ու մեկնաբանելն է։
Ամբողջովին հակահայ ընթացք մը առած է այս գիտաժողովը, ուր զանազան դասախօսներ ներկայացուցած են ճշդուած նիւթեր, որոնց կիզակէտը եղած է «թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ ցեղային զտումները»։ Բնականաբար առաջատար մեղաւորը մենք՝ հայորդիներս նկատուած ենք։
Նմանօրինակ «միաձայն» գիտաժողովներ կրնան մոլորեցնել դէտեր: Ուշագրաւ է, որ անտառին միայն (թուրք) արջին եւ իր գոթոթներուն իրաւասութիւն տրուած է մուտք գործել անտառ եւ սնանիլ, աւելի ճիշդը՝ յափշտակել ու կուլ տալ․․․
Գիտաժողովը մինչեւ իսկ բանաձեւ մը որդեգրած է, պարսաւանք արձակելով, թէ քսաներորդ դարու սկիզները, «հայ ազգայնականներ» վայրագութիւններ գործած են. անոնց նպատակն ու կիզակէտը եղած է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ «նախկին Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի տարածքին թուրքերը ցեղային զտումի ենթարկել: Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ «միաւորելու թրքական ջանքերը՝ պայքարելու համար հայկական ազգայնականութեան եւ թրքատեացութեան դէմ»: ․․․Եւ տեսէք թէ ո՜վ է ատելութեան մասին խօսողը:
Մասնակցողներուն անուններուն ցանկագրումը անտեղի է, իսկ թէ ամէն մէկ բանախօս ինչի՞ մասին արտայայտուած է՝ այդ ալ բացարձակապէս կարեւոր չէ, երբ յստակ է, որ գերագոյն նպատակը՝ հակահայ գրգռութիւններ ստեղծելն է սուտ ու կեղծ «գիւտերով»։
Ամէն բան կարելի է սպասել նմանօրինակ միակողմանի (տ)գիտ-աժողովներէ: Յերիւրանքն ու կեղծիքն ալ չափ-սահման չեն ճանչնար: Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է կուլ տալ, թէ 1918-ին, Զանգեզուրի մէջ իբրեւ թէ 35 հազար ազերիներ ջարդուած են։
Ազերի մասնագէտ մըն ալ կը հաւաստէ, թէ 20-րդ դարու սկիզբէն ի վեր, «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-էն, որ Հայաստանի ծանօթ եւ ճանչցուած տարածքն է, աւելի քան 1.5 միլիոն ատրպէյճանցիներ տեղահանուած են, եւ թէ՝ «հայ դաշնակներ»-ը պատասխանատու են Կովկասի եւ… Կեդրոնական Ասիոյ, ներառեալ՝ Իւզպէքիստանի մէջ հարիւր հազարաւոր թուրքերու մահուան։
Համաթուրանականութեան ջատագովները, Կովկասեան բարձրաւանդակէն դուրս գալով եւ կարկինը տարածելով, ընդգծած են, թէ 1924-ին, Քերքուքի (Իրաք) մէջ տեղի ունեցած են մեծածաւալ սպանութիւնները, թէ՝ հայերը, բրիտանացիներու աջակցութեամբ, սպաննած են 280,000 թուրքեր: Զարմանալի՜, չէինք գիտեր որ «դաշնակներ»-ուն ձեռքերը մինչեւ ո՛ւր հասեր են, Իրաքէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա՜: Բայց նաեւ չենք կրնար աննկատ թողուլ, որ «դաշնակ ազգայնականներ»ու առանձնացումն ու յականէ-անուանէ յիշատակումը… կը զուգադիպի Երեւանի իշխանաւորներուն հակադաշնակցական նորագոյն մոլուցքին:
Պարզ զուգադիպութեամբ մը, այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Փութինի Պաքու այցելութեան նախօրեակին։ Հաւանական է որ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումներուն, Պաքուի բռնատէրն ու իր կողակից փոխ-բռնատէրը ակնարկութիւն ըրին Թաշկենտի գիտաժողովին, գիտաժողով մը, որ Երեւանի ցնորամիտներէն բոլորովին տարբեր ակնոցով կը մեկնաբանէ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ն ու «Զանգեզուրի անցք»-ը։
Մեզի համար նոյնքան հետաքրքական է իմանալ, թէ նման ախորժակներու մասին ի՞նչ կարծիք ունին Երեւանի ՔՊ-ականները: Սկսելու համար հարց տանք. արդեօք տեղեա՞կ են թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» յղացքը ինչպիսի՜ «աշխարհակալութեան» մը հիմնաքարը դարձած է, հայերու ջարդարար ըլլալու մեղադրանքը այլեւս չի սահմանափակուիր Խոճալուի վերաբերող ստաբանութիւններով. աւելի՛ն, հակազդելու, ճշմարտութիւնը տարածելու եւ թուք-ազերիական ընդլայնող քարոզչութիւնը ձախողութեան մատնելու մասին որեւէ բան կը մտածե՞ն։
Հայաստանի մէջ ծանօթ խօսք է. ասոնք «իշու ականջին մէջ կը քնանան», իսկ Հայաստանի գլխուն ամէն օր նոր վտանգ մը, նոր սպառնալիք մը կը հիւսուի փշապսակի պէս: Մինչդեռ, արթնութեան պահը երէ՛կ էր, այսօ՛ր է, անմիջական վա՛ղն է: Նահանջամոլութիւնն ու անգործութեան մատնուած մեր բազուկները պէտք է անյապաղ լծուին «ժամացոյցի դէմ մրցում»-ի: