Սրտակցութիւն Մը

0 0
Read Time:6 Minute, 46 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Յարութն ալ գնաց։ Գնա՜ց, այդպէս անակնկալ՝ ցնցումի մատնելով մեզ։

Եւ հիմա, երբ խմբագիր ընկերոջս դրդումով, կը փորձեմ քանի մը տող գրել, կ՚անդրադառնամ, թէ քանի մը տողով բան չ՚ըսուիր Քիւրքճեան Յարութիւնին մասին։ Սրտակցութեան մը պատմութիւնն է, որ պէտք է գրի առնեմ, ինչ որ ժամանակի տուեալ սահմաններուն մէջ անկարելի է։ Այդ պիտի ընեմ, անպայմա՛ն պիտի ընեմ, սակայն այժմ պիտի գոհանամ իրմէ ստացած նամակներէս հատուածներ ներկայացնելով ընթերցողին։

Մեր առնչութիւնը կը սկսի 1963 թուականէն, երբ ինք Ճեմարանի Ջահակիր թերթին խմբագիրն էր, կամ խմբագիրներէն մէկը՝ իբրեւ աւարտական դասարանի աշակերտ, իսկ ես կը վարէի «Յուսաբեր»-ի Երիտասարդական էջի խմբագրութիւնը, անշուշտ սիրողաբար, քանի որ ճարտարապետութեան ուսանող էի միաժամանակ։ Այդ թուականէն մինչեւ վերջերս մենք կապի մէջ եղած ենք, իսկ հերթական կանոնաւորութեամբ՝ յատկապէս վեց տարի՝ մինչեւ 1969։

Այդ սկզբնական տարիներու նամակներուն ընդմէջէն իսկ ձեւ կ՚առնէր դիմագիծը ինքնուրոյն մտաւորականին, որ Յարութիւնը պիտի դառնար ու ծառայէր մեր գրականութեան, մեր մամուլին, մեր կրթութեան, մեր քաղաքական մտածողութեան՝ յաղթահարելով եւ շրջանցելով իր մտատանջութիւնները։

Ստորեւ հատուածներ իր այդ օրերու քանի մը նամակներէն(*), որոնք ցոյց կու տան իր այդ կասկածներուն, տատանումներուն եւ վարանումներուն դիմակայումը եւ իր ամուր դիմագիծի հետզհետէ ձեւաւորումը։

«[…] չորս տարուան փորձառութիւն մը մէջս գրեթէ հիւանդութեան վերածած է հաճոյքը, որ առհասարակ կը պատկանի բոլոր մեծ եւ փոքր խմբագիրներուն. դժուար պիտի ըլլայ ինծի “ապրիլ” առանց տպուած թուղթի, սեւ մելանի բոյրերուն. վստահաբար դուք ալ ենթակայ էք նոյն հիւանդութեան»։

Այս տողերը առնուած են Պէյրութէն ղրկուած իր առաջին նամակէն, 1963 հոկտեմբեր 6-ին, ուր ինքզինք կը ներկայացնէր՝ որոշ պաշտօնականութեամբ մը գրելով ինծի։

Ահա նաեւ հատուած մը 1964 մարտ 31-ին գրած իր երկրորդ նամակէն.

«Փետրուարի վերջին շաբթուն ստացայ 14 փետրուարի թուակիրդ, որ քիչ մը անակնկալի բերաւ զիս. կը պատրաստուէի պատասխանել Կաղանդի քառթ-նամակիդ, երբ հասաւ եգիպտական նամակադրոշմով զարդարուած պահարանդ։ Արտասովոր հաճոյք՝ ինծի համար. հաճոյք՝ որ կը զգամ ամեն անգամ նամակ մը ստանալուս։ Եւ որ կը բազմապատկուի շնորհիւ իր մասնաւոր բնոյթին – իր չորս էջերուն, որոնք քանի մը րոպէի մէջ նոր ընկերոջ մը գիւտը կ՚ընեն ինծի, արդէն ստեղծուած կապ մը կ՚ամրապնդեն։ Անշուշտ այդ հրաշքը (գրեթէ) չի գար քանի մը թուականներէն կամ կենսագրական տեղեկութիւններէն որ տուած ես, այլ մտերմութեան շեշտէդ, որուն համար շնորհակալ եմ։

«[…] Առանց այլեւայլի՝ դժգոհ եմ սփիւռքէն։ Կ՚ընդունիմ 30-40-ական թուականներու իրագործումները։ բայց քանի ի վիճակի եմ գէշ-աղէկ անձամբ հետեւելու դէպքերուն, շուրջ 10 տարիէ ի վեր, ըսեմ կլոր հաշուով՝ ի՞նչ ենք տուած, եւ ի՞նչ կուտանք այսօր։ Սանկ-նանկ կղզիացած – Աղբալեան պիտի ըսէր “ջերմանոցային”՝ քսան տարի առաջ, Ժագ Յակոբեանի առիթով – դրսեւորումներ, որոնք, այո՛, իրենք զիրենք կը փրկեն։ Բայց ընդվզեցուցիչ չէ՞ մտածել Պէյրութի պէս կեդրոն մը… 1962-ին միայն ունեցաւ քիչ-շատ ներկայանալի “Բագին” մը, իր 120 հազարնոց հայութեամբ։ Տարբեր հարց որ “Բագին” մըն ալ, յաճախ, … “se laisse à désirer”։ Փակենք այս ալ։ Սփիւռքի միտքին, մտաւորականութեան ահաւոր հիւանդութիւնն է, ըստ իս, իմացական Ծուլութիւնը, ճիգի բացակայութիւնը։ Եթէ կրնաս, հիմա, ելիր եւ հրապարակէ այս կարծիքներդ։ Նախ՝ հաւար կը փրթի. Երկրորդ՝ բանի չի ծառայեր, շինարար ոչինչ ունի։ Ես ինծի պիտի արտօնեմ նման կարծիք մը հրապարակել միայն ա՛յն օրը, երբ իմ գրական աշխատանքովս եւ ստեղծագործութեամբս դարմանումի օրինակ մը առաջարկած ըլլամ»։

Խնդակցելով ինծի առաջին նշանախօսութեանս առթիւ, 1968 օգոստոս 24-ին ան կը գրէր.

«Նամակդ, աւելի ճիշդ՝ ուրախութեան, երջանկութեա՛ն կանչդ ստացայ ամիս մը առաջ, Սայտայի զօրանոցին մէջ, ուր տեղաւորուած էի երեք շաբթուան “զինուորական ծառայութեան” մը համար։ […] Սկիզբը բաւական երկար մնացի համակուած “համա զգացումի”, sympathie-ի տրամադրութեամբ մը, տարտամօրէն գինովցնող, միանգամայն խոկումի հրաւիրող, իրենց իւրաքանչիւր բառէն կեանքի ժայթք մը հոսեցնող էջերուդ դէմ (ներէ՛, եթէ պատահաբար, վերջին երկու տողին վրայ “տարեց”ի շեշտ առաւ ձայնս)։ Եւ զգացական համապատումէն ետք եկաւ խոկումը»։

Նոթերուս մէջ արձանագրած եմ, որ այդ նամակը իր ամբողջութեան մէջ գրական արժէք մը ունի եւ իր պատուոյ տեղը ունենալու է մեր նամակակցութեան ամբողջական պատումին մէջ։

Եւ ահա չորրորդ նամակ մը, գրուած 1965 յուլիս 11-ին, որմէ քաղուած բաժինը շատ բան կ՚ըսէ թէ՛ իր մասին, թէ՛ մեր մասին եւ այժմէական կը մնայ ընդմիշտ.

«Կը թուի ինծի, սիրելի Վրէժ-Արմէն, որ [յիսնամեակի ձեռնարկներուն մէջ մխրճուած ըլլալուն պատճառաւ – Վ-Ա.] ահագին ցրւումներէ ետք, նո՛ր է որ կը վերադառնամ իմ իսկական ճամբուս։ Եւ քանի այս մասին խօսեցայ, լաւ է պատմեմ քեզի, իբր զիս լաւ հասկցողի մը, կամ պարկեշտօրէն հասկնալ փորձողի մը (չեմ կասկածիր ատոր), այս բոլորէն հանած եզրակացութիւններուս հիմնականը։

«Ինքնարդարացում մը չէ, որ պիտի փորձեմ, սիրելիս։ Ո՛չ, ներքին բացարձակ վստահութիւնը ունիմ, համոզումը՝ որ կեցուածքս ոչինչով դասալքութիւն է։ Ընդհակառա՛կը, թերեւս։ Ահա՛. կը կարծեմ, որ “ընկերային”, հասարակական աշխատանքի մարզը, որ իմս եղած է անցնող 2-3 տարիներու ընթացքին, սկսած աշակերտական գրասեղաններէն, ինծի համար մերժելի՛ ասպարէզ մը պէտք է ըլլայ, է՛ արդէն, առնուազն՝ ընթացիկ իմաստով։ Ցրուեցա՛յ, բթացա՛յ, պարպուեցա՛յ ամբողջ երեք տարի. խաչ քաշեցի նախասիրութիւններուս, սէրերուս վրայէն, մխրճուելու համար սպաննող մեքենական աշխատանքի մէջ. եւ անձնազոհութիւն ալ չեմ նկատեր ըրածս։ Շատ յաճախ երկչոտութիւն, “ո՛չ” ըսելու անկարողութիւն, նախաձեռնութեան ոգիի պակա՛ս եղան ինծի համար այս engagement-ները. ո՛չ արժանիք, ուրեմն, այլ թերութիւն։ Թերեւս խօսիս ինծի հաւատքին մասին՝ որ նման աշխատանքները ընդունելի, նոյնիսկ խանդավառիչ կը դարձնէ մեզի համար։ Բայց ուրկէ՞ բերել այդ հաւատքը. ահա՛ հարցը, որուն պիտի փորձեմ իմ պատասխանս տալ։

«Ինծի համար կան բաները՝ որոնց կը հաւատամ, եւ բաները, որոնց չեմ հաւատար։ Բոլորի՛ն համար այդպէս է անշուշտ. բայց ըսեմ ես բաները որոնց կը հաւատամ, Վրէժ։ Չեն ատոնք հաւաքական կոչուած արժէքները, անշուշտ որքան ատեն որ ես չեմ ստանձնած զանոնք։ “Հայրենիք[”] մը, առանց այդ ստանձնումին, մտայղացք է միայն. ազգային իտէալ կոչուածը՝ սոսկական բառ. կուսակցական-կազմակերպչական աշխատանքը՝ անհեթեթ ու անդիմագիծ շարժում։ Մեծամասնութիւն կը կազմեն անոնք, թերեւս երջանիկ մարդիկ, որոնք գիտեն նոյնանալ հաւաքական schéma-ի մը հետ եւ խանդավառուիլ գաղափարներով, միայն գաղափարներով ։ Ես կարիքը, խոր պահանջը ունիմ, զուտ անձնական Արարքով մը, ստանձնելու այդ բաները, իմ ձեւովս ապրելու, մասնաւորելու զանոնք։ Իմ կիրքս, ստեղծումի, Քանդումի կիրքս. ի՛մ Մտածումս. ասոնցմով փոխակերպելու, ներապրելու՝ ինչ որ առօրեայ է, ժողովական կամ կազմակերպչական աշխատանք է ուրիշներու համար։ Սխալ չե՛ս հասկնար, չէ՞. ոչի՛նչ կ՚արհամարհեմ։ Միայն զանազանումներ կ՚ընեմ։ Ես մէկն եմ անոնցմէ, որոնք դժուարութիւն ունին ինքնեկ, բնական շարժումով կեանքին փարելու, հաւատալու անոր բերածին։ Մանկութենէ՛ս ունեցած եմ այդ տաժանելի դժուարութիւնը. եւ զգացեր եմ կարիքը՝ բացարձա՛կ, առօրեայէն անդի՛ն անցնող հաւատքի մը։ Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ ժամանակիս մեծ մասը կը յատկացնեմ ոգեկոչական հանդէսի մը պռոշիւրները գրելու, կամ հասցէներ մեքենագրելու եւ դրամական հաշիւներ դասաւորելու՝ աշխարհը կը տարբաղադրուի, կը փլի շուրջս։ Ցաւագին կասկած մը, ներքին պարապ մը կը կրծէ զիս.– ըրածիս չեմ հաւատար, կը մնամ անկարող՝ անոր բացարձակ արժէք վերագրելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ, կը թուի ինծի, որ Անձէս դուրս գտնուող – յարգելի՛ – արժէքները գլխաւորաբար գրականութեան Արարքով կրնամ ստանձնել, որովհետեւ ա՛ն միայն, – կամ գեղեցիկի Արարքը ընդհանրապէս –, ա՛ն միայն բացարձակապէս ինծի՛ կը վերածէ, սեփական հաւատքի մը կը վերածէ այդ արժէքները։ Անշուշտ բնաւ պիտի չդադրիմ մաս կազմելէ։ Արտաքին, անանձնական փորձառութենէ՛ն է որ պիտի ստանամ իմ սնունդս, նախանիւթս։ Գիտե՛մ, անհրաժեշտ է ընդհարիլ արտաքինին, անանձնականին։ Բայց, ահաւասիկ, ան ինծի համար երբեք պիտի չըլլայ բացարձակ Հաւատք։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարող պիտի ըլլամ բազմապատկելու քանակը արտաքին engagement-ի արարքներուն, առանց երբեք փնտռելու անոնց որակը. չունի՛ն Որակ։ Եւ ատոր համար ալ երկրորդական պիտի ըլլան ինծի համար բոլոր Յիսնամեակները, Գաղափարաբանութիւնները, եւայլն, եւայլն։ Երկրորդակա՞ն ըսի. Հաւանաբար կը սխալիմ։ Պէտք էր ըսել անբաւարար պիտի ըլլան այս բոլորը ինծի։

«Ինչո՞ւ գրեցի այս բոլորը, սիրելի Վրէժ։ Անշուշտ, ինչպէս կ՚ըսէի, հասկնալ փորձող հոգիի մը ներկայութիւնը զգալով իմ դէմ։ Բայց նաեւ, ու մանաւանդ, գտնելու պատասխանը, նախ ինծի՛ համար, ինծի տրուող կարգ մը հարցերու։ Ինչպէս կը տեսնես, եղածը գործնականի եւ տեսականի զանազանում չէ, եւ հաւանաբար զիս չհասկցողնե՛րը միայն կեցուածքս տեսական, այսինքն ամուլ եւ պղատոնական կոչեն. քանի իմ փնտռածս աւելի խորունկ փորձառութիւն մըն է, քան ընթացիկը։ Կարելի չէ ոգեկոչել, այս կեցուածքի առիթով նաեւ, փղոսկրէ աշտարակի մէջ փակուած մտածողի Միթը։

Տեսա՛ր որ տարբեր է իմ մտապատկերս. ինծի համար՝ իր Մտածումը եւ իր Կիրքը ներուժ փորձառութեամբ ապրող Անձն է միայն իսկական ստեղծող մտաւորականը, գեղեցիկի տեսիլ մը ստեղծող մտաւորականը։ Եւ ան պարտի՛ մխրճուիլ առօրեային մէջ. կ՚աւելցնեմ՝ միայն իր մարմնով. իր գլուխը, կու՛րծքը նաեւ – եթէ պատկերամոլութիւն պիտի ընենք… – պէտք է մնան դուրս։ Արտօնուած է իրեն, ըստ իս, չհաւատալ իրմէ դուրս ապրող աշխարհին ու անոր առարկայական արժէքներուն – ըլլան անոնք հայրենիք, ցեղային կամ կրօնական կամ այլ գաղափարաբանութիւններ –, ու փնտռել անոնց ենթակայական, իր կողմէ վերստեղծուած համապատասխանը անոնց, անոնց “բացարձակումը” իր անձին մէջէն, եթէ կ՚ուզես։ […]

Այո, ափսոս, հազար ափսոս, որ այսքան վաղաժամ մեզ զրկեցիր հետդ զրուցելու կարելիութենէն։
Բայց ոչ, կրնա՛նք քեզ կարդալ, վերստին կարդալ ու մտորել…


* Հաւատարիմ մնալով ընդունուած սովորութեան, պահած եմ Քիւրքճեանի նամակներուն գրուած օրերու իր որդեգրած ուղղագրութիւնը, կէտադրութիւնն ու լեզուական այլ մօտեցումները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles