ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

 

   Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու օրակարգով՝ Սեպտեմբերին կը սպասուի պայքարի երկրորդ փուլը, յայտարարեց «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազան, Շիրակի մարզին մէջ բնակիչներու հետ իր հանդիպումէն ետք։

Բագրատ Սրբազան աշխատանքներու եւ ծրագրերու մասին ոչինչ բացայայտեց, միայն յստակացուց, որ մեկնարկը պիտի տրուի Սեպտեմբերի սկիզբը, բայց ոչ թէ հանրային հաւաք տեղի պիտի ունենայ, այլ պիտի կազմակերպուի հանդիպումներ՝ դահլիճներու մէջ։

Մօտաւորապէս երկու ամսուան փողոցային պայքարէն ետք, երբ ոստիկանութիւնը 12 Յունիսին յատուկ միջոցներ կիրառեց ցուցարարներու նկատմամբ, ընդդիմադիր շարժման ղեկավարը պայքարի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկեց։ Ներկայիս անհնազանդութեան շարժումի եւ հանրային հաւաքներու փոխարէն մարզային այցելութիւններ կը կազմակերպուին, ինչպէս նաեւ Երեւանի վարչական շրջաններու մէջ տեսակցութիւններ տեղի կ՛ունենան։ «Ասիկա հոսող եւ չընդհատուող պայքար է։ Չէի կրնար պատկերացնել, որ այսքան մեծ թիւով մարդիկ կը մասնակցին շարժման», յայտարարեց Բագրատ սրբազան, երբ շարժման աւարտին մասին հարցումի մը պատասխանեց։

*

Աւելի քան երկու տարուան բանակցութիւններէ ետք, Երեւանի իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Պաքուի հետ փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշած են խաղաղութեան համաձայնագրին նախագիծէն հանել շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերող յօդուածը, որ համաձայնագրին առանցքային դրոյթներէն մին էր եւ որուն շուրջ կողմերը ապարդիւն բանակցութիւններ կը վարէին։Հայկական կողմը դէմ է միջանցքային տրամաբանութեան, իսկ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի, ուրկէ առանց ստուգումներու անցում կատարուի՝ Սիւնիքի վրայով դէպի Նախիջեւան։

Ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցը Երեւանն ու Պաքուն սկսան քննարկել 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ Առաջին շրջանին բանակցութիւնները կը կատարուէին 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան ծիրին մէջ։ Սակայն հետագայինԵրեւան առաջարկեց ապաշրջափակման իր նախագիծը, որ նախ կոչուեցաւ «Հայկական Խաչմերուկ», ապա վերջին մէկ տարին ան կոչուեցաւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»։ Ատրպէյճան այս ծրագրին նկատմամբ հրապարակային ոչ մէկ դիրքորոշում յայտնած է։

*

Պաշտօնական Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ առանց Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան, Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր չի կնքուիր։ Պաքու յատկապէս կը պահանջէ, որ Հայաստանի սահմանադրութենէն դուրս ձգուի Անկախութեան հռչակագիրը, ուր յղում կայ Լեռնային Ղարաբաղի։

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէկով հարցազրոյցի մը մէջ կրկին պնդեց,որ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ կան հողային պահանջներ՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Հետեւաբար Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի։ Ան պնդեց, որ ներկայիս խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման դէմ միակ խոչընդոտը այդ հողային պահանջն է, որ պէտք է ջնջուի Հայաստանի սահմանադրութենէն։ «Մեզի համար անընդունելի է, որ Հայաստան խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ պայմանագրի վերջնական ստորագրման կը վերաբերի իբրեւ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն», ըսաւ ան։

*

Հայաստան պիտի չմասնակցի Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան, Օգոստոսի կիսուն եւ Սեպտեմբերին կայանալիք երկու ռազմափորձերուն՝ Ռուսիոյ եւ Խըրխըզիստանի մէջ։

Ռազմափորձերուն չմասնակցելու որոշումին մասին լուրը հրապարակուեցաւ ՀԱՊԿ-ի կայքէջին վրայ, իսկ Երեւանի իշխանութիւնները քար լռութիւն պահեցին իրենց որոշումին կապակցաբար։ Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր Հայաստան պոյքոթի կ՛ենթարկէ կազմակերպութեան գործունէութիւնները եւ չի մասնակցիր ոչ մէկ ժողովի եւ ռազմափորձի։ ՀԱՊԿի պատասխանատու շրջանակները պաշտօնական Երեւանի այս որոշումը կը համարեն դժգոհութեան արտայայտութիւն մը,սակայն կը նշեն, որ Հայաստան կը շարունակէ անդամ մնալ կազմակերպութեան։ Երեւանի իշխանութիւններն ալ ոչինչ կը հաղորդեն կազմակերպութենէն դուրս գալու իրենց որոշումին մասին։

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles