«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՍԵՒՐԸ՝ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ՅՈՒՇԱՐԱՐ ԱՆԼՈՅԾ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 47 Second

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Օգոստոս 9, 1975

Յիսունեւհինգ տարի առաջ, Օգոստոս 10, 1920-ին, առաջին աշխարհամարտի յաղթական մեծ պետութիւններուն եւ պարտեալներէն Թուրքիոյ միջեւ՝ Սեւրի մէջ «Ֆրանսա» կը ստորագրուէր համանուն դաշնագիրը, որու հիման վրայ Օսմանեան կառավարութիւնը յանձնառու կ’ըլլար հողային ծանր զիջումներու, ինչպէս նաեւ իր սահմաններուն մէջ ապրող փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան, – ապահովութիւն կեանքի, ստացուածքի, եւ ազատութիւն՝ լեզուի ու դաւանանքի։

Սուրիա, Միջագետք եւ Պաղեստին կը յանձնուէին Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ ճշդուած պետութիւններու հոգատարութեան, իսկ Հիճազ կը հռչակուէր ազատ ու անկախ պետութիւն։ Թուրքիա կը հրաժարէր Եգիպտոսի եւ Կիպրոսի վրայ ունեցած վեհապետական իրաւունքներէն, կ’ընդունէր Ֆրանսայի թեւարկութիւնը Մարոքի ու Թունուզի վրայ, կը հրաժարէր Լիպիայէն եւ երկոտասան կղզիներէն…

Եւ Հայաստան, որ մինչեւ 1920 թուական 71,300 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունէր, Սեւրի դաշնագրային տրամադրութեանց եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանային կարգադրութիւններու հիման վրայ՝ Օգոստոս 10, 1920-ին կը ճանչցուէր իբրեւ անկախ հանրապետութիւն՝ 161,330 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ։

Եթէ այսօր այս հողերէն 31,980 քառակուսի քիլոմեթրի կոտորակ մը միայն ունինք իբրեւ հայրենիք, իրագործուած յօշոտումը կը պարտինք նա՛խ Արեւմտեան Մեծերու քաղաքական-դիւանագիտական դաւերուն «որոնց հետեւանքով անիրագործելի մնաց Սեւրը եւ անոր տեղ ի զօրու հռչակուեցաւ Յուլիս 24, 1923-ին կնքուած Լօզանի դաշնագիրը», ապա նաեւ Խորհրդային Միութեան՝ որ մինչեւ 1925 թուական Հայաստանի մաս կազմող կարգ մը գաւառներ «համագումար 39,360 քառակուսի քիլոմեթր» բաշխե՜ց Թուրքին, Վրացիին եւ Ատրպէյճանցիին…

Հայոց ժամանակակից պատմութեան ծանօթ ոեւէ անձ, քաղաքական ի՛նչ դաւանանքի ալ որ պատկանի, ապրի Սփիւռքի՛ թէ Հայրենիքի մէջ՝ չի կրնար հաշտուիլ ու չէ հաշտուած քաղաքականօրէն կամ բռնի ուժով Հայութեան պարտադրուած այս անիրաւութեան հետ։ Ու գիտակցելով հանդերձ որ ե՛ւ զինական հզօրանքը, ե՛ւ ֆիզիքական հնարաւորութիւնները, ե՛ւ քաղաքական անհրաժեշտ տուեալները չունի իր իրաւունքները գործնապէս արժեցնելու՝ իրմէ յափշտակուած հողերուն տէր դառնալու համար, ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԱՄՔԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԱՆՎԹԱՐ ԵՒ ԱՆԽԱԽՏ։

Եթէ հարց տրուէր մեզի թէ մերօրեայ բացառապէս աննպաստ ժամանակներուն ու վատագոյն պայմաններուն մէջ ինչո՞վ, ի՞նչ արդիւնքով կ’արդարանայ Հայուն յամառ մաքառումը յանուն Հայ Դատի, պիտի պատասխանէինք.

– Պահանջատիրութեան այդ գիտակցութիւնն ու կամքը անվթար եւ անխախտ պահելով նաե՛ւ այսուհետեւ, սերունդէ սերունդ, մինչեւ իրականացումը մեր նպատակներուն։

Մեր օրերուն հետապնդուած աշխատանքներն ու ճիգերը անշուշտ այսքան չեն միայն։ Շատ աւելի՛ն են։

Ներազգային ճակատի վրայ սերունդներու ազգային-քաղաքական դաստիարակութիւնը եւ հանրային բոլոր դասերու գործնական հետաքրքրութիւնը մեր գլխաւոր առաջադրանքներէն մէկը նկատելով հանդերձ, այսօր ամէն ատենէ աւելի թափ տուած ենք Հայ Դատի քարոզչական աշխատանքներուն՝ յարաբերական եւ արտաքին ճակատներու վրայ, շեշտը միշտ դնելով անոր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բնոյթին եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ տարողութեան վրայ։

Եթէ Սեւրով միջազգային վաւերականութիւն ստացած մեր իրաւունքները պատգամ մը ունին յիսունէ աւելի տարիներ ետք ասպարէզ իջնող սերունդներուն՝ ատիկա առաւելապէս երկու գերազանցապէս էական կէտերու յուշարարութիւնն է.

Ա.- Ազգային քաղաքական որեւէ դատ՝ պահանջատէր ժողովուրդի ՄԷՆ ՄԻ ԱՆՀԱՏԻՆ համար յանձնառութիւններ կ’ենթադրէ. նախ ՃԱՆՉՆԱԼ էութիւնը այդ դատին, ապա ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԻԼ անոր հետապնդումի աշխատանքներուն։ Ինքզինք «ազգ» դաւանող որեւէ հաւաքականութիւն՝ բարոյական պարտաւորութեան տակ է ազգէն իրեն փոխանցուող ժառանգութիւններ ¥այս պարագային ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵ՛Ր¤ արժեւորելու, այլ երբե՛ք անոնցմէ հրաժարելու։ Հայրենաբնակ թէ տարասփիւռ Հայութիւնը, իր բոլոր հոսանքներով, Հայ Դատի հետապնդման գործը պիտի նկատէ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ոյժերով իրագործելի աշխատանք.

Բ.- Համահայկական իր աղբիւրներուն ու կարելիութեանց կռթնած՝ Հայութիւնը հետզհետէ պիտի ծաւալի օտար ժողովուրդներու, օտար մտաւորականութեան, օտար երիտասարդութեան, օտար մամուլի եւ քաղաքական շրջանակներու ծիրէն ներս՝ Հայ Դատը իր քաղաքական ու միջազգային տարողութեամբ ծանօթացնելու համար ազգերու ընտանիքին։

Սեւրէն թելադրուող այս պարտաւորութիւնները ըմբռնած ենք շատո՜նց. սակայն անոնց իրագործումը ԹԵՐԻ Է տակաւին։ Ե՛Ւ ՄԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԹԱՓՆԵՐՈՒ ՀԱՄՐԱՆՔԸ ԱՐՀԱՄԱՐՀԵԼԻ ՉԷ։

Եղեռնի յիսնամեակէն սկսող ու վաթսունամեակով նոր ծաւալ ստացող համահայկական վճռականութիւնը՝ ԶԳԱՑԱԿԱՆ իր բնոյթէն պէտք է անցնի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հանգրուանին, եթէ կ’ուզենք աւելի շօշափելի արդիւնքներու հասնիլ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles