ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հարցազրոյց Վահէ Կիւզէլիմեանին Հետ Իր Ընտանեկան Ծառի Պատրաստութեան Մասին,
Որ Հաւանաբար Անհատապէս Պատրաստուած Ամենամեծ Հայկական Ընտանեկան Ծառն Է,
Շուրջ 7000 Անդամներով` «Կիւզէլիմեան Ընտանեկան Ծառը»
Հայ դատի հետապնդումին եւ սփիւռքահայերը իրենց արմատներուն եւ բնօրրանին հետ պորտակապով կապելու հետեւողական, հաստատ ու ներդաշնակ առաջադրանքին հաւատարիմ` ընտանեկան ծառի կարեւորութեան մասին նախորդ յօդուածս. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր ընտանեկան ծառը եւ պապենական բնօրրանն ու տոհմը, տունը, Կիլիկիոյ կամ Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է փնտռէ, գտնէ եւ ամրագրէ առնուազն համացանցով» (1), մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Քանի մը օրուան մէջ 500-է աւելի դիտում եղաւ կայքէջէս, չեմ գիտեր` որքա՞ն «Ազդակ»-ի կայքէջէն: Այնտեղ նշուած ընտանեկան ծառին միջոցով կը շարունակենք արծարծել այս էական նիւթը:
Իբրեւ ծագումնաբանութիւն կիրարկած եւ անհատական միջոցներով (ոչ միութիւն կամ ընկերութիւն), հաւանաբար ամենամեծ հայկական ընտանեկան ծառը պատրաստած, շուրջ 7 հազար անդամ գտած ու ամրագրած Վահէ Կիւզէլիմեանին հետ համացանցային հարցազրոյց մը ունեցայ իր «Կիւզէլիմեան ընտանեկան ծառ»-ի պատրաստութեան մասին, որպէսզի ուղեցոյց ծառայէ ընտանեկան ծառ չունեցողներուն, խիստ թելադրելի` ընտանեկան ծառ պատրաստելու համար: Անգլերէն հարցազրոյցը (2), որ կայքէջիս մէջ տեղադրեցի, թարգմանաբար կը ներկայացնեմ ստորեւ:
Այժմու սփիւռքահայերուն մեծ մասը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդէն են, որոնք համակարգուած ու ծրագրուած` զանգուածային սպանդի ու տեղահանութեան ենթարկուեցան օսմանեան, ապա քեմալական Թուրքիոյ կողմէ` 1894-էն մինչեւ 1915 եւ շարունակուելով մինչեւ 1923:
Բռնի տեղահանուած ընտանիքներէն փրկուածները, թուրք պետութեան կողմէ դաժանօրէն վտարուած իրենց բնօրրան հայրենի քաղաքներէն, գիւղերէն ու տուներէն, ցրուեցան աշխարհով մէկ, մեծամասնութիւնը` որբեր ու այրիներ, որոնց մէկ մասը առեւանգուեցաւ եւ վաճառուեցաւ թուրքերու, քիւրտերու կամ արաբներու: Փրկուածներուն մէջ ամբողջական ընտանիքները հազուագիւտ էին:
Այժմու սփիւռքահայերը Ցեղասպանութենէն ետք ծնած` երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ սերունդն են, որոնք, գոնէ` մեծ մասը, իրենց մօտիկ ազգականներէն տեղեակ չեն. առաջին, երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ զարմիկներ, որոնք տեղ մը կ՛ապրին, թերեւս նոյն քաղաքին մէջ, կամ` հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու: Հայրենիքէն ու բնական միջավայրէն հեռու` մեզմէ խլուած են նաեւ նախնիներու համայնքին, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն պատկանելու զգացումը եւ իրաւունքը:
Այս կարեւոր պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է փնտռէ իր նախնիները, պատրաստէ իր տոհմածառը, որքան որ կարելի է` դէպի հին ժամանակներ, վերակենդանացնելով եւ հաստատելով իր նախնիներուն հետ պատկանելիութեան զգացումը, վերապրած ընտանիքներուն հետ կապը եւ հայրենի քաղաքը, գիւղը, տունը եւ գործի ասպարէզը, որ դաժանաբար ընտանիքէն խլուած ու գողցուած է:
Ընտանեկան ծառը ուղղակի ներդրում մը կ՛ըլլայ Հայ դատին` ընտանիքը տեղաւորելով իր արդար ու հարազատ բնակավայրին ու միջավայրին մէջ` քաղաք, գիւղ, տուն, պարտէզներ, հողեր, խանութներ գործատեղիներ ու հաստատութիւններ: Ես կրցայ գտնել իմ հօրենական մեծ հօրս տունը Այնթապի մէջ, «Կուկըլ քարտէս»-ի միջոցով, երբ հանգուցեալ հայրս մատնացոյց ըրաւ մեր տունը Այնթապի համայնապատկերի մը մէջ, որ բարեբախտաբար կը հաստատուի նաեւ Գէորգ Յ. Պարսումեանի «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ Դաշնակցութեան 1898-1922» գիրքին մէջի ինքնապաշտպանութեան քարտէսով (3): Այս մասին երկու յօդուած գրած եմ «Ազդակ»-ին մէջ. «Հայութիւնը հողազուրկ դարձնող ցեղասպան Թուրքիայէն մեր ընտանեկան մասնակի իրաւունքներուն վերատիրանալու հօրս փորձը» 22 ապրիլ 2022-ին (4), եւ «Այնթապը, աքսորը, մնացողները, հերոսամարտը, «Արեւմուտքը» եւ «Կուկըլ աշխարհ»-ը 31 մարտ 2017-ին (5):
Ահաւասիկ այսպիսի հայերէն է Վահէ Կիւզէլիմեանը, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր հետաքննիչ ոստիկանի մը նման կ՛աշխատի իր ընտանեկան ծառին վրայ` մանրակրկիտ կերպով բացայայտելով իր մօտիկ եւ հեռաւոր զարմիկները, անոնց կիներն ու ամուսինները եւ զաւակները, իրենց ծննդեան եւ մահուան թուականներով, գտնուած վայրով եւ, հնարաւորինս, դիմանկարով: Ան յայտնաբերած է, որ ես իր չորրորդ հեռաւոր զարմիկն եմ, ահա այսպէս.
Ուրեմն տեսնենք, թէ Վահէն ինչպէ՞ս պատրաստեց իր ընտանեկան ծառը:
«Շնորհակալ եմ, Վահէ, սփիւռքահայ իրականութեան եւ Հայ դատին քու կատարած արժէքաւոր ներդրումիդ համար, պատրաստակամութիւն յայտնելով խօսելու քու, իրականութեան մէջ նաեւ ի՛մ ընտանեկան ծառին պատրաստութեան մասին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էր դրդապատճառը, որ քեզ մղեց աշխատանքի սկսիլ ձեր ընտանեկան ծառին վրայ:
ՎԱՀԷ ԿԻՒԶԷԼԻՄԵԱՆ.- 1995-ին, երբ ես հանգստեան կոչուեցայ, ընկերներս ըսին, որ պէտք է ընտանիք կազմեմ կնոջս` Ատելին հետ: Մենք չէինք ուզեր երեխաներ ունենալ, այնպէս որ, որպէսզի իրենց տաղտուկէն ազատիմ, ըսի, որ կրնայ ըլլալ 1972-ին ծնած դուստր մը ունիմ արդէն: Ըսին, որ պէտք է զայն գտնեմ համացանցին միջոցով: Ուստի գտայ անոր մայրը, բայց` ոչ աղջիկս: Աղջիկս գտնելու եւ իմ ընտանեկան ժառանգութիւնս հաստատելու համար որոշեցի պատրաստել ընտանեկան ծառս բոլոր այն մարդոց, որոնց հետ նոյն ծիները կը բաժնեկցիմ:
Հ.- Ընտանեկան ծառդ պատրաստելու աշխատանքին ե՞րբ սկսար:
Վ. Կ.- Նոյեմբեր 1995-ի շուրջ:
Հ.- Առաջին քայլդ ի՞նչ էր:
Վ. Կ.- Բոլոր մօտիկ ազգականներէս խնդրեցի ներկայացնել թուղթի վրայ արձանագրուած իրենց տոհմածառերը, օրագրերն ու կենսագրութիւնները, որոնք ունէին: Բախտաւոր էի, որ ստացայ քանի մը շատ մանրակրկիտ այդպիսի տոհմածառեր:
Հ.- Ո՞ր փուլին որոշեցիր երթալ մինչեւ վերջ եւ հնարաւորինս հնագոյն նախնիներ գտնել:
Վ. Կ.- Անմիջապէս, երբ առաջին թուղթի վրայ գրուած տոհմածառը ստացայ:
Հ.- Սկիզբէ՞ն սկսար օգտագործել տոհմածառի համակարգչային ծրագրեր, թէ՞ նախ թուղթի վրայ` սեւագրութիւններով սկսար:
Վ. Կ.- Սկիզբէն համակարգիչ օգտագործեցի: Երբե՛ք թուղթի վրայ չաշխատեցայ:
Հ.- Համակարգչային պատրաստութիւն` ենթահող ունի՞ս: Արդեօք գործի ասպարէզդ ի՞նչ է:
Վ. Կ.- 1983-էն արդէն համակարգչային պատրաստութիւն ունիմ, համակարգիչ գործածելու երեք գիրքեր գրած եմ: Ես գործատէր էի եւ իմ հիմնած ընկերութիւնս կը վարէի: 1995-ին հանգստեան կոչուեցայ:
Հ.- Առաջին անգամ ո՞ր ընտանեկան ծառի ծրագիրը` software գործածեցիր եւ այժմ ո՞ր ծրագիրը կը գործածես:
Վ. Կ.- Առաջինը` Family Tree Maker-ն էր: Վերջը` 1998-ի շուրջ, փոխանցում կատարեցի Reunion-ին, որ մի՛այն Էփըլի` Mac-ի վրայ կ՛աշխատի: Այժմ մի՛այն Reunion եւ ancestry.com կը գործածեմ: (Այս երեքը վճարովի են, եւ աւելի կատարեալ, սակայն կան նաեւ շատ մը ձրի ծրագիրներ, https://www.familysearch.org/en/family-tree/-ի նման, որ նաեւ կ՛օգտուի պետական տոմարէն եւ այլ ծառերէն – ՅՉ):
Հ.- Հայկական ազգագրական ընկերութիւններու, խումբերու հետ կապ հաստատեցի՞ր, եթէ` այո, որո՞նց հետ եւ օգտակար եղա՞ն անոնք:
Վ. Կ.- Սկիզբը` ոչ, քանի որ գոյութիւն չունէին: Սակայն կը հետեւիմ Դիմատետրի խումբերուն, օրինակ` Այնթապի հայերը, Armenians of Aintab-ին: Մեր գերդաստանին վերաբերեալ ցարդ որեւէ օգուտ չեմ քաղած այդ խումբերէն:
Հ.- Ե՞րբ որոշեցիր քու ծիներդ քննել, սկիզբէ՞ն, թէ՞ աշխատանքային որոշ փուլի մը:
Վ. Կ.- Ծինային` DNA քննութիւնս կանուխէն կատարեցի, 2008-ի սկիզբը, familytreedna.com-ի միջոցով: Ապա 23andme-ի եւ վերջապէս` ancestry.com-ի մօտ: Ծինային քննութեան ենթարկած եմ նաեւ ազգականներէս շատերը: Արդիւնքներուն մեծ մասը հրատարակած եմ gedmatch.com կայքէջին մէջ:
Հ.- Կրնա՞ս լուսաբանել, թէ ի՛նչ է ծինային քննութիւնը, քիչ գաղափար ունեցողներուն համար:
Վ. Կ.- Հիմնական քննութիւնը «autosomal DNA» կը կոչուի, որ կը քննէ ընդհանուր ծինային համապատասխանութիւնը` DNA match, առանց յայտնելու` հօրենակա՞ն է, թէ՞ մօրենական: Կրնաս նաեւ Y-DNA-ի քննութիւն կատարել, որ հօրենական իրար յաջորդող արու նախնիներուն հետքը կը գտնէ, եւ` mtDNA-ը, որ մօրենական քննութիւնն է, որ շատ աւելի հին ժամանակներ կ՛երթայ, քան` առաջինը: Բոլոր այս ընկերութիւնները կը գուշակեն ազգութիւնդ եւ կը հայթայթեն շարք մը նմանող, համապատասխանող անձերու անունները եւ տուեալները, ծիներուդ հետ ամենաշատ նմանութիւն ունեցողներու շարքով: Կարգ մը ընկերութիւններ` 23andme-ի եւ ancestry.com-ի նման, նաեւ կը յայտնեն որոշ ժառանգական հիւանդութիւններու վտանգի հակամէտ ըլլալդ:
Հ.- Ծինային քննութեանդ ամենակարեւոր արդիւնքը ի՞նչ էր:
Վ. Կ.- 2017-ին աղջիկս գտայ ancestry.com-ի միջոցով:
Հ.- Ծինային քննութիւնը օգնե՞ց, որ նոր ազգականներ գտնես:
Վ. Կ.- Այո՛, շա՜տ շատեր: Քննութիւնը օգնեց, որ գտնեմ ընտանիքիս շատ մը ճիւղերը, որոնք կորսուած էին: Կրցայ հազարաւոր անձեր աւելցնել, որոնց մասին երէց ազգականներս տեղեակ չէին: Այժմ շուրջ 7000 զարմիկներ ունիմ, որոնք ծինային ազգականներս են, կամ` անոնց կիներն ու ամուսինները:
(Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960-էն սկսեալ նորածինները ծինային քննութեան կ՛ենթարկուին պետութեան կողմէ (6)` որոշ հիւանդութիւններ կանխարգիլելու համար, կարգ մը նահանգներու մէջ` պարտադիր: Այս պատճառով ազգական գտնելը աւելի դիւրին է այնտեղ, թէեւ այդ արդիւնքները չեն հրապարակուիր – ՅՉ):
Հ.- Հայ եկեղեցւոյ տոմարները օգտագործա՞ծ ես:
Վ. Կ.- Այո՛, մանաւանդ` Գահիրէի եկեղեցւոյ:
Հ.- Գահիրէ՞ վերադարձար, որպէսզի եկեղեցւոյ տոմարները պրպտես:
Վ. Կ.- Ո՛չ, Գահիրէ չգացի, թէեւ իմ փափաք-ծրագիրիս մէջն է երթալ: Եգիպտոսի ազգականներս ըրին այդ մէկը եւ հայթայթեցին շարք մը տեղեկութիւններ:
Հ.- Կրցա՞ր օգտուիլ օսմանեան կամ թրքական արխիւներէն, եթէ` այո, ինչպէ՞ս:
Վ. Կ.- Ո՛չ:
Հ.- Այլ պետական արխիւներ օգտագործեցի՞ր` սուրիական, լիբանանեան, ամերիկեան եւ այլն:
Վ. Կ.- Ո՛չ: Միայն ծննդեան, ամուսնութեան եւ մահուան վաւերագրեր, որոնք գտայ ancestry.com-ի միջոցով: Անոնց աղբիւրը որեւէ երկրէ կրնայ ըլլալ, ներգաղթի առթիւ դիմումի, կամ` Ամերիկա մտնելու արձանագրութիւններուն մէջ:
Հ.- Այլ հրապարակուած (կամ ոչ) հայկական ընտանեկան ծառեր կայի՞ն, որոնք օգնեցին, որ նոր ազգականներ գտնես: Կրնա՞ս նշել քու ընտանեկան ծառիդ նմանները, որոնք համացանցով հասանելի են:
Վ. Կ.- Թուելու համար շա՜տ շատ են: Իմս ամենամեծն է եւ ամբողջականը, սակայն եթէ հայկական անուններ որոնես ancestry.com-ի մէջ, շատ մը ծառեր պիտի գտնես` այլ ծագումնաբաններու կողմէ հրապարակուած: Ահա իմ ancestry.com-ի էջս. https://www.ancestry.com/family-tree/tree/85353802/family?cfpid=34515883036 պէտք է անդամագրուիս, որ կարենաս դիտել, որ կարեւորութեամբ կը յանձնարարեմ:
Հ.- Այս չափազանց կարեւոր եւ բծախնդիր աշխատանքը կատարելէ ետք, յետադարձ հայեացքով, ինչպէ՞ս պիտի սկսէիր ընտանեկան ծառ մը կազմել: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաս այն մարդոց, որոնք իրենց տոհմածառը կ՛ուզեն կազմել:
Վ. Կ.- Նախ` հաւաքել բոլոր թուղթէ ընտանեկան վաւերագրերը, ընտանեկան Աստուածաշունչին մէջի արձանագրութիւնները, կենսագրութիւնները եւ այլն: Ամենակարեւորը` նախնիներուն մասին երէց անդամներուն վկայութիւնները արձանագրել ապագային համար: Նաեւ` երէց անդամները ծինային քննութեան ենթարկել, քանի որ անոնց ծիները աւելի ճշգրիտ են, քան` անոնց զաւակներունը: Անմիջապէս որ արդիւնքներ ստացուին, համակարգչային ծրագիրի մը մէջ մտցնել
ancestry.com-ի մէջ, կամ այլ ծրագիրով:
Հ.- Կ՛ուզե՞ս այլ բան աւելցնել:
Վ. Կ.- Ահա ընտանեկան ծառիս համացանցային կապը. www.guzelimiantree.com: Շնորհակալութիւն` այս հարցազրոյցին համար:
Հ.- Շատ շնորհակալ եմ Վահէ, այս արժէքաւոր տեղեկութիւններուն համար:
Ահա երկու յօդուածներ եւս Կիւզէլիմեան ընտանիքին մասին «Հետք»-ին եւ «Յուշամատեան»-ին մէջ.
https://hetq.am/hy/article/99429 , https://www.houshamadyan.org/arm/oda/americas/guzelimiancollection-ranchosantafe.html
Ահաւասիկ իմ գործնական օրինակս` «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր ընտանեկան ծառը եւ պապենական բնօրրանն ու տոհմը, տունը, Կիլիկիոյ կամ Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է փնտռէ, գտնէ եւ ամրագրէ առնուազն համացանցով» կրցայ իրականացնել «Կուկըլ» արբանեակային նկարի միջոցով, մեր տան եւ դիմացի կանգուն մնացած հին հայկական տունը վերեւ կը ներկայացնեմ: Նախախնամութեան զուգադիպութեամբ մը այս փողոցին մէջ մեր տունը այժմ նաեւ թիւ 24 թիւը կը կրէ, վերոնշեալ Պարսումեանին քարտէսին նման…
- https://www.aztagdaily.com/archives/617986
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2024/07/05/the-story-of-a-family-tree/
- «Պատմութիւն Այնթապի Հ.Յ. Դաշնակցութեան 1898-1922» խմբագրութեամբ Գէորգ Յ. Պարսումեանի, «Զաւարեան» Միութեան հրատարակութիւն, տպարան Տիգրիս, 1957, Հալէպ, էջ 272-273: Գիրքին փի տի էֆ-ը կարելի է ներբեռնել այստեղէն. https://docs.google.com/file/d/0B1uabD40syizOXo5cHNGZ01rbk0/edit
- https://www.aztagdaily.com/archives/544349
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2017/04/24/այնթապը-աքսորը-մնացողները-հերոսամարտ/
- http://edition.cnn.com/2010/HEALTH/02/04/baby.dna.government/index.html