«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի «ՓԵԹԱԿ»-Ը՝ ՅԱՋՈՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 36 Second

Ա.Ա.

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի պատանեկան «Փեթակ» ճամբարը հինգերորդ տարին ըլլալով կազմակերպուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ․ ժրաջան յանձնախումբին կողմէ, որ աւելի քան եօթը ամիս ծրագրումներէ եւ աշխատանքներէ ետք, այս տարի եւս մեծ յաջողութեամբ պսակեց ճամբարը։ Մասնակցեցան երեսուն պարմանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնք Ֆիլատելֆիա ժամանած էին Միշիկընէն, Նիւ Ճըրզիէն, Փենսիլվենիայէն, Մերիլէնտէն, Վիրճինիայէն, Մասաչուսեցէն եւ Քանատայէն։
Երկու շաբաթներու վրայ երկարող ճամբարին պատասխանատուները ունէին մէկ նպատակ։ Հաճելին օգտակարին միացնելով՝ մասնակիցներուն համար ստեղծել արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ տարրական ուսուցման նպաստաւոր պայմաններ, որպէսզի պարմանիներն ու պարմանուհիները ճամբարին առօրեայ գործունէութիւններուն ընթացքին լսեն եւ խօսին արեւմտահայերէն, արտայայտուին եւ հաղորդակցին իրենց մայրենի լեզուով։
Ճամբարին առօրեան կը սկսէր առաւօտեան ժամը 7-ին՝ զարթնումով, որուն կը յաջորդէր նախաճաշը։ Ապա դրօշակի արարողութիւն՝ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներու բարձրացմամբ։ Կարճ դադարէ մը ետք, հայկական պարի ուսուցում, որուն ընթացքին պարմաններն ու պարմանուհիները այնքան խանդավառօրէն կը պարէին հայկական պարեղանակներու կշռոյթով, ծափ տալով եւ կանչերով, կարծէք իսկական պարախումբ մը ըլլային։ Հայկական պարերու խանդավառ կշռոյթին տակ՝ պարերը եւ պարաքայլերը կը յաջորդէին իրարու, մասնակիցներուն հոգիներուն մէջ արթնցնելով հայկական ինքնութեան խոր զգացումներ, որոնք կը մնան անբացատրելի ու կը վարակեն բոլորը։ Նիւ Ճըրզիէն ժամանած պարմանին (որ հայկական դպրոց չի յաճախեր) կը պարէ այնքան խանդավառօրէն եւ եռանդով։ Ասիկա ապահով գրաւականն է, որ գալ տարի դարձեալ պիտի մասնակցի ճամբարին, հաստատօրէն շարունակելով հինգ տարի առաջ սկսած աւանդութիւնը։
Մարզանքին կը յաջորդէ հայերէնի դասաւանդութեան պահը։ Հոս է, որ յանձնախումբը շատ կոկիկ եւ նպատակայարմար յայտագիր մը մշակած է, որպէսզի «Շահան Նաթալի»,
«Արամ Մանուկեան», «Սօսէ Մայրիկ» եւ «Թաթուլ Կրպէյեան» խումբերու բաժնուած պարմանիներն ու պարմանուհիները հեզասահօրէն ընտելանան իրենց մայրենիին՝ արտայայտուին ու խօսին արեւմտահայերէն։ Դասերը խորքին մէջ աւանդական ձեւով չեն փոխանցուիր։ Իւրաքանչիւր պահ կը վերածուի իսկական վայելքի՝ ոճի եւ դասաւանդման եղանակի իւրայատկութիւններով։
Ապա Համազգայինի «Փեթակ»-ին մեղուները ժրաջանօրէն կը փոխադրուին աշխատավայր, ուր զիրենք կը սպասէ դասախօսը։ Նիւթը կը փոխանցուի, սրամտութիւնները անպակաս կ՛ըլլան, աշխատանքին կապակցաբար մասնակիցները իրենց աշխատանքով կ՛ամբողջացնեն փոխանցուած նիւթը՝ հայկական շարոցները կը պատրաստուին եւ կը կախուին չորնալու համար։ Ամէն ոք ուրախ ու գոհ է, որ պատրաստեց իր շարոցը, որ չորնալէն երեք օր ետք պիտի համտեսէ։ Պահին վերջաւորութեան ամէն ոք՝ պատասխանատուներ, դասախօս եւ մասնակիցներ չափազանց ուրախ են, որովհետեւ անգամ մը եւս նպատակը իրագործուած է։
Ճաշէն ետք, «Փեթակ»-ի տղաքն ու աղջիկները կը մասնակցին երկրորդ աշխատանքին, որ հայկական նիւթերու մատուցում, ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում եւ հետաքրքրական նիւթերու ներկայացում է։ Ամէն ոք խոր հետաքրքրութեամբ կը հետեւի նիւթին, նօթեր կ՛առնէ, հարցումներ կը պատրաստէ եւ այս բոլորը՝ արեւմտահայերէնով։
Երեկոյեան «Փեթակ»-ին մեղուները իրենց օրը կ՛եզրափակեն աշխատանքի մը ներկայացմամբ։ Մեր հոն գտնուած օրը ներկայացման նիւթերը խումբերուն անուններուն տէրերուն կեանքին եւ ծաւալած գործունէութեան կը վերաբերէր։ Խումբերը լաւապէս պատրաստած էին Շահան Նաթալիի, Արամ Մանուկեանի, Սօսէ Մայրիկի եւ Թաթուլ Կրպէեանի կեանքերուն եւ գործունէութիւններուն մասին յատկանշական ներկայացումներ, որոնք դատական կազմին ներկայացուեցան եւ իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ իր նիշը՝ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւելով։ Աւարտին ամէն ոք ուրախ եւ գոհ էր, որ կարելի եղաւ գլուխ հանել այս աշխատանքը։
Օրը իր աւարտին հասած է։ Մասնակիցները կը քաշուին իրենց սենեակները՝ իրարու հետ քիչ մը շատախօսելու եւ ապա քնանալու համար։Օրը ամբողջացած էր խինդով, մարզանքով, պարով, լողալով, աշխատելով եւ ներկայացնելով։ «Փեթակ»-ի ժրաջան մեղուները հանգիստի մտած էին։ Իսկ պատասխանատուները գոհ էին, որ օր մը բեղուն օր մը եւս կ՛աւելնար ճամբարին օրագրութեան մէջ։ Վաղը նոր օր, նոր ծրագիրներ եւ աշխատանքներ, երբ մեղուները արթննան։ Վարձքը կատար բոլորին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles