Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի 33-րդ խաղերուն Հայաստան շահեցաւ արծաթէ մետալ մը, շնորհիւ յունահռոմէական ոճի (97 քլկ.) ըմբշամարտիկ Արթուր Ալեքսանեանի, որ աւարտական մրցումին, 4-1 հաշիւով պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակից՝ Մոհամատատի Սարաւիէն։
32 տարեկան վեթերան Ալեքսանեան արդէն իսկ միացած է հայ մարզական առասպելներուն, որոնք Ողիմպիական խաղերուն չորսական մետալներ շահած են:
Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականի այլ անդամ մը, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան (77 քլկ.) տիրացաւ պրոնզէ մետալի, երրորդ դիրքի համար մրցումին յաղթելով իր մրցակիցին՝ Ուզպեքիստանը ներկայացնող հայազգի Արամ Վարդանեանին…։
Ամոյեան կիսաւարտականին 3-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր ճափոնցի Նաօ Քուսաքայէն:
Իսկ Սլաւիկ Գալստեան 67 քլկ. կշիռի մրցումներուն պարտութիւն մը կրելով, չկրցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալին: