ԸՆԿ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 58 Second

 

ԸՆԿ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր ներշնչուած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն:
Հազիւ ամիս մը ետք, Օգոստոս 9, 2024-ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Քովիտ)։
Ծնած 1943-ին՝ Պէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, 1956-1963։ Ուսումը շարունակած Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով, աւարտած Սորպոնի համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978 թուականին։
Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, ան ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարի՝ 1964-էն 1984, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ «Նշան Փալանճեան Ճեմարան, «Հայկազեան» Համալսարան եւ «Համազգային»-ի Հայագիտական Հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։
Երիտասարդ տարիքէն Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն միացած, ընկեր Քիւրքճեան ամէնայն բծախնդրութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է:
Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում ունեցած է նաեւ ուրիշ հեղինակներու գրական գործերուն մէջ, իբր սրբագրիչ եւ թարգմանիչ:
Պատրաստած եւ բազմիցս հրատարակած է Միջնակարգի եւ Երկրորդականի՝ հայերէն իբր մայրենի լեզու եւ հայ գրականութեան, դասագիրքերու շարքեր․ կը գործածուին Սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարաններէն․-
«Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքերու շարք, Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեանի հետ, (Աթէնք)։ «Նոր քերականութիւն հայերէն լեզուի» (արեւմտահայերէն): «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքերու շարքին զուգահեռ վարժութիւններու տետրակներ։
«Մեր Լեզուն», (Լոս Անճելըս)։
«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» 1 եւ 2, Երկրորդականի աշակերտներու համար (Աթէնք – Պէյրութ 2005)
«Հայրենի Աղբիւրի Գրադարան»
Պատրաստած է պատանիներու ուղղուած, խտացուած վիճակով, հայ գրականութենէն ծանօթ գործերու գրքոյքներու շարք մը։
Հեղինակած ու բազմիցս հրատարակած է հայերէնի ուսուցման երկլեզու մեթոտներու շարք՝
«Ձեռնարկ հայերէն լեզուի»․ Ֆրանսախօսներու ուղղուած, հայերէնի ինքնուղոյց դասընթացք (1972, Պէյրութ)։ Այս աշխատութիւնը վերահրատարակուած է՝ «Parev» (Բարեւ) խորագրով, հովանաւորութեամբ Փոմփիտու կեդրոնի, Փարիզ, (1988, 1992) եւ անգլերէնով (1982)։
Լսողական-գործնական մեթոտ հայերէն լեզուի (Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն, լրիւ ձայնագրուած) 1990-ին։
«L’Armenien Global» երկլեզու մեթոտ, (Փարիզ, 2020)։
Յարութիւն Քիւրքճեան հեղինակն է բառարաններու՝
«Գործնական բառարան ֆրանսերէն-հայերէն» (Dictionnaire pratique franջais-armռnien) բառարանին (1976, 1998)։
«Գործնական բառարան ֆրանսերէն-հայերէն, հայերէն-Ֆրանսերէն» (Dictionnaire pratique franջais-armռnien, armռnien-franջais) երկլեզու բառարանին (2000, 2010)․ Գրիգոր Շահինեանին հետ գործակցաբար։
Մենագրութիւններաւ շարքին․-
«Փորձ Տարա-Գրութեան մասին – Essai sur l’exil» հաւաքածոյ, (Փարիզ 1978),
«Սփիւռք եւ Ինքնացում», Մատենաշար ԲԱԳԻՆի, (2022)։
Յարութիւն Քիւրքճեանի այս աշխատասիրութիւնները լոյս տեսած են նաեւ, պարբերական մամուլի մէջ։
Քիւրքճեան հեղինակած է հետեւեալ քաղաքական աշխատութիւնները․-
«Ուրուագիծ Հ. Յ. Դ. պատմութեան 1919-1924 հնգամեակի» (Աթէնք՝ 1988)։
«Գաղափարագրութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան»: Ա. Հատոր (Աթէնք․ Հրատ. Հ.Յ. Դաշնակցութեան, 1990-1995)։
«Պատմագրութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան». քառահատոր շարք: Հատոր Ա. 1890-1898, Հատոր Բ. 1898-1905, Հատոր Գ. 1906-1918, Հատոր Դ. 1918-1992․ (Հրատ. Հ.Յ.Դ․, 1990-1995)։
«Քրիստափոր Միքայէլեան: Նահատակութեան 100 ամեակ (1905-2005)»․ (2005, Սոֆիա)։
Գրականութեան ոլորտէն ներս, ան կատարած է Յակոբ Օշականի վէպերուն խմբագրական հսկայական աշխատանքը, նաեւ հրատարակած է․-
«Ծաղկաքաղ սփիւռքահայ գրականութեան» (2009, Պէյրութ, Վահէ Սէթեան տպարան)։
«Լեռ Կամսար, Մարդը Գործին Մէջէն» (Մարտ 2021, ԱՐԱՍ հրատարակչատուն, Պոլիս)։

***

ՄԱՀԱԶԴ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կը գուժէ վաստակաւոր մտաւորական, գրագէտ, գրականագէտ, Հ.Յ.Դ. գաղափարական տեսաբան եւ պատմագիր, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասագիրքերու հեղինակ

ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի
մահը, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Մեր ցաւակցութիւնները ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։

***

«Համազգային» հայ կրթական ու մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթի խմբագրութիւնը կը գուժէ իր խմբագրական խորհուրդի անդամներէն, «Բագին»-ի երկարամեայ աշխատակից, սփիւռքահայ վաստակաշատ մտաւորական եւ կրթական մշակ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին:

***

«Համազգային»-ի Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1963-ի շրջանաւարտներէն՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles